Հայաստանի մէջ ներքաղաքական վերջին իրադարձութիւններէն ետք Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի նկատմամբ միջազգային հանրութեան վերաբերումը տասն անգամ աւելի բարձր է, քան ասկէ մէկ ամիս առաջ: Ըստ «Արմէնփրէս»-ի Յաղթանակի զբօսայգի մէջ լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի ժամանակ այս մասին ըսած է ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեան:
«Պէտք է հպարտ ըլլալ այսօրուայ Հայաստանով: Հպարտ, որովհետեւ կրցանք ընել այնպիսի բան, որ որեւէ ուրիշ երկիր կամ պետութիւն վերջին տարիներուն, տասնամեակներուն չէ կրցած ընել: Անիկա յեղափոխութիւն է հայկական ձեւով, ուր մարդիկ յեղափոխութիւն կ’ընեն առանց ընդհարումներու, ծաղիկներով եւ ժպիտով, ուրախութեամբ եւ փուչիկներով»,-ըսած է ան:
Լրագրողի այն հարցին, հանդիպած է արդեօք Արմէն Սարգսեանը Հանրապետութեան երրորդ նախագահի հետ, Արմէն Սարգսեան պատասխանեց, որ թէյ խմած է Սերժ Սարգսեանի հետ: «Սերժ Սարգսեանի հետ հանդիպած եմ մի քանի օր առաջ, քննարկած եմ իրավիճակը, միասին թէյ խմած ենք», – ըսած է Արմէն Սարգսեան:
Ան շնորհաւորեց նաեւ լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչները՝ նշելով, որ լրատուական դաշտը եւս լուրջ ներդրում ունի այս փոփոխութիւններու մէջ: «Ոչ միայն ես, այլ ամբողջ աշխարհը կը գնահատէ անիկա: Մենք պէտք է այդ ողջ դրական ներուժը, եռանդը ներդնենք, որպէսզի մեր երկիրը կառուցուի եւ դառնայ աւելի լաւ», – նշեց ան:
ՀՀ չորրորդ նախագահը վստահեցուց, որ հայրենադարձութիւն անպայման պիտի ըլլայ: «Ոեւէ հայու հայրենիքը այստեղ է: Ես կը տեսնեմ՝ վերադարձ արդէն կայ, ամէն ինչ կախուած պիտի ըլլայ մեզմէ: Եթէ որոշ ժամանակ անց այդ դրական ներուժը ըլլայ եւ երկիրը առաջ երթայ, եթէ դրական քայլերը ըլլան, ապա կը կարծեմ, որ վերադարձ անպայման պիտի ըլլայ», -աւելցուց նախագահը: