«Մե՛ր Հալէպը» Կը Կործանի Օր Ըստ Օրէ

«Մե՛ր Հալէպը» Կը Կործանի Օր Ըստ Օրէ, Մեր Հարիւրամեակներու Պատմութիւնը Կը Ջնջուի…

ԼԱԼԱ ՄԻՍԿԱՐԵԱՆ-ՄԻՆԱՍԵԱՆ

«Ժողովո՛ւրդ, ամէնէն առաջ քո ազատութեան յոյսը քո վրայ դիր, քո խելքին եւ բազուկին ո՛ւժ տուր, մարդ ինքնիրմէն պէտք է աշխատի որ փրկուի»։
Խրիմեան Հայրիկ
Ապրիլ 24։ Անմոռուկ։ Հարիւրամեակ։ «Կը յիշեմ ու կը պահանջեմ»։ Իսկ միթէ՞ մոռցած էի, որ յիշէի. միթէ՞ «մարդակեր գազան մարդը» մէկ օր իսկ մոռնալու առիթ տուած էր ազգային գիտակցութիւն ու սիրտ ունեցող հայուն։ Մեր պատմութեան, գրականութեան, մեր ընտանեկան յիշողութեան, մեր հոգիներու ծալքերուն ո՞ր էջը թերթատենք, ուր մեր դէմը չկենայ ան՝ իր կեռ եաթաղանէն կաթող մեր թանկ արիւնով։ Այսօր, երբ տարագիր ու թափառական՝ կը հալինք աշխարհի խառնարաններուն մէջ, երբ կ՛ենթարկուինք ե՛ւ կարմիր, ե՛ւ ճերմակ ջարդի՝ որո՞ւն «շնորհիւ» է այդ. որ հարիւրամեայ այս գաղութը կը քայքայուի, որո՞ւն «շնորհիւ» է ու որո՞ւն դժնի երազն է, որ կ՛իրականանայ…
Կարծես թէ այս տարի մեր ձայնը քիչ մը աւելի լսելի դարձաւ մարդկութեան. լսելի ու ընկալելի անոնց, որոնք իբրեւ էութիւն հագուած են մարդ կոչումը, անոնց, որոնք կ՛ուզեն մարդ ըլլալ ու նաեւ անոնց, որոնք կը ձեւացնեն մարդ ըլլալ գէթ օր մը ու խօսքերով ողոքել մեր սիրտերը՝ ծարաւի ընկալումի ու արդարութեան։
Բազում երկիրներու մէջ ու տարբեր մակարդակներու վրայ ոգեկոչուեցաւ յիշատակը նահատակներուն։ Մեզի հետ մեր ցաւը կիսելու եւ արդար լուծումի հասնելու ուղիներու որոնումի համար Հայաստան ժամանեցին տարբեր ազգերու մեծ արուեստագէտներ, գիտնականներ, նաեւ՝ դիւանագէտներ, ու պահ մը զգացողութիւնը որոշ եղաւ, թէ անկախ մեր գոյնէն ու տեսքէն, մեր գրպանէն ու ուժէն՝ Երկիր մոլորակը տունն է բոլորիս ու անոր հարցերը բոլորիս են։
Մեծ արուեստի մարդիկ լաւ կը հասկնան այդ իրողութիւնը։ Զիս հետաքրքրեցին դիւանագէտները ու յատկապէս անոնք, որոնք սերտօրէն առնչուած են մեր ճակատագիրին՝ Սփիւռքի կամ հայրենիքի մէջ։ Ահա «բարեկամ» Ֆրանսայի նախագահը։ Չակերտի մէջ կ՛առնեմ բարեկամ բառը, նկատի ունենալով դիւանագիտական աշխարհի յայտնի կարգախօսը՝ «Քաղաքականութեան մէջ յաւերժական բարեկամներ ու թշնամիներ չկան, կան յաւերժական շահեր»։ Մարդը այնպէս ազնիւ կը խօսէր, աշխարհի խաղաղութեան ու արդարութեան մասին, այնպէս յուզիչ կ՛արտայայտուէր, որ ես պահ մը մոռցայ, թէ Սուրիոյ մէջ հոսող արիւնի կարեւոր պատասխանատուներէն է ինք…
Ռուսիոյ կայսրը… ոչինչ կրնաս ընել. այս մարդը շատերու համակրանքը կը վայելէ, թերեւս Ամերիկայի ախորժակներուն «քացախ» հրամցնելու իր կարողութեան համար։ Ու Հայաստանի մէջ ինչպէ՜ս «իր տանը» կը զգար, կամ, մեղմելու համար՝ կրտսեր «եղբօր տանը»։ Ան կրկին զմեզ իր հզօր թեւերուն տակ առաւ, որմէ շատերու սիրտերը ուռեցան, մինչդեռ իմս սեղմուեցաւ. յիշեցի մարդու եւ արջի բարեկամութեան առակը։ Ընկերոջ քունը հսկող հոգատար արջը, աներես ճանճը քշելու մտահոգութեամբ, իր ծանր թաթը այնպէս ուժգնօրէն իջեցուց բարեկամի ճակտին, որ… Չէ՛, բնաւ դէմ չեմ արջին բարեկամութեան, մանաւանդ որ ճանճի տեղ վրաս իջնողը գորշ գայլն է։ Միայն թէ անոր գրկախառնութենէն շնչահեղձ չըլլալու համար շնչառական վարժութիւններ պէտք է սորվիմ…
Ամերիկայի «մարդուն» մասին խօսիլ իսկ չ՛արժեր։ Իր նախնիքը ինչպէ՞ս՝ չեմ գիտեր, բայց մեր նախնիքը անպատիւ կը նկատէին իր խոստումը չպահողը։
Հաւատացի միայն սերպ դիւանագէտին, քանի որ «թշնամիիս թշնամին բարեկամս է», ու սերպ ժողովուրդը գրեթէ մեզի չափ կը ճանչնայ թուրքին էութիւնը։ Չէ՞ որ մարդը միայն իր մորթին վրայ կրածը կը զգայ։
Հարիւր տարին չսպիացուց մեր վէրքը, մինչդեռ պատմութեան համար անիկա ակնթարթ մըն է։ Հնարաւոր է, որ նման «ակնթարթի» մը եւս պէտք ունենանք, զմեզ գէթ մասամբ գոհացնող հանգրուան մը թեւակոխելու համար։ Մինչ այդ հաւանաբար մենք ալ ազատած կ՛ըլլանք մեզի յատուկ զգացական մօտեցումներէն, մարդկութեան խիղճին խօսելու միամտութենէն, իւրացուցած կ՛ըլլանք անոր հետ խօսելու հարկաւոր լեզուն ու կը յիշենք հայրիկին իմաստուն պատգամը։
***
Այլեւս բառերը անզօր կը մնան տարազելու համար հրթիռակոծումներու եւ ստորգետնեայ երկրասասան պայթիւններու տակ մեր սարսափը, աստիճան առ աստիճան, օր առ օր մեր մէջ խորացող, մեր հոգիները իր ափին մէջ ճզմող, մեր կամքն ու կառոյցը քայքայող սոսկումները եղածներուն համար ու նսեմ, քստմնեցուցիչ սպասումը հրէշաւոր գալիքի մը, որ յաճախ կը թուի՝ դրան ետին է արդէն։ «Մարդասէր» արեւմուտքը եւ «ազնուարիւն» անապատային արքաները ոճրագործները օրէցօր աւելի նոր ու հզօր զէնքերով կ՛օժտեն՝ կոտորելու համար ծերեր, մանուկներ ու կիներ՝ խաղաղ բնակչութիւն։
Այս օրերուն տեղատարափը հրթիռներու՝ աննախընթաց է ե՛ւ իր հզօրութեամբ, ե՛ւ քանակով։ Քաղաքին վրայ հսկայական հրթիռներու անձրեւ կը տեղայ, կը կործանէ ամէն ինչ։ Փլատակներու փոշին, ծուխը, վառօդին բարկ հոտը, ստորգետնեայ քանի մը պայթիւններու հետեւանք երկրաշարժները կատարելապէս կամազուրկ կ՛ընեն զմեզ։ Ոչինչ կրնաս նախաձեռնել, փրկութեան ոչ մէկ ուղի. կը մնայ կծկտիլ «ապահով» անկիւն մը ու համրել պայթող հրթիռները կամ տունին մէջ աջ ու ձախ վազվզել աննպատակ, անիմաստ. չի գործեր միտքը, միայն կենդանի մնալու բնազդն է։ Իսկ եթէ տունը ունիս նաեւ անկեալ ծերեր, մանուկներ…
Նման պարագայի դրացիներ կը մէկտեղուին ամէնէն «ապահով» կարծուած բնակարանը. կը նային իրարու շուար ու պատասխան փնտռող հայեացքներով. ի՜նչ կ՛ակնկալեն իրարմէ. ապա ուշքի կու գան քիչ-քիչ, կցկտուր բառեր կը փոխանակեն. միասին կը համրեն կարկուտը. կը համարձակին ալ պատշգամէն դիտել ամէն կողմ վազվզող տագնապահար մարդերը՝ ոմանք տնային հագուստներով, ոմանք պայուսակներով, ոմանք ծածկուելու լաթերով՝ գացած տեղերը պաղ ու տաքէ պատսպարուելու, ոմանք հետիոտն, ոմանք ինքնաշարժները լեցուած կը փախչին. ո՞ւր։
Եւ մեր կեանքին լալի՞ք, թէ խնդալիք հակասականութիւնը՝ սայլի վրայ բանջարեղէն ծախողը, բոլոր ձայները խլացնել ջանալով, իր ապրանքները կը գովէ՝ երգեցի՜կ, աշխարհէն դո՜ւրս…
Քիչ-քիչ, հրակոծութեան դադարին հետ կը բացուին լեզուները, ինչ որ մէկը իր ապրած սոսկումը ծածկել կը փորձէ՝ ծաղրելով «վախկոտները». մէկը կը խնդայ լալագին. ուրիշներ լուռ են ու ճնշուած։
– Ճըսըր Շղուր երեսուն հոգի դրեր ու մորթեր են…
– Թերեւս կառավարութեան կողմնակից ըլլալնուն համար…
– Չէ՛, կիներ ու պզտիկներ…
Լռութիւն։
– Շուտով գիշերը օդանաւը կ՛ելլէ ու կը խորովէ ատոնց…
– Մինչ այդ մենք խորովուեցանք ալ, տապկուեցանք ալ…
Լռութիւն կը տիրէ. կը լսուի տատրակներու ղունղունը։ Շուտով «կը մոռցուի» աս ալ, մինչեւ նոր սոսկում ու ցնցում, մինչեւ եղածներուն մասին տեղեկութիւններ հասնիլը. ո՞ւր մեծ վնասներ եղան, որքա՞ն մահ ու վիրաւոր, եւ արդեօք որքա՞ն յառաջացան «անոնք» դէպի մեզի…
Խուլ ու կոյր սպասում…
***
Ճիտէյտիէին ճակատագիրը ու մեր արժէքները հոն… Վերջին լսած ու դիտածը՝ Քառասուն Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ աւերակները։ Պահ մը փլատակ եղան նաեւ մեր հոգիները։ Ուշի ուշով, մանրակրկիտ կը դիտենք լուսանկարները, փլատակներու ետին ճաքճքած ու երերուն կեցած զանգակատունը՝ ցաւի ու յոյսի փոփոխական հոգեվիճակներով։ Լաւատեսներ աւերակներու ետին կանգուն մնացած եկեղեցւոյ մասին կը հաստատեն, Աստուծո՜յ մատը յուսալով։ «Առջեւի շէնքերն են փլած», կ՛ըսեն, ու կը փորձենք յուսալ, թէեւ այդ թաղամասին մէջ իւրաքանչիւր կառոյց պատմութեան, նաեւ՝ մե՛ր պատմութեան կնիքը կը կրէ ու անհատական յիշատակներու…
Չենք ուզեր ընդունիլ պատմութեամբ հաստատուած օրինաչափութիւնը, թէ յարատեւ չեն գաղութները, մանաւանդ՝ օտարասէր մեր ազգին համար։ Չենք ուզեր հաւատալ, թէ «մե՛ր Հալէպը» կը կործանի օրըստօրէ, թէ մեր հարիւրամեակներու պատմութիւնը կը ջնջուի, թէ Լեհաստանի, Հնդկաստանի, Նոր Նախիջեւանի, Խրիմի, Ռումանիոյ ու երբեմնի այլ շէն ու ծաղկուն բազմաթիւ գաղութներու պէս պիտի քայքայուի նաեւ բիւրաւոր նահատակներու ու հրաշքով վերապրածներու շունչը կրող այս գաղութը եւս… այնքա՜ն հայաբոյր ու հայադրոշմ, որ աւելին էր, քան ծննդավայր։
Ու հիմա, աշխարհի տարբեր ծագերէն որքա՜ն հոգիներ հայեացքները յոյսով յառած են իրենց մարմինին ու «հոգւոյն ծննդավայր»ին՝ վերադարձի ակնկալութիւնը հրաշքի մը կապած…
Երբեմն ձայներ կ՛առնեմ, թէ գրածս կարդալով կու լան շատեր. միթէ՞ արիւնակիցներս վշտացնելու համար կը գրեմ իրական պատկերին սա նուազագոյնը։ Սակայն ի՞նչ սին լոյսեր վառեմ ու ի՞նչ յոյսեր կաթեցնեմ արդէն անձկութեան մէջ տուայտող անոնց հոգիներուն, ի՞նչ աղբիւրներ բանամ անապատին մէջ, ի՞նչ մոմեր վառեմ չար հողմերուն դէմ։
Ահա թէ ո՛ւր եւ ինչպէ՛ս կը ծնին աստուածները…