Սերժ Թանքեան. «Ես ձեր նման` տարիներով կ’երազէի այս օրը, եւ լիովին կը հպարտանամ ձեր կողքին կանգնելով»

Աշխարհահռչակ ռոք երաժիշտ Սերժ Թանքեան, որ Երկուշաբթի՝ 7 Մայիս 2018-ի երեկոյեան ժամանեց Երեւան, կարճատեւ ելոյթ ունեցաւ իր դիմաւորման համար Հանրապետութեան հրապարակի վրայ տեղի ունեցած հանրահաւաքի ընթացքին:

«Իմ սիրելի, յաղթական ժողովուրդ` մեր ազատ, անկախ եւ երջանիկ Հայաստանի: Շատ կը ներէք, որ քիչ մը ֆիզիկապէս ուշացայ այս գեղեցիկ յեղափոխութենէն, բայց հաւատացէք, որ վերջին երկու-երեք շաբաթը հոգեպէս եղած եմ այստեղ, ձեզի հետ: Եւ ոչ միայն ես, այլ բոլոր սփիւռքահայութիւնը», – «Ազատութեան» փոխանցմամբ՝ յայտարարեց աշխարհահռչակ երաժիշտը` շնորհակալութիւն յայտնելով հայաստանցիներուն` «որ կրցաք ձեր խաղաղ ցոյցերով ստեղծել հայ ազգի պարծանքին արժանի հայրենիք»:

Սերժ Թանքեան փաստեց` ամբողջ աշխարհը «ձեզի կը նայի՝ իբրեւ դրական օրինակի: – «Երգով, պարով ու ժպիտով հասաք ձեր նպատակին», – աւելցուց ան, – «Աշխարհը տարիներ շարունակ մեզ կը ճանչնայ ցեղասպանութեամբ, երկրաշարժով եւ պատերազմով, բայց այժմ` այս շարժումով, դուք բարձրացուցիք մեր ամբողջ հայ ժողովուրդի վարկանիշը: Ես ձեզի նման` տարիներով կ’երազէի այս օրը, եւ լիովին կը հպարտանամ ձեր կողքին կանգնելով»:

Յիշեցնենք, աշխարհահռչակ երգիչը վերջին շրջանին պարբերաբար ուղերձներով հանդէս կու գայ Հայաստանի մէջ ծաւալուող իրադարձութիւններու առիթով` ողջունելով ժողովրդական շարժումը:

Իր ուղերձներէն մէկուն մէջ Թանքեան խոստացած էր շուտով Հայաստան ըլլալ: