Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան յաղթական փառաւոր երթը Սարդարապատի 100-ամեակի առիթով

450 երիտասարդներ կը միանան կուսակցութեան շարքերուն պատմական յուշարձանին առջեւ

Սարդարապատի յաղթական հերոսամարտի 100-րդ տարեդարձին առիթով, Հայաստանակեդրոն Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ ՌԱԿ երիտասարդական՝ համահայաստանեան 2-րդ հաւաքը: Հայաստանի տարբեր շրջաններէն յատուկ օթոպիւսներով բազմահարիւր երիտասարդներ եւ տարբեր ակումբներու ղեկավարներ Մայիս 20, Կիրակի օր առաւօտուն հաւաքուեցան Սարդարապատի պատմական յուշահամալիրին մէջ:

Պատմական եւ բացառիկ այս տօնակատարութեան կեդրոնական երեւոյթը շուրջ 450 խանդավառ երիտասարդներու միանալն էր Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան շարքերուն:

Այս առիթով ներկայ էին ՌԱԿ Գերագոյն Խորհուրդի անդամներ գլխաւորութեամբ Խորհուրդի Նախագահ Վարդան Նազիրեանի եւ անդամներէն Երուանդ Ազատեան, Յակոբ Վարդիվառեան, Գեւորգ Մարաշլեան եւ Վարդգէս Գուրուեան: Նոյնպէս՝ ներկայ էին ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ գլխաւորութեամբ Կ. Վ. Նախագահ Յակոբ Աւետիքեանի:

Երդմնառութեան յուզիչ եւ տպաւորիչ այս արարողութեան բացումը կատարեց եւ ամբողջ յայտագիրը վարեց ՌԱԿ Արմավիրի երիտասարդական ակումբի շնորհալի ատենապետուհի Օժենի Աւետիսեանը գործակցութեամբը Վանաձորի մարզային կառոյցի ներկայացուցիչ Անդրանիկ Սուրէնեանի, որ ունեցաւ տպաւորիչ ելոյթ մը:

Այս առիթով ողջոյնի իր խօսքը կատարեց ՌԱԿ Գերագոյն Խորհուրդի անդամ եւ ԱՄՆ-ի եւ Գանատայի Թէքէեան Մշակութային Միութեան Կ. Վարչութեան նախագահ Երուանդ Ազատեանը, որ յիշատակեց Սարդարապատի հերոսամարտին կենսական եւ առանցքային դերն ու նշանակութիւնը հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ եւ յաղթանակի իրականացման մէջ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան ունեցած անուրանալի դերը: Ազատեան իր ոգեշունչ խօսքին մէջ նշեց մասնաւորապէս, թէ «Սարդարապատը յուշարձան չէ, ան քար ու ծառ չէ, Սարդարապատը արիւն է: Այսօր մենք կանգնած ենք 100 տարի առաջ Սարդարապատի հերոսամարտի նահատակներուն արեան վրայ: Կուզեմ, որ գիտակցիք այդ մասին, քանի որ մենք այդ արիւնը վերածեցինք կեանքի: 100 տարի առաջ այստեղի թափուած արիւնին շնորհիւ է որ այսօր մենք ունենք անկախ հայրենիք եւ այդ իրագործման մէջ իր դերը ունեցած է Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը: Այսօր մենք կը խոնարհինք այդ արեան առջեւ, կը խոնարհինք այդ հերոսներուն առջեւ, որ թափած են այդ արիւնը, կը խոնարհինք որպէսզի դուք երիտասարդներդ, կանգնիք հպարտօրէն այս յուշարձանին առջեւ եւ ուխտէք անոնց անունով, որ 100 եւ 1000 տարի եւս մեր հայրենիքը շարունակէ իր գոյութիւնը: Մեր հայրենիքը պիտի գոյատեւէ, քանի որ մենք կ’ուխտենք մեր հերոսներուն արեան գնով, որ հայը ապրելու իրաւունք ունեցող ժողովուրդ է: Սիրելի երիտասարդներ, դուք Սարդարապատի ժառանգորդ սերունդն էք, պէտք է երկար ապրիք որպէսզի երկար ապրի մեր հայրենիքը:

Սարդարապատի 100 ամեակի պաշտօնական այս տօնակատարութիւնը նաեւ առիթը հանդիսացաւ բազմահարիւր երիտասարդներու կուսակցութեան միանալու երդմնառութեան հանդիսաւոր արարողութեան: Շուրջ 450 նորագիր երիտասարդներու երդման արարողութիւնը կատարեցին՝ միասնաբար, Վարդան Նազիրեանը, Երուանդ Ազատեանը եւ Վարդգէս Գուրուեանը:

Ապա՝ ելոյթ ունեցաւ ՌԱԿ Գերագոյն Խորհուրդի նախագահ Վարդան Նազիրեանը: Ընկեր Նազիրեան իր խօսքին մէջ ընդգծեց երիտասարդութեան կարեւոր եւ առանցքային դերը Հայաստանի ներկային եւ ապագային կերտման գործին մէջ եւ ստորագծեց երիտասարդական ոյժին եւ եռանդին կարեւորութիւնը Հայաստանի զարգացման եւ աւելի եւս շէնցնելու աշխատանքին մէջ:

Վարդան Նազիրեան նշեց, որ այսուհետեւ կուսակցութեան վարչական պաշտօններուն մէջ տեղ պէտք է գրաւեն նաեւ երիտասարդները: Ան աւելցուց, թէ սերնդափոխութիւնը յեղափոխութիւն չէ եւ թէ սերնդափոխութեան ժամանակ պէտք է միշտ յիշել կուսակցութեան աւագ ընկերներուն զոհաբերութիւնները եւ անոնց տարած շնորհակալ աշխատանքը:

«Մեր կուսակցութեան նախաբանն է ժողովուրդին, ժողովրդով, ժողովուրդին համար: Այժմ կ’ուզեմ յայտարարել, որ այսուհետեւ մեր նախաբանը ըլլայ, երիտասարդներուն, երիտասարդներով, երիտասարդ Հայաստանին համար: Կեցցէք բոլորդ: Շուտով զօրանանք այնքան որ անցնինք Արաքսի միւս ափին եւ Արարատը դիտենք միւս կողմէն: Գալ տարի հանդիպինք Վանի մէջ…», շեշտեց Վարդան Նազիրեանը:

Այս տօնական առիթով ՌԱԿ ատենապետը 2018 թուականը յայտարարեց երիտասարդութեան տարի: Նոյնպէս ՌԱԿ Գերագոյն Խորհուրդի եւ Կեդրոնական Վարչութեան անունով ընկեր Նազիրեանը յայտարարեց, թէ մեր կուսակցութիւնը պիտի մասնակցի յառաջիկայ Ազգային Ժողովի ընտրութիւններուն:

Այս հրաշալի ձեռնարկին ընթացքին ելոյթ ունեցաւ նաեւ ընկեր Վարդգէս Գուրուեանը, որ իր կարգին շեշտը դրաւ կուսակցական գործունէութեան մէջ երիտասարդներու ստանձնելիք դերին կարեւորութիւնը:

Օրուան տօնական մթնոլորտը շեշտուեցաւ շնորհիւ շնորհալի եւ տաղանդաւոր կուսակցականներու կողմէ գործադրուած ազգային պարերուն, երգերուն եւ երաժշտական խանդավառ ելոյթներուն:

Ռամկավար երիտասարդները եւ հիւրերը այս առիթով այցելեցին Սարդարապատի համալիրին մաս կազմող Հայոց ազգագրութեան եւ ազատագրութեան պայքարի պատմութեան ազգային թանգարանը եւ ծանօթացան Հայոց Ազգային Մշակոյթի եւ Մայիսեան հերոսամարտերու պատմութեան նուիրուած ցուցադրութիւններուն: