Հրանդ Տինքի Մահուան 12-րդ Տարեդարձին Առիթով

Դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեան

Յուշերէս Էջ Մը

Հրանդ Տինքի Մահը Մ.Ա.Կ.-ի Մակարդակով Միջազգայնացնելու Վրիպած Նախաձեռնութիւնը:

 

Բացատրողական Ընթերցողին Ուշադրութեան

Մեր մամուլին հետեւող հետաքրքիր հասարակութեան ծանօթ է, թէ ժամանակ մը առաջ սկսայ գրի առնել յուշերս, եւ գործնական պատճառներով, պարբերաբար անոնց յաջորդական բաժինները հրատարակել սկսայ մեր մամուլին  յատկապէս «Ապագայ» մեր շաբաթաթերթին մէջ: Հակառակ երեւոյթապէս «հանգստեան կոչուած» ըլլալու հանգամանքիս սակայն,  իրականութեան մէջ տակաւին անխուսափելիօրէն ներգրաւուած կը մնամ մեր ազգային կարեւոր բազմերես եւ անհատնում զարգացումներուն մէջ, հետեւաբար յուշերուս այդ աշխատանքը մեծ մասով ընդհատումի ենթարկուած է:

Ահա այս պատճառաւ որոշեցի վերջերս որ անկախաբար կանոնաւոր ժամանակագրական կարգով այդ աշխատանքս շարունակելու մնայուն նպատակէս, յատուկ առիթներով դուրս գամ շարունակական շարքէն եւ հանրութեան փոխանցեմ  յատուկ առիթներու վերաբերեալ յուշերուս որոշ էջերը ուր կրնամ ընդհանուրին փոխանցել հետաքրքրական եւ պատմութեան յատուկ նշանակալից տուեալները եւ տեղեկութիւնները որոնց մասին կամ ոչ մէկ արձանագրութիւն հրատարակուած է մեր գրականութեան մէջ եւ կամ ալ առաւելագոյնը կատարուած են անցողակի հակիրճ ակնարկութիւններ:

Այսօր ընթերցողին կը փոխանցեմ Հրանդ Տինքի ցնցիչ սպաննութեան վաղորդայնին իմ կատարած յատկանշական մէկ աշխատանքիս պատմութիւնը:

Կարևորութեամբ պէտք է մատնանշեմ թէ այս գրութիւնը յուշերէս քաղուած ըլլալով, մամուլի մէջ սովորական ընդունուած ձեւաւորումով գրուած յօդուած մը չէ եւ հետեւաբար այնտեղ կան որոշ բաժիններ եւ ակնարկութիւններ որոնք աւելի կը յարմարին անձնական մտերիմ մտածումներու արտայայտութեանց ձեւին:

——————————

Բոլորին մտքերուն մէջ վստահաբար տակաւին թարմ է այն ցնցիչ լուրը ստանալու պահը, երբ 2007 թուի Յունուարի 19-ին հայ թէ օտար եւ միջազգային լրատուամիջոցներու ցանցերը կայծակնային արագութեամբ հաղորդեցին թէ Պոլսոյ “Ակօս” թերթի խմբագրապետ Հրանդ Տինք սպաննուած էր: Ան հայ-թուրք յարաբերութիւնները առողջացնելու, թերեւս որոշ չափով միամիտ սակայն անսահման ուժգնութեամբ եւ անկեղծութեամբ գործող հասարակական գործիչ մըն էր որ զոհ գնաց վատ մարդասպանի մը փամփուշտին: Ցնցումը մեծ էր ամբողջ քաղաքակիրթ աշխարհի տարածքին: Ցնցումը մեծ էր յատկապէս լրագրական եւ խօսքի ազատութիւնը գերադաս նկատող շրջանակներուն մէջ եւ ի վերջոյ եւ մանաւանդ նոյն ինքն Թուրքիոյ մէջ: Հրանդ Տինքի յուղարկաւորութիւնը ինքնին՝ երկու հարիւր հազարի հասնող թուրք մասնակիցներով, նկարներով եւ վիտէօներով, աննկարագրելիօրէն յուզիչ էր:

Բազմահարիւր պաստառներու վրայ թրքերէն լեզուով գրուած էր «Մենք Բոլորս Հայ Ենք», «Մենք Բոլորս Հրանդ Տինք Ենք»:

Մէկ խօսքով պահը արտակարգօրէն յուզիչ էր: Հրանդ Տինքի անունը այդ օրերուն հայ թէ օտար՝ բոլորին միտքին մէջն էր: Ահա այս մթնոլորտին մէջն էր որ բնականաբար Մոնթրէալի մէջ եւս բոլորս մեր կարգին այդ սահմռկումը ապրելէ ետք կը մտածէինք Հրանդ Տինքի յիշատակը յարգելու տարբեր միջոցառումներու մասին: Բնականաբար կազմակերպուեցան մեծ հաւաքներ, եկեղեցական արարողութիւններ, եւայլն: Սակայն հարկը կար աւելին ընելու, իսկապէս կարևոր բան մը:

Գաղութի լուրջ հարցերով զբաղող տարբեր կազմակերպութեանց մէջ կարծիքներ կը յայտնուէին: Սակայն ինչպէս միշտ՝ լաւ գաղափարներ եւ կարծիքներ ունենալ եւ յայտնելը դժուար չէ երբեք, բուն հարցը անոնցմէ մէկը կամ միւսը իրագործելն է:

Գոնէ ես եղած եմ մէկը որ գործունէութեանս այլ օրինակներով, այդպիսի առիթներով բացառաբար լաւ եւ սակայն դժուար գաղափար մը նկատելէ ետք երբ զայն որդեգրած եմ, ջանացած եմ միջոցներ գտնել և ջանք չխնայել մինչեւ գործադրութեան աւարտը զայն հասցնելս: Անխուսափելիօրէն այդ կը պահանջէ որ ժամանակդ եւ ուշադրութիւնդ անձնական օգտիդ փոխարէնը յատկացնես այդ գործին…:

Պատահեցաւ որ այս անգամ եւս ստեղծուած կացութիւնը այնքան իւրայատուկ էր որ մտայ այդպիսի գործընթացի մը մէջ: Զայն հասցնելէ ետք որոշ յաջող տեղ մը, դժբախտաբար ակնյայտ եղաւ թէ աւելի ջանք թափելը ապարդիւն էր քանի որ աւելի հեռու կարելի պիտի չ’ըլլար յառաջանալ:

Այդպէս ըլլալով հանդերձ կատարուած եղելութիւնը որպէս յուշեր արձանագրելը կը խորհիմ թէ ընդհանուրին համար հետաքրքրական եւ նշանակալից է եւ հետեւաբար ահա կը պատմեմ այս պատմութիւնը:

Վերեւը յիշած մեր տարբեր միտքերու փոխանակման ժամանակ, անոնցմէ մէկն էր թէ որքան լաւ պիտի ըլլար եթէ կարելի ըլլար Հրանդ Տինքի մահուան այդ ահաւոր կորուստը կերպով մը միջազգային ճանաչում վայելող խորհրդանշական երեւոյթի մը վերածել: Օրինակի համար Յունուար 19-ը դարձնել Հրանդ Տինք-ի օր՝ Մարդու Խօսքի Ազատութեան Միջազգային Օր:

Գաղափարը որ սկիզբը եկաւ իմ բարեկամ մտաւորականներէս ՝ Վիգէն Աթթարեանի կողմէ, յատուկ կերպով գրաւեց իմ ուշադրութիւնս: Իսկապէս օրուայ մթնոլորտին մէջ որքան իրաւացի եւ արդար պիտի ըլլար, թէ միջազգային բարոյական իմաստով եւ թէ ալ հայկական ազգային առումով, եթէ կարելի ըլլար միջոցը գտնել այդպիսի միջազգային ճանաչում մը տալ այս ահաւոր պատահարին:

Գաղափարը դրական էր եւ սակայն անշուշտ ամենադժուարը կը կայանար – «Ինչպէ՞ս» հարցումին պատասխանը գտնելուն մէջ: Բնականաբար հոս կամ հոն նամակներ գրելով կամ դիմումներ կատարելով դժուար թէ որեւէ շօշափելի արդիւնքի հասնէին: Պէտք էր անմիջական ազդու եւ գործնական քայլերով ուղղուիլ դէպի արդիւնք:

Մինչ ժողովներու ընդհանուր տարտղնուածութեան մէջ միտքերը ցրուած ըլլալով գործնական որեւէ քայլ առնուելիք չէր, իմ մտքիս մէջ այս գաղափարը խորունկ կերպով տեղ գտած էր: Հաստատ տրամաբանութեամբ մը մտքիս մէջ ձեւաւորուած էր թէ պէտք էր կարելի ըլլար նախ հայ աշխարհին մէջ արագօրէն ապահովել համազգային այդպիսի ճանաչում մը:

Առաջին հերթին Մայր Եկեղեցւոյ միջոցաւ եւ Հայրապետական մակարդակով պէտք էր առնուէր այս քայլը եւ ապա Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին պէտք էր գործել Հայաստանի Նախագահի մակարդակով: Յաջորդ քայլը պիտի ըլլար ճանաչման հարցը միջազգայնացնել Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան (Մ.Ա.Կ.) մակարդակով, շնորհիւ այնտեղ իր պաշտօնական տեղը ունեցող Հայաստանի պետական պատուիրակութեան:

Շատ համարձակ էր ծրագիրը եւ սակայն կը տեսնէք թէ որքան յստակ եւ պարզ էր շղթայուած յաջորդական քայլերու շարքը:

Սակայն ո՞վ, ե՞րբ եւ ի՞նչպէս պիտի ձեռնարկէր անմիջականօրէն եւ ազդու կերպով այս բոլորին: Նոյնիսկ եթէ սկսէինք այս բոլոր հարցումներուն ընդունելի պատասխաններ փնտռել փորձառութեամբ գիտէի, թէ լաւագոյն պայմաններուն մէջ պիտի տեւէր ամիսներ մինչ աստիճանաբար եւ անխուսափելիօրէն մշուշի մէջ պիտի մնար Հրանդ Տինքը եւ այն համաշխարհային յուզումը որ ամէնաուժեղ մղիչ տուեալն էր որ կրնար այսպիսի մեծ նախաձեռնութիւն մը յաջողցնել:

Ուրեմն եթէ յոյս մը կար տեղ մը հասնելու այն ալ իմ անձնական նախաձեռնութիւնս պիտի ըլլար: Անշուշտ իրատեսօրէն այդ կարողութիւնը զգացի մէջս նկատի ունենալով  իմ ունեցած միջոցներս եւ յարաբերութիւններս: Ազգային ամէնաազդեցիկ կառոյցներէն Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ, Հ.Բ.Ը.Մ.-ի եւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան մէջ ունեցած կեդրոնական մակարդակի դիրքերուս շնորհիւ, գիտէի թէ կրնայի առանց աղմուկի ազդու կերպով ձեռնարկել գործնական եւ անմիջական աշխատանքի:

Նկատի ունենալով թէ օրատետր երբեք պահած չեմ, հետեւաբար նաեւ չեմ կրնար տուած իւրաքանչիւր դրուագներուս մէջ մատնանշել յատուկ օր մը կամ թուական մը: Սակայն որոշ կրնամ ըսել թէ սկսելով Ամենայն Հայոց Հայրապետին հետ այս առնչութեամբ կատարած փոխանակումներէս, մինչեւ այս նիւթով Հայաստանի օրուայ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի հետ հանդիպումս, ժամանակաշրջանը կըսկսի մօտաւորապէս 2007 տարուայ Մարտին եւ կ’երկարի մինչեւ մօտաւորապէս 2007-ի կէսը:

Կ’ուզեմ կանխել և ըսել թէ վերջապէս, բացայայտելով անձնական այս փոխանակումներուս մանրամասնութիւնները, ազգային որեւէ գաղտնիք բացայայտած ըլլալու մտահոգութիւնը չունիմ: Մի քանի պարագաներուն՝ ընդհակառակ հաւանաբար իմ նպաստս բերած պիտի ըլլամ այս օրերուն Հայաստանի մէջ կատարուող քաղաքական կարգ մը նկարագրութեանց գործին…:

Այսպէս, ուրեմն առաջին հերթին հեռաձայնային կապի մէջ մտայ Էջմիածին’ Վեհափառ Հայրապետին հետ որուն բացատրեցի այստեղ ծնունդ առած միտքը և իմ նկատի ունեցած մարտավարութինս (strategy): Վերջնական նպատակակէտն էր յաջողիլ Յունուար 19-ը հասցնել մինչեւ միջազգային ճանաչման մակարդակին’ որպէս Հրանդ Տինքի անունով, Մարդու Խօսքի Ազատութեան Միջազգային Օր ՄԱԿին մէջ : Անհրաժեշտ էր այս նպատակին հասնելու համար առաջին հերթին այս տարեդարձը եւ լոզունգը ամրագրել պաշտօնապէս Հայաստանի մէջ եւ այդ գծով անհրաժեշտ էր որ առաջին հերթին Հայց. Առաք. Եկեղեցին առնէր նախաձեռնութիւնը եւ այդ օրը արձանագրէր իր օրացոյցին մէջ: Ապա, խնդրելով հարց տուի Հայրապետին թէ կրնա՞յ իր բարեխօսութիւնը միացնել այն դիմումին եւ առաջարկին որ պիտի կատարէինք Հ.Հ. եան Նախագահին : Կ’ուզեմ հաստատել թէ Վեհափառ Հայրապետը անմիջապէս իր ամբողջական համաձայնութիւնը յայտնեց այս կարեւոր նախաձեռնութեան: Առանց որեւէ վարանումի Ան յայտնեց թէ ինք եւս այս նիւթին շուրջ որոշ խորհրդածութեանց մէջ էր եւ հետեւաբար նախաձեռնութիւնը պիտի առնէր անմիջապէս եւ կոնդակով կամ Հայրապետական գիրով, Հայաստան եւ ի Սփիւռս աշխարհի հրահանգէր մեր բոլոր եկեղեցիներուն որպէսզի Յունուարի 19-ը ամրագրեն իբրև  Հրանդ Տինքի օր եւ թէ պիտի հրահանգէր որպէսզի կանոնաւորապէս ամէն տարեդարձի օր  մատուցուի հանդիսաւոր Պատարագ եւ կատարուին համապատասխան յիշատակման արարողութիւններ: Ինչ կը վերաբերէր Հանրապետութեան Նախագահին մօտ առնուելիք քայլերուն, Վեհափառը հասկնալիօրէն նախընտրելի եւ աւելի պատշաճ նկատեց որ ես իմ ունեցած կապերովս սկսիմ արծարծել այդ նիւթը եւ խոստացաւ թէ առաջին եւ յարմարագոյն պատեհութեամբ ինք եւս իր համաձայնութիւնը եւ նպաստաւոր կարծիքը պիտի յայտնէր անոր այս ծրագրին կապակցութեամբ:

Ահա ուրեմն առաջին քայլը ամբողջովին յաջողած էր: Յաջորդ քայլ առնելու պատեհութիւնն ալ արդէն կը ծրագրուէր միտքիս մէջ: Արդարեւ գիտէի թէ անմիջական յաջորդ ամիսներուն Փարիզի մէջ առիթը պիտի ստեղծուէր հանդիպելու Նախագահ Քոչարեանին:

Արդարեւ 2007 տարին Ֆրանսայի մէջ հռչակուած էր L’Année de L’ Armenie «Հայաստանի Տարին»: Այդ առիթով աշխարհահռչակ Լուվրի Թանգարանին մէջ կազմակերպուած էր Armenia Sacra Հայկական հարիւրաւոր խաչքարերու աննախընթաց եւ հրաշալի ցուցադրութիւնը: Արդէն իսկ ծրագրուած էր որ այդ առիթով Հ.Հ. Նախագահը պաշտօնական այցելութեամբ պիտի գտնուէր Փարիզ: Նոյն օրերուն կը նախատեսուէր նաեւ Ամենայն Հայոց Հայրապետին ներկայութիւնը այնտեղ: Այս բոլորէն զատ այդ շրջանին, նախաձեռնութեամբ այդ օրերու Հայաստանի Արտաքին Գործերու նախարար Վարդան Օսկանեանին Փարիզի մէջ տեղի պիտի ունենար Ատրպէյճանի սահմանամերձ գիւղերու աշխուժացման եւ վերակառուցման Սփիւռքի օգնութիւնը ապահովելու ծրագրին մասին մեծ ժողով մը:

Միջանկեալ պէտք է ըսեմ թէ այդ շրջանին արդէն իսկ տարիներէ ի վեր ես իմ անձնական գործովս, իմ ստեղծած յատուկ թէքնօլօժիներու գործադրման պատասխանատուութեամբ կանոնաւոր յաճախականութեամբ տարւոյն կարեւոր մէկ մասը կ’անցնէի Փարիզ եւ հետեւաբար այս բոլորը հրաշալի զուգադիպութեամբ մը կը համընկնէին իմ ժամանակացոյցիս հետ: Նոյն ժամանակ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի, թէ Ռ.Ա.Կ.-եան եւ թէ ալ Գանատայի Թեմական իմ հանգամանքներովս անպայմանօրէն մօտէն առնչուած պիտի ըլլայի վերոյիշեալ այցելութիւններուն եւ հանդիպումներուն հետ:

Այսպէս ուրեմն առաջին յաջորդ առիթը եղաւ գլուխ գլխի նստիլ Վարդան Օսկանեանին հետ, եթէ չեմ սխալիր Champs Elysee-ի վրայ գտնուող Marriott- պանդոկին մէջ, իր կողմէ կազմակերպուած հայկական գիւղերու օժանդակութեան վերաբերեալ ժողովին մէկ երկար ընդմիջումին ընթացքին:

Իսկական ոգեւորութեամբ պարզեցի իրեն այս համարձակ ծրագիրը որուն առաջին՝ եւ իմ մտքովս ամէնահեշտ հանգրուանը պէտք էր ըլլար Հայաստանի պետութեան կողմէ «Հրանդ Տինքի օր» գաղափարին պաշտօնական որդեգրումը եւ հաստատումը, որուն պէտք էր յաջորդէր Հայաստանի կողմէ Մ.Ա.Կ.-ի մէջ առաջարկել այդ օրը յայտարարել Մարդու խօսքի Ազատութեան Միջազգային խորհրդանշական օր:

Պրն. Օսկանեան որուն հետ բաւականին մօտ ծանօթութիւն հաստատելու պատեհութիւնը ունեցած էի, հետաքրքրութեամբ եւ համակրական խօսքերով ընդունեց իմ ներկայացուցած ծրագիրս: Սակայն զգացի թէ այն ինչ որ ես տուեալ առած էի թէ Հայաստանի պետական մօտեցումը պիտի ըլլար շատ դրական եւ անմիջական, ընդհակառակ Օսկանեանին մօտ տեսայ թէ կային բաւական վերապահութեան նշաններ: Օսկանեան ի վերջոյ ըսաւ թէ գաղափարը լաւ է եւ սակայն աւելցուց “Շուտով առիթը կրնաս ունենալ այդ առաջարկը նոյն ինքն Նախագահին ներկայացնելու: Շատ կարեւոր է եւ լաւ կ’ըլլայ որ ուղղակի իրեն խօսիս”:

Այսքանը լաւ էր, թէեւ զգացի թէ իր կեցուածքը գաղջ էր, իսկապէս ալ գրեթէ անմիջապէս ցած ձայնով աւելցուց հարցական ձեւով «կը կարծես թէ Հայաստանի մէջ խօսքի ազատութիւն կա՞յ»:

Այս անգամ բնականաբար անդրադարձայ թէ շատ աւելի լուրջ էր պարագան: Մեծ էր յուսախաբութիւնս: Անհրաժեշտ էր վերադառնալ իրատեսութեան:

Սակայն ըստ սովորութեանս անմիջապէս տեղի պիտի չտայի եւ չբաւարարուէի այս առաջին եւ սակայն լուրջ բացասական զարգացումով: Մօտ էր Նախագահ Քոչարեանի հետ դէմ դիմաց հանդիպելու առիթը:

«Armenia Sacra» Լուվրի ցուցահանդէսին առիթով ըստ նախատեսուած ծրագրին Փարիզ կը գտնուէր Նախագահը:

Փարիզի Հ.Բ.Ը.Մ.-եան շրջանակը այդպիսի առիթներով տարիներէ ի վեր տպաւորիչ աւանդութիւնը եւ կարողութիւնը ցուցաբերած է կազմակերպելու բարձրագոյն մակարդակով հրաշալի ընդունելութիւններ:

Այս անգամ եւս Նախագահի այցելութեան առիթով ան կազմակերպած էր իսկապէս պատկառելի եւ շքեղ ճաշկերոյթ հանդիսութիւն մը Փարիզի համբաւաւոր Le Grand Hotel Intercontinental-ի 19-րդ դարու թագաւորական Napoleon III- ի պալատական շքեղութեամբ հսկայ սրահին մէջ: Այդ առիթով ես որպէս Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Փոխ Նախագահ եւ տիկինս Նատիան, հոն ներկայ էինք: Այնտեղ էր ընտրանի բազմութիւն մը ուր կը տեսնուէին ֆրանսահայ բազմաթիւ ծանօթ անձնաւորութիւններ: Մեզի սեղանակից էր Petrossian խավիարի աշխարհահռչակ հաստատութեան տէր Պրն. Պետրոսեան որ խանդավառութեամբ մեզի կը պատմէր Հայաստան իր կատարած նոր այցելութեան մասին, կը ծրագրէր այնտեղ հաստատել ձկնաբծութեան եւ խավիարի արտադրութեան գործարան մը:

Գլխաւոր սեղանին շուրջ տեղ գրաւած էին Նախագահ Քոչարեան իր տիկնոջ հետ եւ կողքին կը նստէր Ամենայն Հայոց Հայրապետը:

Որքան որ Վարդան Օսկանեանի խօսքերը բաւական վհատեցուցիչ եղած էին, բնականաբար պիտի անպայման վերջին ջանքով մը օգտագործէի այս առիթը:

Երկար երեկոյթին ընթացքին դադարի նման ժամանակ մը յարմար նկատեցի մօտենալու Նախագահի սեղանին ուր Վեհափառը որուն հետ արդէն իսկ ունէինք ամբողջական հասկացողութիւն այս հարցին առնչութեամբ, մեծ ջերմութեամբ ողջունեց զիս եւ հրաւիրեց որ միանամ իրենց հետ խօսքը ուղղելով Պրն. Քոչարեանին ըսաւ «Պրն. Նախագահ ծանօթ էք Դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեանին որ Ռամկավար Կուսակցութեան գերագոյն ղեկավարներէն է: Դոկտ. Կէօնճեանը կարեւոր ծրագիր մը ունի որուն մասին կ’ուզէ խօսիլ Ձեզի հետ»:

Ասկէ աւելի պատեհ առիթ չէր կրնար ըլլալ բնականաբար: Հետեւաբար քաղաքավարական քանի մը խօսքերէն ետք անմիջապէս անցայ բուն նիւթիս եւ ամբողջական լրջութեամբ ծանրակշիռ խորհրդածութիւններով ներկայացուցի ազգային մեծ նշանակութիւն ներկայացնող “Հրանդ Տինքի օրուան” ծրագիրը, մտքիս ետին ունենալով Օսկանեանի նշանակալից խօսքերը:

Պարոն Քոչարեան համբերութեամբ եւ դէմքին որոշ ժպիտով մը հետեւեցաւ խօսքերուս եւ վերջաւորութեան նշանակալից դարձուածքով մը եզրակացուց մօտաւորապէս ըսելով «Հասկցայ ձեր ծրագիրը: Լաւ գաղափար է: Նկատի կ’առնենք ձեր ըսածները եւ ձեզի կը տեղեկացնենք մեր առնելիք քայլերուն մասին»… Շնորհակալութիւն յայտնեցի անշուշտ եւ ըսի թէ կսպասենք այդ մասին Հայաստանի դիրքորոշման որպէսզի մենք մեր կարգին աւելի մեծ ուժգնութեամբ նախաձեռնենք յաջորդ միւս աշխատանքներուն:

Դժբախտաբար գիտէի արդէն թէ ճանապարհը փակ էր եւ բնականաբար այդ հանդիպումէն ետք ոչ մէկ նշան ստացայ Երեւանէն այս կապակցութեամբ:

Վեհափառ Հայրապետը սակայն իր կարգին, համաձայն իր խոստումին, այդ օրերուն իսկապէս ալ ուղարկեց իր Հայրապետական գիրը կամ կոնդակը: Սակայն դժբախտաբար չեմ խորհիր թէ ի վերջոյ Յունուար 19-ը գործնապէս հաստատուեցաւ որպէս պաշտօնական մնայուն տարեդարձի օր մեր եկեղեցիներուն մէջ: Եթէ այդպէս է, այսօր ուշ չէ որպէսզի ամբողչացուի այդ գործողութիւնը:

Նոյնպէս ընթացիկ այս ամիսներուն Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն ընդհանուր համայնապատկերին վրայ, կը խորհիմ թէ վերեւի կարգ մը տուեալները յատուկ եւ որոշ նշանակութիւն ունին անցեալի իշխանութեան հոգեբանութեան մասին : Նոր Հայաստանին մէջ կարելի է և պէտք է սրբագրել անցեալի այս բացթողումր: Նոր Հայաստանի

մէջ պէտք է բանալ նոր հորիզոններ:

Ահա այսքանը ուզեցի որ արձանագրուած ըլլայ պատմութեան համար եւ ի գիտութիւն հետաքրքրուողներուն:

Այլապէս, այս բոլորէն վեր, մշտական  յարգանք իսկական ազգային հերոս Հրանդ Տինքի յիշատակին: