Թրքական լրատուամիջոցներու ուսումնասիրութեան եւ մետիա վերլուծութեան կեդրոնի (PRNet) ուսումնասիրութիւնները ցոյց տուած են, որ Ապրիլ 20-էն 26 թրքական լրատուամիջոցներու մէջ աւելի շատ գրած են Հայոց Ցեղասպանութեան մասին, քան Կալիփոլիի ճակատամարտի 100-ամեակի: Այս մասին կը հաղորդէ News.am–ը:
Յիշեալ ժամանակահատուածին ամենաշատ գրուած լուրերու նիւթը եղած է երեխաներու պաշտպանութեան օրուան հետ կապուած հրապարակումները, որոնց թիւը կազմած է 6728:
Յաջորդ ամենաշատ գրուած նիւթը եղած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին հետ կապուած հրապարակումները` 2404, որուն հետեւած է Կալիփոլիի ճակատամարտի 100-ամեակի նուիրուած հրապարակումները` 2036 հրապարակումով: