Մայիս 22-ին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» մատենադարանին մէջ, ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան եւ «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» մատենադարանի նախաձեռնութեամբ՝ մեկնարկեց «Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ հայ եկեղեցւոյ դերակատարութիւնը Հայոց պետականութեան կայացման գործին մէջ (1918-2018թթ.)» խորագիրով գիտաժողովը` նուիրուած Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Մայիսեան հերոսամարտերու 100-ամեակին: Այս մասին կը հաղորդէ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մամուլի վարչութիւնը։
Գիտաժողովի բացման Օրհնութեան խօսքով հանդէս եկաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը: Ան իր խօսքին մէջ կարեւոր համարեց գիտաժողովի իրականացումը, որուն ընթացքին մէկ անգամ եւս անդրադարձ պիտի կատարուի Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ նուիրական առաքելութեան, ազգանուէր գործունէութեան: Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը նշեց, որ Մայիսեան հերոսամարտերը ապացոյցն էին հայ ժողովուրդի սիրոյ ու միասնականութեան, եւ մեր Սուրբ Եկեղեցին ինչպէս 1918 թուականին, այնպէս ալ Արցախեան հերոսամարտի ողջ ընթացքին օրհնած է ժողովուրդի արդար պայքարը: Վեհափառն իր խօսքին մէջ ընդգծեց, որ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան եւ Մայիսեան հերոսամարտերու 100-ամեակը աշխարհասփիւռ հայ ժողովուրդին ուղղուած ազդակ են` նպաստելու մեր պետութեան զարգացման ու առաջընթացին:
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ ՀՀ սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան: Ան ընդգծեց, որ Սփիւռքի նախարարի պաշտօնին առաջին անգամ կը մասնակցի նման կարեւոր ձեռնարկի, որ աւելի կը սերտացնէ նախարարութեան եւ Մայր Աթոռի յարաբերութիւնները:
Նախարարը կարեւոր համարեց համահայկական առաջնահերթութիւններ, մասնաւորապէս` հայապահպանութիւնն ու հայրենադարձութիւնը: Անդրադառնալով համաշխարհայնացման մարտահրաւէրներուն եւ Սփիւռքի մէջ ուծացման վտանգին` Մխիթար Հայրապետեան ընդգծեց, որ այս երկու առաջնահերթութիւններու կենսագործման համար սահմանուած է քաղաքական յատուկ ուղենիշ:
Մխիթար Հայրապետեան նշեց, որ այսօր Սփիւռքի մէջ առկայ է Հայաստանի կողքին ըլլալու, այն շէնցնելու եւ զարգացնելու աննախադէպ ալիք: Ան անդրադարձաւ Հայոց պետականութեան կայացման գործին մէջ հայ եկեղեցւոյ դերակատարութիւնը` նշելով, որ եկեղեցին պետականութեան բացակայութեան պայմաններուն մէջ անգամ ապաւէն եղած է իր ժողովուրդին: Ան շեշտեց, որ իւրաքանչիւրի գործունէութեան հիմքին պէտք է ըլլայ հզօր Հայաստանի, ապահով Արցախի եւ կազմակերպուած Սփիւռքի տեսլականը: «Վստահ եմ, որ համատեղ ուժերով կարող ենք հասնել մեր համազգային նպատակների կենսագործմանը»,-եզրափակեց իր խօսքը Մխիթար Հայրապետեան:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ նաեւ Մայր Աթոռի արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժինի տնօրէն Տ. Նաթան արք. Յովհաննիսեան:
Գիտաժողովն աշխատանքները շարունակեց երկու նիստերով: Գիտաժողովի զեկուցողներն են ՀՀ ԳԱԱ Մ. Աբեղեանի անուան գրականութեան հիմնարկի տնօրէն Վարդան Դեւրիկեան («Մայր Աթոռի եւ Սփիւռքի թեմերու յարաբերութիւնները Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան տարիներուն»), Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի տեսուչ Տ. Գարեգին վրդ. Համբարձումեան («Եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութիւնները. պատմական ակնարկ»), Թեհրանի Հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Սեպուհ արք. Սարգիսեան («Հայ եկեղեցւոյ դերակատարութիւնը Հայոց պետականութեան կայունացման եւ զօրացման գործին մէջ. պատմական ակնարկ»), ԵՊՀ պատմութեան բաժանմունքի տնօրէն Էդիկ Մինասեան («Հայ եկեղեցին Հայաստանի երրորդ Հանրապետութեան անկախութեան եւ պետականաշինութեան համար մղուող պայքարին մէջ (1991-2001 թթ.)»), մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի թանգարաններու եւ արխիւի տնօրէն Տ. Ասողիկ քհն. Կարապետեան («Գէորգ Է Հայոց Հայրապետ»), ԵՊՀ աստուածաբանութեան բաժանմունքի Հայ եկեղեցւոյ պատմութեան եւ եկեղեցաբանութեան ամպիոնի փրոֆէսոր Արծրունի Սահակեան («Մայր Աթոռի հայահաւաք ու պետականակերտ միտումները 15-20-րդ դարերուն»), Հայաստանի ազգային արխիւի շարժանկարչական փաստաթուղթերու մասնաճիւղի վարիչ Աւագ Յարութիւնեան («Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի հասարակական գործունէութիւնը 1918-1920 թթ.»), Ազգային արխիւի գիտահետազօտական բաժինի վարիչ Գոհար Աւագեան («Մայր Աթոռի կալուածական խնդիրները Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան տարիներուն»), ԵՊՀ իրաւագիտութեան բաժանմունքի պետութեան եւ իրաւունքի տեսութեան ու պատմութեան ամպիոնի վարիչ, Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի դասախօս Արթուր Վաղարշեան («Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան հիմնադրման նախադրեալները»), Մ. Հերացիի անուան ԵՊԲՀ Հասարակագիտական առարկաներու ամպիոնի վարիչ Վահան Մելիքեան («Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի 1917 թ. եկեղեցական համագումարը»), Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի եւ Խ.Աբովեանի անուան հայկական պետական մանկավարժական համալսարանի դասախօս Աւետիս Յարութիւնեանը («Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան ստեղծման հարցի շուրջ»), Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբան Տ. Վարուժան արք. Հերկելեան («Հայ եկեղեցին գործակից հայկական պետութեան»), ԵՊՀ պատմութեան բաժանմունքի Հայոց պատմութեան ամպիոնի փրոֆեսոր Աշոտ Հայրունին («Հայաստանի Հանրապետութեան Պեռլինի պատուիրակութեան գործունէութիւնը 1918 թուականին»), Գիւմրիի Հայ կաթողիկէ Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Հ. Մաշտոց վրդ. Զահթերեանը («Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ ներդրումը եւ անոր մշակած յարաբերութիւնը Հայոց նորաստեղծ պետականութեան յարատեւման եւ հզօրացման գործընթացին մէջ»), Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Պատուելի Արամ Բաբաջանեանը («Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ գործունէութիւնը Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան տարիներուն»), ՌԴ եւ ՀՀ պատմական գիտութիւններու դոկտոր, Մոսկուայի պետական համալսարանի Երեւանի մասնաճիւղի փրոֆեսոր Ստեփան Ստեփանեանցը («Նոր Նախիջեւանի եւ Բեսարաբիայի թեմը 1917-1920 թթ.»), ԵՊՀ աստուածաբանութեան բաժանմունքի Հայ եկեղեցւոյ պատմութեան եւ եկեղեցաբանութեան ամպիոնի դասախօս Լիլիթ Պօղոսեանը («Վազգէն Ա Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը եւ նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութիւնը»), Մ. Աբեղեանի անուան գրականութեան հիմնարկի յառաջատար գիտաշխատող Սուսաննա Յովհաննիսեանը («Յովհաննէս Թումանեանի գործունէութիւնը Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան ստեղծման օրերուն»), պատմական գիտութիւններու թեկնածու, սփիւռքագէտ Հայկ Ենգիբարեանը («Հայ Առաքելական Եկեղեցին եւ Մեծ հայրենադարձութեան պետական ծրագիրը»):