Հալէպի հայաշատ թաղամասին մէջ հրասանդեր ինկած են

Հալէպի հայաշատ Նոր Գիւղ թաղամասին մէջ Ապրիլ 14-­ի կէսօրին հրասանդեր ինկած են:
Այս մասին «Արմէնփրես»-­ին նշած է Բերիոյ թեմի ազգային առաջնորդարանի խօսնակ Ժիրայր Ռէյիսեան` աւելցնելով, որ հրասանդները ինկած են Քարէն Եփփէ ճեմարանի մօտ գտնուող բնակելի շէնքի մը վրայ` պատճառելով նիւթական վնասներ:
«Բարեբախտաբար, բնակարաններուն մէջ մարդիկ չեն եղած, սակայն երկու յարկաբաժիններ ամբողջովին աւերուած են, կարելի է ըսել գոյութիւն չունին»,-­ նշած է Ռէյիսեան:
Ան նաեւ տեղեկացուցած է, որ աւերուած բնակարանները հայերու բնակարաններ են:
Ռէյիսեանի խօսքով` Հալէպի մէջ անկայուն, մտահոգ վիճակը կը շարունակուի, անակնկալներ մշտապէս սպասելի են:
Առաջնորդարանի խօսնակը նախապէս տեղեկացուցած էր, որ Ապրիլ 11-­ի ռմբակոծութեան հետեւանքով առաջնորդարանի շէնքը քարուքանդ եղած է եւ՝ անգործածելի:
Ռմբակոծութեան հետեւանքով վիրաւորուած էին քանի մը հայեր, որոնք կը գտնուին բժիշկներու հսկողութեան տակ: