Թուրքիոյ քրտական «Ժողովուրդներու դեմոկրատական» կուսակցութեան հայ փոխնախագահ Կարօ Փայլանը Հայաստանի նոր վարչապետի ընտրութեան առիթով շնորհաւորած է հայ ժողովուրդը։
«Հայ ժողովուրդը յաղթեց ժողովրդավարութեան համար պայքարին իբրեւ արդիւնք։ Կը շնորհաւորեմ, հերթը մերն է»,- գրած է Կարօ Փայլան Twitter-ի իր էջին վրայ։