Հայաստանի երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Հանրապետական կուսակցութեան յետագայ իշխանավարման դէմ պայքարը գլխաւորող Ազգային Ժողովի ընդդիմադիր «Ելք» խմբակցութեան ղեկավար Նիկոլ Փաշինեան ընտրուեցաւ Հայաստանի վարչապետ:
Երեքշաբթի՝ 8 Մայիս 2018-ին, Ազգային ժողովի յատուկ նիստի ընթացքին Փաշինեանի կողմ քուէարկեց 59, դէմ` 42 պատգամաւոր:
Առաջադրուած միակ թեկնածուն Նիկոլ Փաշինեանն էր: Անոր կը սատարէին Ազգային ժողովի ՀՅԴ, «Ելք», «Ծառուկեան» դաշինք խմբակցութիւնները։ խորհրդարանական մեծամասնութիւնը` Հանրապետական խմբակցութիւնը, որոշեց օժանդակել Փաշինեանի ընտրութեան:
Նոյն օրը աւելի ուշ Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան ստորագրեց հրամանագիր Նիկոլ Փաշինեանին վարչապետ նշանակելու մասին:
Ազգային ժողովի նիստէն ետք Հանրապետութեան հրապարակ մեկնած նորընտիր վարչապետը՝ հաւաքուած բազմութեան առջեւ ելոյթ ունենալով ըսաւ․ «Յաղթանակը այն չէ, որ ես ընտրուած եմ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ, յաղթանակը այն է, որ դուք որոշած էք, թէ ով ըլլայ ՀՀ վարչապետ։
«Կապ չունի, թէ ով կ’ըլլայ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ: Այսօր եւ ասկէ ետք միայն մէկ ենթակայ իրաւունք ունի որոշելու, թէ ով ըլլայ վարչապետ, եւ այդ անձը Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացին է: Պետական պաշտօնը` նախագահ, վարչապետ, ԱԺ նախագահ, նախարարներ, ատոնք ընդամէնը կը ծառայեն ժողովուրդին, եւ ասկէ ետք ժողովուրդը պէտք է հոգ տանի, որ անոնք ազնիւ եւ անմնացորդ ծառայեն ժողովուրդին, հակառակ պարագային ժողովուրդը պէտք է ընէ իր քայլը, այնպէս ինչպէս ըրաւ 2018-ի Ապրիլին:
«Եւ ուրեմն ստանձնելով Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնը կը յայտարարեմ` կը ծառայեմ հայ ժողովուրդին, կը ծառայեմ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներուն, կը ծառայեմ Արցախի Հանրապետութեան, կը ծառայեմ Հայաստանի Հանրապետութեան: Եւ ուրեմն` կեցցէ՛ ազատութիւնը, կեցցէ՛ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, կեցցե՛նք մենք եւ մեր երեխաները, որ արդէն իսկ կ’ապրին ազատ եւ երջանիկ Հայաստանի մէջ»: