ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ Կ’ԸՆԴՈՒՆԻ ԹԷՔԷԵԱՆ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

Ուրբաթ՝ Մայիս 18-ին, սփիւռքի նորանշական նախարարը՝ Մխիթար Հայրապետեան իր պաշտօնավայրին մէջ ընդունեց Թէքէեան Մշակութային Միութեան Ամերիկայի եւ Քանատայի Կեդրոնական Վարչութեան պատուիրակութիւնը, որ կը բաղկանար Երուանդ Ազատեանէ, Յակոբ Վարդիվառեանէ եւ Գէորգ Մարաշլեանէ։

Պատուիրակութեան անդամները ջերմօրէն շնորհաւորեցին երիտասարդ նախարարը եւ զեկուցեցին անոր Միութեան ընդարձակ ծրագիրներուն մասին՝ Հայաստանի մէջ թէ Սփիւռքի տարածքին։

Խորհրդակցութիւնը կայացաւ նաեւ Սփիւռքի նախարարութեան անցեալի գործունէութեան եւ ապագայ ծրագիրներուն շուրջ։ Յատկապէս քննարկուեցան հայրենադարձութեան հնարաւորութիւններն ու հաւանական ծրագիրները։

Շնորհիւ նախարարին ջերմ եւ անմիջական բնաւորութեան՝ հանդիպումը կայացաւ արտակարգօրէն ջերմ եւ գործնական մթնոլորտի մէջ։