Խմբագրական
Անցնող 16 տարիներուն նախագահ Էրտողան յաղթանակէ յաղթանակ կը յառաջանայª վերստին սահմանելով Թուրքիոյ քաղաքական դիմագիծը եւ իր ոյժը ծաւալելով Թուրքիոյ սահմաններէն անդին: Էրտողանի քաղաքական խարիսխը հանդիսացած է Իսթանպուլը, նախկին Օսմանեան կայսրութեան մայրաքաղաքը: Իր 16 միլիոն բնակչութեամբ Իսթանպուլը գրեթէ երկրին մէկ հինգերորդը կը գրաւէ: ՙԱն որ կը շահի Իսթանպուլը` կը շահի նաեւ Թուրքիան՚ ըսած է Էրտողան:
Իր քաղաքական ասպարէզը սկսած է իր ծննդավայր Իսթանպուլէն որուն քաղաքապետը ընտրուած է ան: Ապա կազմելով կրօնամէտ ՙԱրդարութիւն եւ Յառաջդիմութիւն՚ (AKP) կուսակցութիւնը ան ձեռնարկեց արշաւի մը` ետ մղելով Աթաթիւրքի աշխարհիկ (լայիք) պետական կառուցուածքը ապաւինելու եւ օգտագործելու պահպանողական զանգուածներու կրօնական ջերմերանդութիւնն ու մոլեռանդութիւնը:
Ան նաեւ քաղաքական սադրանքներով չեզոքացուց գրեթէ իր բոլոր հակառակորդներն ու մրցակիցները: Էրկենեքոնի շինծու դաւադրութեան մը ամբաստանութեամբ չէզոքացուց զինուորական կառոյցը որ Թուրքիոյ քաղաքական կեանքի յենարանն էր` սահմանադրութեան պահապանի իր դերով:
Ուրիշ ՙպետական հարուած՚ի մը յերիւրանքով ալ բանտերը լեցուց կիւլենականներն ու ենթադրեալ կիւլենականները: Լռեցուց մամուլն ու մտաւորականութիւնը եւ սկսաւ միահեծան իշխել Թուրքիոյ մէջ:
Էրտողան աչքը յարած էր 2023 թուականին, նշելու համար հանրապետութեան հարիւրամեակը: Դէպի հարիւրամեակ ընթացող իր յառաջխաղացքով ան իրագործեց կարգ մը շինարարական հսկայ ծրագիրներ ինչպէսª Սուլթան Սուլէյման երրորդ կամուրջը Վոսփորի վերեւ, Մարմարայի ծովուն տակի ընդուղին եւ հսկայ նոր օդանաւակայանը: Այս բոլոր զգայացունց ծրագիրները իրականացուց միլիարդաւոր տոլարի պարտքեր վերցնելով միջազգային շուկաներէն: Սակայն, թուրքական լիրան լուրջ անկում կրեց, տնտեսութիւնը վատթարացաւ եւ պարտքերը հատուցանելու ժամանակը մօտեցաւ:
Ահա այսպիսի պայմաններու տակ է որ կայացաւ Իսթանպուլի քաղաքապետի ընտրութիւնը: Առաջին ընտրութիւնը կայացաւ Մարտ 31ին եւ քաղաքապետական թեկնածուն Էքրամ Իմամօղլու Հանրապետական կուսակցութենէն (քեմալիստ) ընտրութիւնը շահեցաւ 113,000 քուէի տարբերութեամբ, ընդդէմ Էրտողանի կուսակցութեան թեկնածու եւ նախկին վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմի:
Էրտողան չընդունեց պարտութիւնը եւ որոշուեցաւ վերստին կայացնել քաղաքապետի ընտրութիւնը որ կայացաւ Յունիս 24ին:
Էրտողան անձամբ եւ իր ներքին գործոց նախարարը Սէօյլիւ զրպարտութեան ահաւոր պայքար մը մղեցին Իմամօղլուի դէմ, որուն շուրջ հաւաքուած էին գրեթէ ընդդիմադիր բոլոր ոյժերը, առանց գաղափարի խտրութեան, քրտամէտ կուսակցութենէն մինչեւ աջակողմեան Էյի կուսակցութիւնը: Էրտողանի վարչամեքենան իր տրամադրութեան ներքեւ ունէր պետական կառոյցը, լրատու միջոցները եւ ընտրողները վախցնելու բոլոր հնարաւորութիւնները: Սակայն այդ բոլորը աւելի նպաստեցին Իմամօղլուի որ շահեցաւ քուէներուն 54 տոկոսը Եըլտըրըմը 45 տոկոսին դիմաց: Իսթանպուլի մէջ քուէարկութեան իրաւունք ունեցող 10 միլիոն քաղաքացիներուն 84.5 տոկոսը փութացած էր քուէատուփ:
Ընտրապայքարի օրերուն Էրտողան անձամբ սպառնացած էր Իմամօղլուին, դատական միջոցներով զրկել զինք քաղաքապետի պաշտօնէն, իբրեւ թէ ան հրապարակաւ անարգած ըլլար պետական պաշտօնեայ մը: Այդ բոլոր սպառնալիքները ի դերեւ ելան եւ Էրտողան գտնուեցաւ պարտութեան դառն իրականութեան դիմաց:
Իմամօղլու, ընդհակառակն տարաւ մաքուր պայքար մը առանց կորսնցնելու իր պաղարիւնութիւնը, նոյնիսկ երբ Էրտողան զինք կ’ամբաստանէր իբրեւ Կիւլէնի հետեւորդ եւ ՓՔՔի համակիր:
Իր յաղթանակէն ետք Իմամօղլու յայտարարեց որ մենք յարգանքով պիտի վերաբերինք մեր քաղաքի յոյներուն, հայերուն, ասորիներուն եւ բոլոր այլազգիներուն նկատմամբ: Այսօրուանը յաղթանակ մը չէ, այլ նոր սկիզբ մը եւ հրապարակաւ կոչ ըրաւ գործակցելու նոյնինքն Էրտողանի հետ: Ան աւելցուց ՙԻսթանպուլի 16 միլիոն բնակիչները վերանորոգեցին մեր յանձնառութիւնը ժողովրդավարութեան նկատմամբ եւ վերահաստատեցին մեր հաւատքը արդարութեան նկատմամբ՚:
Այս ձեւով վերջ գտաւ Էրտողանի եւ իր կուսակցութեան 25ամեայ տիրապետութիւնը Իսթանպուլի քաղաքական կեանքին մէջ:
Էրտողան լոկ քաղաք մը չէ որ կորսնցուց, այլ ամբողջ ճակատամարտ մը: Արդէն իր մտերիմ գործակիցներէն շատեր սկսած են հեռանալ իրմէ, ինչպէս նախկին նախագահ Ապտուլլա Կիւլ եւ նախկին արտաքին գործոց նախարար Ահմէթ Տաւուտօղլու, որոնք որոշած են իրենց առանձին կուսակցութիւնները կազմել եւ գործել տարբեր քաղաքական ուղղութիւններով:
Էրտողանի պարտութիւնը անխուսափելիօրէն պիտի անդրադառնայ նաեւ անոր միջազգային վարկին վրայ, որուն առաջին փորձը պիտի տեսնենք Ճափոնի մէջ կայանալիք G-20-ններու տնտեսական համաժողովին, ուր Էրտողան կը ծրագրէր հանդիպիլ նախագահ Թրամփի եւ հարթել Թուրքիոյ եւ Ամերիկայի միջեւ առկայ քաղաքական խնդիրները եւ մասնաւորաբար համոզել իր ամերիկացի պաշտօնակիցը որ համակերպի Թուրքիոյ կողմէ Ռուսաստանէն գնուելիք S-400 տիպի հրթիռներուն:
Նախատեսութիւններ ընել շատ խոհեմ չի թուիր, սակայն վերլուծաբաններ կը խորհին թէ Էրտողան պիտի հրաժարի իր պնդումէն եւ սկսի արեւմտամէտ քաղաքականութեան մը վերադառնալ, փրկելու համար Թուրքիոյ փլուզուող տնտեսութիւնը, որուն պատճառներէն մէկն ալ նախագահ Թրամփի կողմէ սահմանուած պատժամիջոցներն էին:
Ոյժը եւ քաղաքական յաջորդական յաջողութիւնները մեծ գինովութեան մատնած էին Էրտողանը, որուն քաղաքական ընկալումները շատ զգայուն են չզգալու համար իր մօտալուտ անկումը եւ հրաժարելու ամբարտաւան կեցուածքէն, որքան ներքին քաղաքականութեան հարթակի վրայ, նոյնքան նաեւ միջազգային քաղաքականութեան մէջ:
Կարգ մը միջազգային դէտեր արդէն կը գուշակեն որ հասած է Էրտողանի անկումին, կամ վերջաւորութեան սկիզբը:
«Պայքար» շաբաթաթերթ