Վերոյիշեալ վերնագիրը անմիջապէս պիտի յիշեցնէ առողջական կամ բժշկական խնդիր մը: Արդարեւ, գոյութիւն ունի ֆիզիքական հիւանդութիւնը որ կը կոչուի «Հայկական հիւանդութիւն». պիտակում մը որ գիտական նշանակութիւն մը չունի. այդ հիւանդութեան գիտական անունն է «ընտանեկան միջերկրականեան տենդ» (Ֆամիլիալ մէտիդէրրանէան ֆիվըր), որ ընդհանրապէս կը յայտնուի հայ, հրեայ, արաբ եւ թուրք ծագումով անհատներու մօտ. հայերս, շատ մը բաներու նման իւրացուցած, սեփականաշնորհած ենք նաեւ այդ հիւանդութիւնը, որուն դարմանումը գտնուած է 1951ին եւ բուժման համար կը գործածուի Քոլչիսին (Colchisin) դեղը:
Սակայն, մեր այսօրուան նիւթը այդ հիւանդութեան մասին չէ, այլ աւելի հին, պատմական բնոյթի հիւանդութեան մը մասին է որ թափանցած է հայու էութեան եւ աւելի աղէտներ կը գործէ դարերէ ի վեր, միջերկրականեան այդ տենդէն շատ աւելի հետեւանքներով: Այդ հիւանդութիւնը հայկական անմիաբանութիւնն է, որ աւելի յարիր դարձած է հայուն էութեան քան վերեւ յիշուած հիւանդութիւնը:
Պատմական կարգ մը ճակատագրական դէպքերուն նշումը, այստեղ, պիտի համոզէ մեզ անոր հայկական սեփականութեան մասին, նոյն ատեն վեր առնելով անոր տարողութիւնը այսօրուան քաղաքական անցքերուն հետ:
Արար առաջին . Հայկական առաջին եւ վերջին կայսրութիւնը կերտուած է Տիգրան Բ., Մեծն Տիգրան արքային կողմէ, որուն իշխանութիւնը տեւեց Ք.Ա. 95էն մինչեւ 56 թուականը: Անոր կայսրութիւնը կ’երկարէր Սեւ Ծովէն մինչեւ Միջերկրական: Երբ Մեծն Տիգրան կը տողանցէր՝ չորս այլ նուաճեալ թագաւորներ իբրեւ ծառայ կ’ընկերանային անոր:
Սակայն հայկական այդ կայսրութիւնը զոհ դարձաւ հռովմէական արշաւանքին. երբ հռովմէական բանակը կը մօտենար մայրաքաղաք Տիգրանակերտին՝ հայոց Արքան, իր բարձունքէն դիտելով ըսած էր. «Եթէ ասոնք պատգամաւորներ են՝ թիւով շատ-շատ են, եթէ զինուորներ են՝ շատ քիչ են»: Սակայն հռովմէացիները եկած եւ տապալած են Տիգրանի կայսրութիւնը, դաւադիր օժանդակութեամբը Տիգրան կրտսերի, թագաւորի երրորդ որդւոյն:
Հետեւաբար հայկական կայսրութիւնը զոհ գացած է թագաւորին մեծամտութեան եւ իր զաւկին դաւաճանութեան:
Արար երկրորդ – Բիւզանդիոնի կայսրերը զոհը դարձան իրենց կարճատեսութեան, զոհելով նաեւ հայոց Բագրատունեաց թագաւորութիւնը: Հակառակ այն իրողութեան որ Բիւզանդիոն ականատեսը կ’ըլլայ իր սահմաններուն վրայ զօրացող սելճուկեան ցեղերուն՝ կը շարունակէր հալածել հայկական թագաւորութիւնն ու իշխանապետութիւնները, որոնք կրնային պատուար դառնալ սելճուգեան հորդաներուն եւ Բիւզանդական կայսրութեան միջեւ: Բիւզանդացիք 1042ին արշաւեցին Անիի թագաւորութեան վրայ եւ շնորհիւ Զօրավար Վահրամ Բահլավունիի կրեցին ծանր պարտութիւն. այդ թուականէն ի վեր է որ Անիի թագաւոր օծուեցաւ Գագիկ Բ. : Զօրավար Բահլաւուն պարտութեան մատնեց նաեւ սեճուկեան զօրքերը: Ուրեմն Անին անպարտելի էր արտաքին ոյժերու դէմ՝
Սակայն, հայոց իշխաններու կարգին էր Վեստ Սարգիս, որ բիւզանդամէտ էր: Բիւզանդացիք դիմեցին դիւանագիտական խորամանկութեան եւ Պետրոս Գետադարձ կաթողիկոսի եւ Վեստ Սարգիսի դաւադրութեամբ Անիի բանալիները յանձնուեցան Բիւզանդիոնի կայսրին:
Տարբեր հարց որ Անին երկար չմնաց բիւզանդացիներու իշխանութեան ներքեւ եւ ինկաւ սելճուկեան տիրապետութեան տակ եւ եղաւ քար ու քանդ:
Արար երրորդ – Առաջին Աշխարհամարտի ընթացքին 1918ի Փետրուարին թուրքական ոյժերը հեռացած էին Կարսի բերդէն զայն թողելով հայկական կամաւորական ջոկատներու ձեռքին տակ: Իսկ ռուսական բանակը, յեղափոխութեան պատճառաւ կը հեռանար Կարսէն «դէպի տուն» կարգախօսով, ետին թողելով հսկայ քանակութեամբ պարէն, հագուստ, զինամթերք: Ցոյց տալու համար ռուսական զինամթերքի քանակը, Զօր. Անդրանիկ կ’ըսէ թէ կրնայինք երկու ամիս անընդհատ դէպի լուսին կրակել եւ չսպառել մեր ունեցած պաշարը:
Սակայն, հակառակ Զօր. Անդրանիկի խնդրանքներուն հայ կամաւորները դարձան դասալիք. ոմանք առարկելով որ «Կարսը մեր հողը չէ, Արեւմտահայաստան է». ուրիշներ հաւատացած էին որ թուրքը պոլշեւիկ դառնալով «եղբայրացած« էր հայուն, հետեւաբար կարիք չկար կռուելու:
Այդպիսով Կարսը անցաւ թուրքերուն:
Արար չորրորդ – Հայաստանի առաջին անկախութեան օրերուն (1918-1920), երկիրը կը գտնուէր քեմալական ոյժերու եւ նոր կարմրող ռուսական նուաճման միջեւ: Դժբախտաբար այդ օրերուն ալ հայոց մէջ ինկած էր անմիաբանութիւնն ու ատելութիւնը: Հայոց այդ օրերու վիճակին մէջ ստորագրուեցաւ Ալեքսանդրապոլի ամօթալի դաշնագիրը:
Տակաւին այդ օրերու հակասութիւնները կը շարունակուին մինչեւ այսօր: Իւրաքանչիւր կողմ որ կը գրէ այդ շրջանի պատմութիւնը, ընդհանրապէս կը մնայ կողմնակալութեան մէջ: Փաստը այն է որ երբ պոլշեւիկները եկան իշխանութեան, մոռցած իրենց ազգային ինքնութիւնը, սկսան կացինահարել դաշնակցականները: Իսկ Նժդեհ, որուն ի դէպ կը պարտինք Զանգեզուրի հայկականութիւնը, չվարանեցաւ հարիւրաւոր հայ պոլշեւիկներ վար գլորելու Տաթեւի վանքի բարձրունքներէն:
Հայաստանի անկախութեան կորուստով հատուցուեցան եղբայրասպան կռիւները:
Արար վերջին – Հազար տարուան մէջ առաջին անգամ ըլլալով թուրքին ճիրաններէն կրցանք խլել կտոր մը հայկական հող – Արցախը: Տակաւին չկրցանք վայելել մեր յաղթանակը, քանի 1994 Պիշկեքի զինադադարէն ի վեր կը շարունակուի ոչ-պատերազմ եւ ոչ-խաղաղութիւն գոյավիճակը: Եւ միջազգային հանրութիւնն ալ կը շարունակէ սատարել այդ իրավիճակի յարատեւման: Պատերազմի վախը – աւելի քան ոեւէ ուրիշ ազդակ – պատճառ կը դառնայ Հայաստանի հայաթափութեան: Թուրքերը եւ Ատրպէյճանցիները գիտակից են այդ իրողութեան եւ յոյս ունին որ եթէ չյաջողեցան հայութիւնը ծունկի բերել պատերազմով՝ կրնան իրենց նպատակին հասնիլ Հայաստանի մաշումով: Ռազմագիտական իրապաշտ քաղաքականութիւն մըն է այս:
Թաւշեայ յեղափոխութիւնը փոխեց իրավիճակը Հայաստանի մէջ: Վերջ տրուեցաւ նախկին փտած իշխանութեան: Փաշինեան խոստացաւ այս անարիւն յեղափոխութենէն վերջ թոյլ չտալ որ վրէժխնդրութիւններ (վանտեթթա) տեղի ունենան: Փաշինեան, ինք ծայրայեղական մըն էր, երբ պատնէշին միւս կողմն էր, այսօր երբ իշխանութիւն է՝ կ’անդրադառնայ թէ որքան դժուար է հաւասարակշռութիւն պահպանելը:
Անգամ մը որ ամբոխը ոտքի ելլէ, յաջողութեան պարագային դժուար պիտի ըլլայ զայն վերադարձնել հանդարտ կշռադատման մակարդակին: Քաղաքացիներուն մօտ այնքան զօրաւոր է ատելութիւնը հիներուն նկատմամբ որ վրէժխնդրութեան այդ ոգին շուտով պիտի չհանդարտի: Ա յնքան ուժեղ եղաւ վարկաբեկման պայքարը հիներու դէմ որ թացին հետ չորն ալ այրելու տրամադրութիւնը դեռ կը շարունակուի: Փաշինեան ցարդ յաջողեցաւ հաւասարակշռութիւնը պահպանել Հայաստանի մէջ: Սակայն վախը այն է որ անհանդարտութիւնը չհասնի Արցախ, երբ թշնամին սահմանին վրայ կեցած պատրաստ է մեր ազգը յօշոտելու:
Դժբախտաբար խոտոր ձայներ լսուեցան նաեւ Արցախէն: Երբ ապակայունացման ամէն փորձ միայն աղէտալի կրնայ դառնալ: Կատարուեցան փոփոխութիւններ Արցախի բանակի վերին խաւերուն մէջ: Այդքանը կարծէք բաւարար չըլլար՝ դաւադիրներ փնտրուեցան Արցախի մէջ, նոյնինքն վարչապեետը այդ ուղղութեամբ արտայայտութիւն ունեցաւ:
Ազատամարտիկ Սեֆիլեանին նման սեֆիլ մարդիկ յայտարարեցին թէ այնքան ատեն որ թաւշեայ յեղափոխութիւնը չէ թափանցած Արցախ, յեղափոխութիւնը իր լրումին չէ հասած. իսկ Սասնայ Ծռեր կուսակցութեան ջոկատները զինեալ արշաւներ կազմակերպեցին դէպի Արցախ:
Պատմաբան Արա Պապեան, Մոտուս Վիվենտի հետազօտական հիմնարկի պետը – որ յայտնի է իր ծայրայեղական գաղափարներով – յայտարարած է. «Եթէ Երեւանը մերժել է նախկին իշխանաւորներին ապա նախկինները չեն կարող մնալ Ստեփանակերտում. Ստեփանակերտի իշխանութիւնները Երեւանի նախկին իշխանութեան մասնաճիւղն են եղել՝ եւ մտածողութեամբ եւ գործունէութեամբ»:
Այսպիսի ծայրայեղական դիրքաւորման արձագանգը իմացուեցաւ երբ Օգոստոս 5ին Փաշինեան ելոյթի գացած էր Ստեփանակերտ: Երբ վարչապետէն առաջ ողջոյնի խօսք կ’արտասանէր Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան՝ սուլոցներ եւ կոչեր լսուեցան՝ «հրաժարի՛ր»:
Կարծէք բաւարար չըլլային Հայաստանէն լսուած գրգռիչ արտայայտութիւնները 2020 Արցախի նախագահական ընտրութեանց պայքարի բնոյթն ալ ստացած է մտահոգիչ բնոյթ: Անցեալին՝ Ռոպերտ Քոչարեանէն Արքադի Ղուկասեան եւ անկէ՝ Բակօ Սահակեան ընտրութիւնները ընթացան սահուն կերպով, որովհետեւ գոյութիւն ունէին միշտ զգուշութիւնը, խոհեմութիւնը եւ վախը՝ որ թշնամին սահմանին վրայ է: Այսօր չորս թեկնածուներ յայտնուած են . նախկին վարչապետ Արայիկ Յարութիւնեան, խորհրդարանի խօսնակ Աշոտ Ղուլեան եւ երկու պատերազմական հերոսներ՝ Վիտալի Բալասանեան եւ Սամուէլ Բաբայեան: Այս վերջին երկուքին կողմնակիցները ոչ միայն խօսքով կը կռուին, այլ նաեւ փողոցային բախումներով:
Արցախը ապակայունացման վտանգի տակ է: Փաշինեան ամբաստանեց նաեւ արտաքին ոյժերու միջամտութիւնը, հաւանաբար վարկազրկելու համար Սամուէլ Բաբայեանը, որուն քաղաքական փլաթֆորմը կ’ընդգրկէ նաեւ նախաձեռնութիւն մը՝ Արցախը դնելու Մոսկուայի հովանիին տակ: Ծրագիր մը որ ժամանակին առաջարկուած էր Արցախի ռուս կառավարիչ Վոլսքիի կողմէ:
Վստահաբար կացութիւնը կայունացնելու նախաձեռնութիւններ էին Փաշինեանի զոյգ այցերը Ստեփանակերտ: Առաջինով երկու հանրապետութիւններով Ապահովութեան Խորհուրդը կայացուցին միացեալ նիստ, իսկ երկրորդը՝Օգոստոս 5ին, ուր վարչապետը ներկայացուց Հայաստանի զարգացման ծրագիրը (մեկա-փլէն) մինչեւ 2050 եւ իր զեկոյցը վերջացուց երկու յատկանշական կարգախօսներով՝ «Արցախը Հայաստան է. վերջ» եւ «միացում»:
Կը յուսանք որ վարչապետին այդ խանդավառ ելոյթը եւ ներքին հանդիպումները կայունացող ազդակներ կը դառնան: Աղէտալի պիտի ըլլայ այն պահը երբ մտահան ընենք որ թշնամին սահմանին վրայ է:
Զգաստանանք՝ վերեւ յիշուած պատմական չորս արարներու դասերով որպէսզի խաղաղութեամբ իջնէ վարագոյրը պատմական այս վերջին արարին եւ մեր «հայկական հիւանդութեան» վրայ: