Տիարպէքիրի մէջ` Ցեղասպանութեան նուիրուած «Լռութեան ճիչը» խորագիրով ցուցահանդէս

Ըստ «Արցախփրես»-ի՝ «Օզկիւր կիւնտեմ» կայքը կը փոխանցէ, որ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին ան ցուցահանդէս մը բացած է Տիարպէքիրի մէջ. անիկա կը կրէ «Լռութեան ճիչը» խորագիրը:
27 տարի շարունակ Հայաստանի, Լիբանանի, Իրանի, Սուրիոյ ու Իրաքի նման երկիրներու մէջ հայերը լուսանկարած լուսանկարիչին հայրը Քութահիայէն է, իսկ մայրը` Էրզրումէն: Իրենց պապի` Օսմանեան բանակի սպայ Արթին Արըճեանի շնորհիւ փրկուած ընտանիքը Քութահիայէն Մարսէյլ գաղթած է:
Ֆրանսայի մէջ մեծնալու ընթացքին հայ ժողովուրդի ապրած ցաւը տեսնելով` 1988-էն սկսած է լուսանկարել ցեղասպանութենէն փրկուածները այն երկիրներու մէջ, ուր անոնք գաղթած են:
Ան կը նշէ, որ լուսանկարներու հերոսները փնտռելու ժամանակ ինք տարբեր զգացումներ ունեցած է: 1915-ին կոտորողներէն բացի, միեւնոյն ժամանակ նաեւ լաւ բաներ ընող, օգնել փորձողներ եղած են, այդ պատճառով մէկ զգացողութեան մասին խօսիլը, ըստ անոր, դժուար է: