Ստեփանակերտ-Շուշի Ճոպանուղիի նախագծային աշխատանքը իր աւարտին կը հասնի

Մայիս 16-ին, 2017-ի պետական պիւտճէի կատարման հաշուետուութեան քննարկումներուն ընթացքին, Արցախի պետական նախարար Արայիկ Յարութիւնեան յայտնեց, որ 2016-էն ի վեր, Արցախի Հանրապետութեան կառավարութեան կողմէ քննարկուող Ստեփանակերտ-Շուշի ճոպանուղիի կառուցման ծրագիրի նախագծային աշխատանքը իր աւարտին հասած է:

«Համոզուած եմ, որ այդ ծրագիրը կեանքի պիտի կոչուի: Ստեփանակերտ-Շուշի ճոպանուղին պիտի հանդիսանայ ոչ միայն որպէս փոխադրամիջոց, այլ զբօսաշրջութեան խթանման համար լուրջ գործօն», յայտնեց Յարութիւնեան՝ նախագիծը Ազգային ժողովին ներկայացնելու ընթացքին եւ նշեց, որ ճոպանուղիի կառուցման զուգահեռ, Շուշիի մէջ կը նախատեսուի ունենալ նաեւ հանգիստի գօտի: