Ատրպէյճանական «Ազերի Տիֆենս» կայքի տուեալներով՝ Մայիս 29-31-ին, Կարսի մէջ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի զինուած ուժերու համատեղ մարտավարական զօրավարժութիւն տեղի պիտի ունենայ: Ատրպէյճանէն կը մասնակցին Նախիջեւանի առանձին համազօրային բանակի ստորաբաժանումներ: Ըստ ատրպէյճանական կայքին՝ Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած «Քֆես-2018» զօրավարժութեան ընթացքին, այս մասին իրենց փոխանցած է Թուրքիոյ Զինեալ Ուժերու ներկայացուցիչներէն մէկը:
Թուրքիոյ Զինեալ Ուժերու գլխաւոր շտապի կայքը, ինչպէս նաեւ պետական այլ պատասխանատու մարմիններ, առայժմ զօրավարժութեան մասին որեւէ տեղեկութիւն չեն փոխանցած:
2018-ի Փետրուարին Թուրքիոյ Զինեալ Ուժերու ԳՇ կայքը միայն յայտնած է, որ Ապրիլէն մինչեւ Յունիս 13 ժամանակահատուածին իրենք վարժանքներ պիտի իրագործեն Կարսի «Աքպապա» զօրավարժարանի տարածքին: Հետեւաբար, զօրավարժութեան իրականացման հնարաւորութիւնը առայժմ բացառելի չէ:
Աւելցնենք, որ Կարսի մէջ Ատրպէյճան եւ Թուրքիա ձմեռնային զօրավարժութիւն իրագործած են 2014-ին: Նաեւ 2017 Յունիսին Նախիջեւանի մէջ տեղի ունեցած էր Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու համատեղ զօրավարժութիւն:
Նշենք, որ Ատրպէյճանի զինուժը արդէն իսկ կը մասնակցի Թուրքիոյ մէջ շուրջ մէկ ամիս տեւող «Էֆես-2018» միջազգային զօրավարժութեան: Վարժանքներուն ընդհանուր առմամբ կը մասնակցին 7500 զինծառայող, որոնցմէ 950-ը՝ Ատրպէյճանէն, ԱՄՆ-էն, Վրաստանէն եւ 21 այլ երկիրներէ: Զօրավարժութեան ընթացքին հետեւելու համար Թուրքիա մեկնած էր նաեւ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովը: