Սփիւռքի Նախարարն Ընդունեց Գերաշնորհ Տէր Նաթան Արք. Յովհաննիսեանը

Մայիս 16-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան ընդունեց Մայր Աթոռի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժինի տնօրէն Տ. Նաթան արքեպիսկոպոս Յովհաննիսեանը:

Ողջունելով հիւրը` Սփիւռքի նախարարը կարեւոր համարեց պետութեան եւ եկեղեցւոյ միջեւ առկայ սերտ կապերու պահպանումն ու զարգացումը: «Հայաստանում տեղի ունեցած յեղափոխութիւնն իր տեսակի մէջ եզակի էր, խաղաղ ու անցնցում: Սա արձանագրեց նաեւ ողջ աշխարհը: Հանրութիւնը անցումային այս փուլում մեզնից մեծ սպասելիքներ ու ակնկալիքներ ունի: Շատ ուրախ եմ, որ Ձեր պետական մտածելակերպով մեր կողքին էք, եւ վստահ եմ, որ եկեղեցու հետ մեր փոխյարաբերութիւնները մեծ ապագայ ունեն»,-նշեց Մխիթար Հայրապետեանը:

Շնորհաւորելով նորընտիր նախարարը պաշտօնը զբաղեցնելու առթիւ` Գերաշնորհ Տէր Նաթան արք. Յովհաննիսեան ընդգծեց, որ Մայր Աթոռը մշտապէս սերտ համագործակցած է Սփիւռքի նախարարութեան հետ, եւ այդ համագործակցութիւնը պիտի շարունակուի ու խորանայ: «Ես բարձր կը գնահատեմ երիտասարդութեան դերը: Ուրախ եմ Ձեզ այստեղ տեսնել: Մարդուն օժտուածութիւնը ի վերուստ կը տրուի, իսկ տարիքը միայն յղկում է զայն: Վստահ եմ` Ձեր օժտուածութեամբ կը նպաստէք մեր երկրի բարօրութեան»,-ընգծեց ան:

Հանդիպման աւարտին քննարկուեցան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ մայիս 22-ին կայանալիք «Հայաստանի Հանրապետութեան եւ հայ եկեղեցւոյ դերակատարութիւնը հայոց պետականութեան կայացման գործին մէջ» խորագիրով գիտաժողովին առնչուող հարցեր:

Գիտաժողովը նուիրուած է Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Մայիսեան հերոսամարտերու 100-ամեակներուն: