Հայաստանի հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Արա Բաբլոյեան հանդէս եկած է յայտարարութեամբ:
ՀՀ ԱԺ հանրային կապերու վարչութեան տեղեկութիւններով, յայտարարութեան մէջ նշուած է. «Ազգային ժողովի պատգամաւոր Աղուան Վարդանեան 3 Մայիս 2018-ին, հրաժարականի դիմում ներկայացուցած է:
«Ազգային ժողովի կանոնակարգ» սահմանադրական օրէնքի 155-րդ յօդուածին համաձայն՝ եթէ հրաժարականի հրապարակումէն ետք՝ մէկ շաբթուան ընթացքին, պատգամաւորը գրաւոր դիմումով ետ կը վերցնէ հրաժարականի մասին իր դիմումը, ուստի Ազգային ժողովի նախագահը այդ մասին հանդէս կու գայ յայտարարութեամբ, եթէ ետ չի վերցներ հրաժարականի մասին իր դիմումը, ուստի անոր լիազօրութիւններու դադրեցման մասին կը կազմուի արձանագրութիւն, որ կը ստորագրէ եւ կը հրապարակէ Ազգային ժողովի նախագահը: Արձանագրութեան հրապարակման պահէն հրաժարականը կը համարուի ընդունուած»:
Յիշեցնենք, որ Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան 1 մայիսին, խորհրդարանի մէջ վարչապետի ընտրութեան համար հրաւիրուած յատուկ նիստին ընթացքին յայտարարեց, որ պիտի չմասնակցի վարչապետի պաշտօնին Նիկոլ Փաշինեանի ընտրութեան քուէարկութեան: Վարդանեան ընդգծեց, որ կը ներկայացնէ կուսակցութիւն եւ խմբակցութիւն, որ կողմ քուէարկելու որոշում ունի, ուստի պատրաստ է վար դնելու իրաւագիրը, եթէ կուսակցութիւնը այդպէս պահանջէ:
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինը, նոյն օրը յայտարարութիւն տարածեց, որ Աղուան Վարդանեանի հնչեցուցած տեսակէտը անձնական որոշում է եւ չի համապատասխաներ ՀՅԴ պաշտօնական դիրքորոշման: «Կատարուած է կարգապահական կոպիտ խախտում, որ պիտի դառնայ քննութեան նիւթ: Ըստ այդմ, ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ-ն կը պահանջէ Աղուան Վարդանեանէն՝ վաղաժամ վար դնել պատգամաւորական իրաւագիրը»,- ըսուած էր ՀՅԴ ԳՄ յայտարարութեան մէջ: