Հայաստանը փոքր պետութիւն է, բայց համաշխարհային ազգ, հետեւաբար պէտք չէ անտեսել ստեղծուած հնարաւորութիւնը՝ հայութեան ներուժը Հայաստանին ծառայեցնելու համար: Ըստ Armenpress.am-ի՝ այսպիսի տեսակէտ արտայայտած է ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեան, Մայիս 20 լոյս 21-ին ուղիղ տեսակապով ելոյթ ունենալով Լոս Անճելըսի մէջ ընթացող Հարաւային Քալիֆորնիայի համալսարանի Հայկական ուսումնասիրութիւններու ուսումնարանի «Հայաստանը վաղը․ քաղաքացիական դիւանագիտութիւնը՝ գործողութեան մէջ» քննարկման:
Անդրադառնալով Հայաստանի վերջին ներքաղաքական զարգացումներուն՝ նախագահը բացառիկ եւ հրաշալի որակած է խաղաղ ցոյցերով, սեփական տեսակէտներն ու համոզումները արտայայտելու միջոցով քաղաքական համակարգ փոխելու հնարաւորութիւնը Հայաստանի մէջ: «Կը կարծեմ իբրեւ հայեր պէտք է հպարտանանք այն ամէնով, ինչին հասանք 2018 Ապրիլ-Մայիսին։ Ի հարկէ, ասիկա կը ստեղծէ մեծ ակնկալիքներ ամբողջ աշխարհի մէջ, ոչ միայն երիտասարդ հայերու ծիրէն ներս: Բայց առաջին հերթին երիտասարդ հայերուն կը ստիպէ հաւատալ, որ իրենք են տէրը այս երկրի, ապագայի, արժէքներու եւ ժառանգութեան: Երկրորդն ալ շատ կարեւոր է քաղաքացի ըլլալու, ապագայի համար պատասխանատու ըլլալու զգացումը»,- ընդգծած է Արմէն Սարգսեան:
Նախագահը ըսած է, թէ երբ իրեն առաջարկեցին դառնալ նախագահ, ինքը կը մտածէր, որ ունի 7 տարի տարբեր քննարկումներու, մարդոց քաջալերելու միջոցով հասնելու այն բանին, որ մարդիկ իրենց քաղաքացի զգան՝ ազատօրէն կարծիք արտայայտելու, սեփական հաւատալիքներու համար պայքարելու մղումով, որպէսզի ընտրութեան երթալու ժամանակ ըլլան ազնիւ ու պատասխանատու: Սակայն, ըստ նախագահի, 7 տարուան փոխարէն ատիկա տեղի ունեցաւ 7 օրուան մէջ:
Այս իմաստով Արմէն Սարգսեանը մեծապէս կարեւոր համարած է հայկական ներուժի օգտագործումն ու պահը չկորսնցնելը: «Հայաստանէն դուրս ապրող հայերէն շատերը շատ լաւ քաղաքացիներ են այն երկիրներուն մէջ, ուր կ՝ապրին, անոնցմէ շատերը միջազգային հանրութեան կողմէ յարգուած ու ճանչցուած գիտնականներ, գործարարներ, քաղաքական գործիչներ են եւ այլն: Ժամանակն է, որ բոլորը գիտակցեն, որ Հայաստանն իրենց հայրենիքն է, իրենք այս պետութեանն են պատկանում: Այս առիթը օգտագործելով՝ վերակառուցենք մեր երկիրը յանուն ապագայ սերունդներուն»,- նշած է Արմէն Սարգսեան:
Ան ընդգծած է, որ հայ ազգը բաւականաչափ հասուն եւ իմաստուն է, որ օգտուի այս պատմական հնարաւորութենէն եւ որ ինքը լաւատես է: «Դուռը պէտք է բաց պահենք, որ իսկապէս բոլոր հայերը, որոնք կը կարծեն, որ հայրենիքին տալու բան ունին, հնարաւորութիւն ունենան իրենց գիտելիքը, ժամանակը, կարողութիւնը ներդնել այս երկրին մէջ: Եթէ մենք այդ հնարաւորութիւնը փախցնենք, ես շատ պիտի տխրիմ»,- եզրափակած է ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեան: