Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» Մատենադարանը եւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը, Մայիս 22-ին, կը հրաւիրեն գիտաժողով` նուիրուած Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Մայիսեան հերոսամարտերու 100-ամեակին` «Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան եւ Հայ Եկեղեցւոյ ու Հոգեւորականութեան Դերակատարութիւնը Հայոց Պետականութեան Կայացման Գործին մէջ (1918-2018թթ.)» խորագիրով:
Գիտաժողովը տեղի պիտի ունենայ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» մատենադարանին մէջ:
Զեկուցումները պիտի հրատարակուին «էջմիածին» ամսագիրին մէջ եւ առանձին ժողովածուով: