Իսրայէլական The Jerusalem Post պարբերականը յօդուած մը հրապարակած է Հայոց Ցեղասպանութեան մասին, որով կոչ կ՛ընէ Իսրայէլի կառավարութեան ճանչնալու զայն ճիշտ այնպէս, ինչպէս Վատիկանի մէջ Սուրբ պատարագի ժամանակ ըրաւ Հռոմի Ֆրանսիս պապը:
«Ապրիլ 24-ին Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի յարգանքի օրուան ընդառաջ Իսրայէլ պետութիւնը պէտք է հետեւի Պապի օրինակին եւ հայերու ծրագրուած ջարդերը ճանչնայ այնպէս, ինչպէս անոնք կան` այսինքն ցեղասպանութիւն»,- կը գրէ պարբերականը:
Պարբերականը մանրամասն անդրադարձ կատարած է 100 տարի առաջ Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ իշխանութիւններուն կողմէ հայ բնակչութեան բնաջնջման: Ըստ պարբերականին` կան քանի մը հիմնաւոր պատճառներ, որոնցմէ մեկնած Իսրայէլը պէտք է ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Ըստ որոնց` համաձայն պարբերականի, բացի համայն մարդկութեան առաջ ունեցած պարտաւորութենէն, Իսրայէլ նաեւ իւրայատուկ պարտք ունի, որ պէտք է կատարէ ճանչնալով ու դատապարտելով Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
Պարբերականի դիտարկումով` Իսրայէլ որպէս պետութիւն իր գերիշխանութեամբ կայացած է նաեւ շնորհիւ այն բանի, որ միջազգային հանրութիւնը ճանչցած եւ դատապարտած է Հոլոքոսթը, հետեւաբար Իսրայէլ պէտք է իր քաղաքական օրինականութիւնը օգտագործէ ցեղասպանութիւնները կանխելու համար:
«Որպէս կրօնական փոքրամասնութիւն, որ կ՛ապրի առաւելապէս մահմետականներով բնակեցուած Միջին Արեւելքի մէջ, հրեայ ժողովուրդը կը հանդիսանայ տարածաշրջանի քրիստոնեաներու բնական դաշնակիցը: Հայոց Ցեղասպանութիւնը վտանգաւոր յիշեցումն է այն իրողութեան, որուն կը բախին հրեաները, քրիստոնեաները եւ այլ կրօնական փոքրամասնութիւններ, որոնք կ՛ապրին աշխարհի այս հատուածին մէջ: Ապագայ ցեղասպանութիւններու հաւանականութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ աւելի մեծ է, քան որեւէ այլ տեղ: Հռոմի պապը հրապարակայնօրէն ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, հետեւաբար այժմ Իսրայէլի կարգն է»,- կը գրէ պարբերականը: