Լիբանանի «Արցախֆոնդ» հիմնադրամի «Նոր կեանք, նոր յոյս» ծրագիրը միտուած է ԱՀ կառավարութեան օժանդակելու վերաբնակեցման քաղաքականութեան:
Այս մասին, ըստ Artsakhpress.am-ի, ըսած է ԱՀ աշխատանքի, հասարակական հարցերու եւ վերաբնակեցման նախարարութեան վերաբնակեցման եւ գաղթականութեան բաժինի պետ Էլինա Մխիթարեանը՝ մանրամասնելով, որ ծրագիրին միջոցով վերաբնակեցուող բնակավայրերուն մէջ մշտական բնակութիւն հաստատած ընտանիքներուն՝ սեփական միջոցներով կենսապահովման խնդիրները լուծելու համար՝ ընտանիքի մէջ ծնած երրորդ եւ յաջորդ երեխաներու պարագային կը տրամադրուի 150 000 ՀՀ դրամ արժող խոշոր եւ մանր եղջերաւոր անասուններ, մեղուափեթակներ:
Մեր զրուցակիցին խօսքով՝ գործարկման պահէն (2007) մինչեւ այսօր, ծրագիրէն օգտուած են 3 եւ աւելի երեխայ ունեցող 1153 ընտանիքներ, ի դէպ՝ ծրագիրին ընդհանուր արժէքը այս տարիներուն ընթացքին կազմած է աւելի քան 190 միլիոն ՀՀ դրամ։
«Եթէ 2017 թուականի ընթացքին օգտուելու համար հաշուառուած էր 171 ընտանիք, ուստի 2018 թուականի առաջին եռամսեակի դրութեամբ այդ ընտանիքներուն թիւը հասած է 263-ի, որոնք նախատեսուած օգնութիւնը պիտի ստանան 2018 թուականի երկրորդ կիսամեակին Լիբանանի Հանրապետութենէն ժամանած «Արցախֆոնտ»-ի ներկայացուցիչներուն կողմէ: Անհրաժեշտ է նշել, որ նման ցուցանիշները կը խօսին մէկ կողմէն այդ ծրագրի արդիւնաւէտութեան, միւս կողմէն՝ ծրագիրի թափանցիկութեան ու անոր հանդէպ վստահութեան մասին»,- նշած է Է. Մխիթարեանը: