Հայերս միշտ կը պարծենանք այն ազգային դերով որ մեր եկեղեցին կատարած է պատմութեան ընթացքին: Յատկապէս այն դարերուն երբ հայութիւնը նոր էր ընտրած քրիստոնէական կրօնքը: Այդ շրջանին Սահակ Պարթեւներ եւ արքաներ էին ընդգրկուած պետութիւն-եկեղեցի յարաբերութիւնները կանոնակարգելու: Սակայն երբ կորսնցուցինք մեր պետականութիւնը, եկեղեցին մնաց թէ հոգեւոր իշխանութիւն եւ թէ – որոշ չափով նաեւ – աշխարհիկ իշխանութիւն: Հետեւաբար զարմանալի չէր որ Օսմանեան շրջանին պետութիւնը ընդունեց մեր եկեղեցին իբրեւ պետութեան մէջ պետութիւն: Ազգային Սահմանադրութիւնը որ վաւերացուեցաւ Օսմանեան իշխանութեանց կողմէ 1863ին յառաջացուց օրինական կառոյց մը որ կանոնակարգէր հայկական Միլլէթին թէ հոգեւոր եւ թէ մանաւանդ՝ քաղաքական ու քաղաքացիական կեանքը:
Այսօր արեւմտեան երկիրներու մէջ եւ յատկապէս Ամերիկայի, ուր ազատութիւն կը տիրէ համայնքներուն ու փոքրամասնութեանց իրենց հոգեւոր եւ հասարակական կեանքը տնօրինելու, իրաւական կեանքը կը ճանչնայ տուեալ համայնքին – ինչպէս նաեւ հասարակական կազմակերպութեանց – ներքին կանոնագրութիւնը. Տարակարծութիւններ լուծելու եւ օրինականութիւնը պահպանելու: Բնականաբար երբ համայնքին կամ հասարակական կազմակերպութեան ներքին կանոնագրութիւնը հակասութիւններ չի բովանդակեր երկրին օրէնսդրութեան հետ: Բացառութիւններ կան, անշուշտ, ինչպէս Անգլիոյ մէջ յաճախ իսլամական համայնքներ կ’արտօնուին իրենց կեանքը դասաւորելու շարիայի օրէնսդրութեամբ, հակառակ որ յաճախ շարիան հակասութեան մէջ է պետութեան օրէնքներուն հետ:
Մայիս 3ին պատմական նախաձեռնութիւն մը վերցուցին Հայաստանի պետութիւնն ու Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին, համատեղ նիստ մը գումարելով Ամենայն Հայոց Հայրապետին եւ Հայաստանի վարչապետին հովանաւորութեամբ: Նախաձեռնութիւնը պատմական էր այն իմաստով որ պետութիւն-եկեղեցի յարաբերութիւնները չէին կանոնագրուած ըստ արժանւոյն:
Հանդիպումը երկու կառոյցներու կողմէ նշանակուած աշխատանքային յանձնաժողովներու բանակցութեան մը սկիզբը կը հանդիսանար:
Խորհրդային ժամանակաշրջանին երբ պետութիւնը կը փորձէր կերտելու սովետական մարդը, սովետական կերպարը եւ սովետական ընկերային արարածը՝ նախ կը փորձէր կազմաքանդել հայ մարդը զայն հեռացնելով իր ազգային ակունքներէն եւ ապա, կը կազմաքանդէր մարդ արարածը իբրեւ ընկերային միաւոր: Երբ փլաւ սովետական դրութիւնը առանց կարենալ կաղապարելու սովետական քաղաքացին, կամ սովետական ընկերային տարրը, այդ փլուզման ետին մնացին կազմաքանդուած հայն ու կազմաքանդուած մարդը:
Անկախութեան շրջանին, երբ անհատը գտաւ իր ազատութիւնը վերադառնալու իր իրական բնազդներուն եւ աւանդութիւններուն՝ մնաց շուարումի մէջ իր ազգային արժէքները չափելու իր հոգեւոր կեանքը կանոնաւորելու եւ նոյնիսկ իր ընկերային յարաբերութիւնները վերականգնելու: Այսպիսի իրավիճակի մը մէջ է որ շարունակեց Հայաստանեայց Եկեղեցին գործել եւ բնականաբար խարխափումներու հանդիպիլ: Սովետի ծանր շուքը նստած է տակաւին անհատին մէջ եւ կը շարունակէ հակակշռել անոր դատողութիւնը:
Երբ անկախութիւնը եկաւ, Հայաստանի իշխանաւորները, սովետէն ժառանգ մնացած ամենագիտութեամբ փորձեցին ճանչնալ եկեղեցին եւ յարաբերիլ անոր հետ: Լեւոն Տէր Պետրոսեանի յաւակնութիւնը եկեղեցւոյ տագնապը կախարդական ցպիկով մը լուծելու կու գայ այդ մտայնութենէն: Անոր յաջորդող իշխանութիւնները աւելի ձեռնհաս վերաբերում մը չունեցան եկեղեցւոյ հարցերուն նկատմամբ: Ընդհակառակն, փոխանակ փորձելու եկեղեցւոյ բաժանումը վերացնելու՝ քաղաքական մարզանքներ ըրին անոր բաժանեալ թեւերուն հետ:
Այսօր երբ պետութիւն եւ եկեղեցի յանգած են այն համոզման որ ժամանակը հասած է յարաբերութիւններ կանոնակարգելու, ատենն է որ սովետի քանդածը տեղ ու դեր չունենայ մօտեցման տրամաբանութեանց մէջ:
Որպէսզի պետութիւնը կարենայ յարգանքով վարուիլ եկեղեցւոյ նկատմամբ, եկեղեցին ինքը պէտք է վերականգնի՝ որքան իր ազգային աւանդութեամբ, նոյնքան նաեւ ներկայ դարու արժէքները ճանչնալու եւ կիրարկելու իրաւունքով:
Տասնամեակներէ ի վեր սեղանի վրայ է եկեղեցւոյ կանոնադրութեան ծրագիրը, սակայն այն դեռ հեռու է կեանքի կոչուելէ: Եթէ այսօր չկան Օրմանեաններ, Փառէն Սրբազան Մելքոնեաններ, Տիրան Սրբազան Ներսոյեաններ կրօնական շարքերէն ներս, վստահաբար գոյութիւն ունին աշխարհական մասնագէտներ՝ կանոնադրութիւն մը ամբողջացնելու: Այդ պարագային պետութեան համար դժուար պիտի չըլլայ ճանչնալ եկեղեցւոյ դիմագիծը, անոր կարգն ու կանոնը եւ համապատասխանօրէն վերաբերուելու անոր հետ:
Կարդալով Ամենայն Հայոց Հայրապետին եւ վարչապետ Փաշինեանին բացման խօսքերը, ընթերցողը կը յուսայ որ համապատասխան յանձնաժողովներուն մէջ կը գտնուին աւելի ձեռնհաս միտքեր, աւելի խորքային կերպով վերլուծելու կացութիւնները եւ օրինական ուղի մը բանաձեւելու նախ եկեղեցիին ապա նաեւ պետութեան հաշուոյն:
Կարծէք յիշեցման կարգով պէտք է ոգեկոչել այն ասացուածքը որ կ’ըսէ. «պատերազմի ճակատագիրը պէտք չէ թողուլ զօրավարներուն»:
Վեհափառի զեկոյցին մէջ նշուած են երեք գլխաւոր կէտեր որոնք դեր պիտի կատարեն պետութիւն-եկեղեցի կանոնակարգումին մէջ: Առաջինը այն է որ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին ճանչցուած է իբրեւ Ազգային եկեղեցի Հայաստանի Սահմանադրութեան մէջ: Երկրորդ կէտը այն է որ եկեղեցի-պետութիւն իրարմէ անկախ միաւորներ են: Իսկ երրորդ կէտը սովետի Ժառանգութիւնն է դարձեալ: Սեղանի վրայ կը բերուի սովետի շրջանին գրաւուած եկեղեցապատկան կալուածներու վերադարձին հարցը: Այսօր երբ Էրտողանն անգամ բռնագրաւուած կարգ մը եկեղեցապատկան կալուածներ կը վերադարձնէ հայ համայնքին, Հայաստանի պարագային աւելի լուրջ հարցադրում մը կը դառնայ կալուածներու խնդիրը:
Վերոյիշեալ հարցերը սեղան կը բերուին, որովհետեւ անոնք խնդրոյ առարկայ դարձած են հասարակութեան մէջ: Օրինակ հարցադրումներ կան որ ինչո՞ւ նախապատուութիւն կը տրուի Սահմանադրութեան մէջ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ եւ ոչ՝ այլ յարանուանութեանց: Արդարեւ կրնայ արդար հարցադրում մը թուիլ ան՝ մինչեւ որ մօտենանք խորքին: Բացատրութիւնը շատ պարզ է. եթէ պիտի առաջնորդուինք ժողովրդավարական սկզբունքներով՝ պիտի ըսենք թէ հայոց մեծամասնութիւնը կը պատկանի Առաքելական եկեղեցւոյ, հետեւաբար՝ ձայն բազմաց՝ ձայնն Աստուծով. Մեծամասնութեան իրաւունքն է որ պիտի յարգուի:
Կաթողիկէ թէ Աւետարանական համայնքներ, յատկապէս անկախութենէն ի վեր, իրենց լումային հետ բերած են նաեւ իրենց սիրտը՝ Հայաստանի կառուցման գործին եւ գրաւած են իրենց արժանի տեղը հասարակութեան մէջ:
Բայց խնդրոյ առարկաները այդ յարանուանութիւնները չեն, ոչ ալ խնդրայարոյցները, այլ այն ոյժերը որոնք կ’ուզեն տապալել Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ հեղինակութիւնը Հայաստանի մէջ: Սորոսներու եւ հասարակական այլ կազմակերպութիւններու մունետիկները, որոնք առաքելութիւնն ունին խաթարելու հայկական բարոյական բարքերը եւ ականահարելու հայոց եկեղեցին որ ամրոցն է այդ արժէքներուն: Այդ մունետիկները իրենցմէ շատ աւելի մեծ աղմուկ հանելու հնարաւորութիւնն ու ցանցային միջոցները ունին՝ բազմապատկելու իրենց աղմուկը եւ քաղաքական խաղին մէջ դեր մը կատարելու:
Երկրորդ կէտը կերպով մը կը բխի առաջինէն, թէ պետութիւն եւ եկեղեցի անջատ միաւորներ են: Քաղաքակիրթ երկիրներու մէջ կիրարկուած այդ բաժանումը կը կարօտի լուրջ սահմանումի: Երկու միաւորներու անջատ ըլլալու պարագան չի նշանակեր որ անոնք հակամարտ գոյութիւններ են: Եթէ ճշգրիտ եւ իրաւական սահմանում չկատարուի՝ բաց թողուած կ’ըլլայ չարաշահումի ճանապարհը: Վարչապետ Փաշինեան հազիւ անխոհեմութիւնն ունեցաւ եկեղեցւոյ եւ պետութեան բաժնուած ըլլալու սկզբունքը յիշատակելու՝ մարդիկ փորձեցին եկեղեցւոյ խնդիրները փողոցին մէջ լուծել:
Կալուածներու գրաւման հարցը ունի երկու յստակ բաժանումներ – առաջինը՝ գոյքի եւ նիւթական արժէքներու բռնագրաւումը, երկրորդ՝ վանքերու եւ յուշարձաններու սեփականութեան հարցը: Թէ պետութիւնը եւ թէ եկեղեցին բնականօրէն շատ հետաքրքրուած են նիւթական արժէքներու տիրութեամբ: Սակայն, երկուքին պարագային ալ հասկնալիօրէն դժուար է տիրութիւն ընել վանքերու եւ եկեղեցիներու, որոնք կարիքն ունին հսկայածախս վերանորոգումի եւ ապա՝ պահպանումի, թէ իբրեւ հոգեւոր մշակութային արժէք եւ թէ մանաւանդ՝ զբօսաշրջիկութեան դրամագլուխ:
Կ’ըսուի թէ հայկական վանքերն ու հին եկեղեցիներ – թէեւ թիւով նուազ – շատ աւելի հոգատար վերաբերումի կ’արժանանան սահմանին միւս կողմը՝ Պարսկաստանի մէջ, քան երբեմն, Հայաստանի:
Մեր երկիրը հսկայ ժառանգութիւն մը ունի հնութիւններու, որոնց տիրութիւնն ու պահպանումը վեր է պետութեան եւ եկեղեցական իշխանութեանց կարողութենէն:
Խնդիր մըն է որ պետութիւնն ու եկեղեցին պէտք է կարենան լուծել, առանց խուսափելու պատասխանատուութենէ:
Գալով վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ելոյթին՝ ան ունի աւելի ընդհանրական բնոյթ, բացի մէկ հարցէն, որ խնդրոյ առարկայ կը դառնայ եկեղեցին կամ եկեղեցականներու հարկ վճարելու օրէնքը: Բաց աստի ան ունեցած է անկեղծութիւնը նշելու որ վերջերս կարդացած ըլլալով Նոր Կտակարանը ծանօթացած է քրիստոնէական արժէքներուն, ինչ որ կը հաստատէ մեր վերեւի վերլուծումը սովետ մարդու կերպարին մասին, որմէ ազատագրուած է վարչապետը: Աւելի անդին վարչապետը կ’ըսէ. «Ի հարկէ կարիք չկայ ասելու, թէ մեզ համար ինչպիսի մեծ կարեւորութիւն եւ դերակատարում ունի Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին»:
Շեշտելէ ետք Հայ Առաքելական Եկեղեցիին դերը վարչապետը կը զառածի ընդհանրութիւններու մէջ, այսպէս, հաստատելով «Ինձ համար կարեւոր է ոչ միայն Հայ Առաքելական Եկեղեցու դերակատարումը Հայաստանի Հանրապետութիւնում եւ ընդհանրապէս հայութեան շրջանակում, այլ ինձ համար շատ կարեւոր է Հայաստանի Հանրապետութիւնում քրիստոնէական արժէքների արմատաւորումը»:
Սկզբունքներու ընդհանրացումը կրնայ աղէտալի հետեւանքներ ունենալ. հայութիւնը շատ նահատակուեցաւ այդ «քրիստոնէական արժէքներուն»ի խնդիր: Համայնավարութիւնն ալ ճամբայ ելաւ համայն մարդկութիւնը փրկելու առաջադրանքով՝ բայց վերջացաւ առանձին ազգերը կործանելով: Մենք մեր քրիստոնէութիւնը ազգայնացուցած ենք եւ մեր ազգայնականութիւնը՝ քրիստոնէացուցած: Մեր եկեղեցին պէտք է մնայ սահմանը մեր քրիստոնէական արժէքներուն: Ընդհանուր արժէքներու եւ սկզբունքներու յարիլը երբեմն կ’առաջնորդէ ինքնութեան, այս պարագային՝ ազգային ինքնութեան խաթարման:
Ի դէպ մեր եկեղեցին աստուածաբանական կամ բնազանցական մեկնութիւններ չ’ակնկալեր պետութենէն, այլ օրէնքի եւ օրինականութեան վրայ հիմնուած կառուցային յարաբերութիւններ:
Եթէ վարչապետը ինքնակամ կերպով սերտած է Նոր Կտակարանը եւ գտած է որ անոր սկզբունքները կը համընկնկնին «Իմ քայլը» յեղափոխութեան սկզբունքներուն՝ պէտք չէ ակնկալել որ իւրաքանչիւր քաղաքացի կատարէ նոյն փորձը: Հետեւաբար դեր ունին կատարելիք քրիստոնէական արժէքները մեր յեղափոխուած հայրենիքին մէջ եւ քաղաքացին պէտք է դաստիարակուի այդ արժէքներով, առանց սակայն տոկմաթիք ուսուցման: Բայց առաւել եւս՝ քաղաքացին պէտք է իրազեկուի մեր եկեղեցւոյ պատմութեամբ: Առանց դաւանաբանական ոլորտներու մէջ մտնելու հանրային կրթարաններուն մէջ պէտք է հաստատուին եկեղեցւոյ պատմութեան դասաւանդութիւններ, համապատասխան դասագիրքերով: Որովհետեւ շատ յաճախ մեր եկեղեցւոյ պատմութիւնը՝ նաեւ պատմութիւնն է մեր ժողովուրդին: Իրենց հերթին սեփական կրթարաններ պէտք է ազատ կացուցուին համապատասխան դաւանանքի դաստիարակութիւնը ստանձնելու:
Եզրակացնելու համար պէտք է շեշտել որ մեր եկեղեցին կարիքն ունի արդիական ժամանակներու շունչով յօրինուած կանոնագրութեան մը, որով պիտի ճանչցուի պետութենէն: Այդ կանոնադրութիւնը ողնայարն է որուն շուրջ պէտք է վերակառուցել եկեղեցւոյ մարմնին բաժանեալ մասերը:
Նոր իշխանութիւնները սորվելիք շատ բան ունին, մանաւանդ եկեղեցական հարցերու մէջ. բայց նաեւ տրամադրուած են եւ կը դրսեւորեն ողջունելի բանիմացութիւն մը, որ կրնայ զիրենք առաջնորդել եկեղեցւոյ ինքնութեան ու դերին լիարժէք գնահատման եւ համապատասխան առողջ վերաբերումին եւ նախաձեռնութիւններուն:
«ՊԱՅՔԱՐ» շաբաթաթերթ