Թուրքիոյ մէջ եղած երկրաշարժը զգացուած է նաեւ Երեւանի մէջ

ՀՀ արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան Երկրաշարժի պաշտպանութեան տարածքային ծառայութեան երկրաշարժագիտութեան ցանցին կողմէ Մայիս 6-ին, տեղական ժամանակով ժամը 22:18-ին արձանագրուած է հիւսիսային լայնութեան 39.810 եւ արեւելեան երկայնութեան 43.170 աշխարհագրական տուեալներով (Թուրքիա, Աղրի քաղաքէն 18 քմ հիւսիս-արեւելք), օճախի 10 քմ խորութեամբ, 4.1 աստիճանով երկրաշարժ: Այս մասին կը տեղեկացնեն ԱԻՆ-էն։

Ստորգետնեայ ցնցման ուժգնութիւնը կեդրոնը կազմած է 5-6 բալ: Կեդրոնի հեռաւորութիւնը ՀՀ պետական սահմանէն կը կազմէ 80-85 քմ: Երկրաշարժը զգացուած է Երեւանի մէջ՝ 2-3 բալ ուժգնութեամբ: