ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ «ՀՌՉԱԿԱԳԻՐ»էՆ ԵՐԵՍՈՒՆ ՏԱՐԻ ՎԵՐՋ

Հայ ժողովուրդը 1375-էն ի վեր երբեք չէ վայելած երեք տասնամեակ տեւող անկախութեան մը բարիքը: Արդարեւ, 14-րդ դարուն է որ վերջ գտաւ Կիլիկիոյ թագաւորութիւնը մեմլուքեան արշաւանքներուն հետեւանքով – ուրեմն, վերջին 30 տարիներու անկախութեան գոյութիւնը մեր ժողովուրդին ընծայեց ինքնիշխանութեան եւ ինքնակառավարման պատմական պատեհութիւն մը, որուն կ’արժէ անդրադառնալ 1990-ի Օգոստոս 23-ին հրապարակուած «Հայաստանի անկախութեան հռչակագիր»ի լոյսին տակ: Արդարեւ, կ’արժէ յետադարձ հայեացքով մը գնահատել եւ վերարժեւորել պետականութիւն ունեցող մեր ժողովուրդին կենցաղը, կենսագրութիւնը եւ, ի մի բան` անոր գիտակից օգտագործումը տրուած անսովոր պատեհութեան:

Գիտենք որ յաճախ մեծ պետութիւններ կասկածի տակ առած են հայ ժողովուրդի կարողականութիւնը պետութիւն կերտելու եւ պետական ժողովուրդի վայել հաւաքական կենցաղ մը ունենալու` քաղաքակիրթ ազգերու ընտանիքին մէջ:

Դժբախտաբար, առիթներ եղած են որ մենք արդարացուցած ենք մեր ժողովուրդին վերագրուած այդ տկարութիւնը, մանաւանդ` հարեւան Թուրքիոյ սարսափազդու գոյութեան պատճառաւ: Թուրքը ոչ միայն կոտորեց մեր ազգը եւ անոր ձեռքէն խլեց անոր պատմական հայրենիքին ամէնէն կենսական հատուածը, այլեւ ջանաց սպաննել անոր մէջ վերականգնելու եւ վերստին պետականութիւն ստեղծելու կամքն ու իտէալը: Թող ազգասիրութեան պակաս չնկատուի երբ հաստատենք որ հայ ժողովուրդը թուրքի շուքին ներքեւ ազգային օճախ մը ստեղծելու վախը ունեցած է միշտ, եւ այսօր ալ` հազարաւորներու կարաւաններով կատարուած հայրենալքումը արտայայտութիւնն է այդ բնազդական վախին. հայրենալքում` հակառակ այն իրողութեան որ վերջին երեսուն տարիներուն անհամեմատօրէն բարելաւուած են տնտեսական պայմանները:

Շարունակուող սահմանային բախումները, Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի կողմէ կիրարկուած շրջափակումը, ինչպէս նաեւ Նախիջեւանի մէջ ստուարացող թրքական ռազմական ներկայութիւնը, Հայաստանի քաղաքացիին սիրտը կը լեցնեն առհաւական վախով մը:

Այս պատկերին դիմաց պէտք է հակադրել սովետական շրջանին կատարուած ազգահաւաքը, հակառակ բռնատիրական վարչակարգի մը ահաւոր ծանրութեան: 1920-ականներէն սկսեալ ներգաղթի ալիքները շարունակուեցան գրեթէ ամէն տասնամեակի, առաւելաբար Միջին Արեւելքի երկիրներէն, բայց մինչեւ անգամ Եւրոպայէն ու Ամերիկայէն: Մարտիրոս Սարեաններ, Երուանդ Քոչարներ, Աճառեաններ, Կոստան Զարեաններ փութացին դէպի հայրենի հող վերակենդանացնելով Խրիմեան Հայրիկի պատգամը` հողին կառչելու: Սակայն, ինչո՞ւ այս շարժումը, եթէ ոչ ապահովութեան երաշխիքէն որ կը բխէր Սովետական պետութեան հզօրութենէն, հակառակ որ այդ պետութիւնը խիստ կերպով սահմանափակած էր մեր ազգային պետականութեան իրաւունքը: Մեր ազատութեան դիմաց` տուած էր ապահովութեան երաշխիքը:

Պատմական ու հոգեբանական այս խորհրդածութիւններէն ետք, անդրադարձում մը հռչակագրի տուեալներուն պիտի պարզէ թէ որքանով մեր երկիրը յաղթահարած է իր դէմ ցցուող մարտահրաւէրները եւ որքանով արդարացուցած է«Հռչակագիր»ով սահմանուած մեր ազգային նպատակները: «Հռչակագիր»ը կը բովանդակէր մեր յետագայ սահմանադրութեան բոլոր նախադրեալները:

Օգոստոս 23-ին Հայաստանի «Գերագոյն Խորհուրդ»ի շէնքը, որ այնուհետեւ իր երդիքին տակ պիտի հիւրընկալէր առաջին խորհրդարանը` պատմական հանդիսադրութեան մէջ էր: Աւարայրէն մինչեւ Սարդարապատ հայ ժողովուրդի ինքնորոշման պայքարի պսակումն էր այդ օրը:

Այդ օրը նորաօծ խորհրդարանի բեմէն ներկայացուեցան «Հռչկագիր»ի 12 կէտերը: «Հայկական ԽՍՀ-ի դիմաց Հայաստանի Հանրապետութիւն վերանւանումէն վերջ (1), երկրորդ յօդուածով կը յայտարարուէր որ «Հայաստանի Հանրապետութիւնը ինքնիշխան պետութիւն է» (2): Ապա, հայոց պետականութեան կրողը Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովուրդն է (3): «Հայաստանի հանրապետութիւնը ապահովում է իր քաղաքացիների ազատ եւ իրաւահաւասար զարգացումը` անկախ ազգութիւնից, ռասայական [ցեղային] պատկանելիութիւնից եւ դաւանանքից» (4):

Եւ որպէսզի երաշխաւորէր այդ հանրապետութիւնը իր քաղաքացիներուն ապահովութիւնը, որոշած էր գոյութեան կոչել «սեփական զինուած ոյժեր» (5), որոնց շնորհիւ պիտի կրնար վարել անկախ արտաքին քաղաքականութիւն (6): Հայաստանի բնական հարստութեանց օգտագործման եւ տնօրինման կարգը որոշուած է Հայաստանի հանրապետութեան օրէնքներով (7):

Այս յօդուածով սահմանուած իրաւունքն է որ բռնաբարուած է նախորդ երկու իշխանութեանց կամայականութեամբ եւ ընչաքաղցութեամբ, այսօր մեր հայրենի երկրի ժողովուրդը դնելով վտանգաւոր երկընտրանքներու առաջ, ինչպէս ըրած էր ՀՀՇ-ական վարչակարգը Հայաստանի ամբողջ ճարտարարուեստական ենթակառոյցը մետաղի թափօններու գինով վաճառելով:

«Հայաստանի հանրապետութիւնը հիմնում է սեփական դրամ, ազգային պանք …»(8): Սովետական ռուբլիէն մինչեւ «սեփական դրամի» արժեզրկումով շատ մը ընտանիքներ կորսնցուցին իրենց տասնեակ մը տարիներու խնայողութիւնը եւ նստան աղքատութեան յատակին: Հետագային իսկական ազգային հպարտութիւն էր Հայաստանի քաղաքացիին ձեռքին տեսնել ազգային Դրամը` Թումանեանի, Չարենցի, Սարեանի, Սեւակի դիմանկարներով, թէկուզ ազգային հպարտութեան նեղ ու նեղմիտ մօտեցումով, իրենց աքսորավայրերուն մէջ պահելով արեւմտահայ արժէքները, Զօհրապէն մինչեւ Սիամանթօ եւ Վարուժան:

Հայաստանի հանրապետութիւնը իր տարածքում ապահովում է խօսքի, մամուլի, խղճի ազատութիւնը (9): Այս մարզին մէջ անդրանկութեան իրաւունքը աներկբայօրէն կ’երթայ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան (իր «Ազգ»ով) որ յաջողեցաւ դուրս բերել Հայաստանի մամուլը սովետական իր ժանգոտած վիճակէն եւ առաջին անգամ ըլլալով հաստատեց միջազգային մամուլի չափանիշները: Առաջին օրերուն «Ազգ» օրաթերթի տպաքանակը անցած էր 40,000ը: «Ազգ»ը ոչ միայն ներմուծեց մամուլի միջազգային չափանիշներ, այլ հանդիսացաւ մամուլի դպրոց մը ամբողջ մամուլի յառաջապահ սերունդի մը համար, որ այսօր կը գործէ Հայաստանի մէջ:

Բաց աստի մամուլը դրսեւորեց երկու ծայրայեղ բեւեռներ, որոնք վստահաբար արտայայտութիւններն էին աճման ցաւերու: Մէկ կողմէ ահաբեկուեցան եւ սպաննուեցան մամուլի լրջախոհ խմբագիրներ, խախտելով «Հռչակագիր»ի երաշխաւորութիւնները, եւ միւս կողմէ ալ անվարժ եւ անփորձ մամուլի աշխատողները ազատութեան իրաւունքը տարին մինչեւ խորքերը լպիրշութեան. երեւոյթ մը որ կը շարունակուի առ այսօր:

«Հայաստանի հանրապետութիւնը ապահովում է հայերէնի, որպէս պետական լեզուի, գործառութիւնը հանրապետութեան կեանքի բոլոր ոլորտներում …» (10):

Այստեղ «հայերէն լեզուի» նշումը առանց այլ բնորոշումներու` թէ՛ առաւելութիւն է եւ թէ` մտահոգութեան առիթ:

Առանց յատուկ բնորոշումի«հայերէն լեզուն» կրնայ նշանակել արեւմտահայ թէ արեւելահայ լեզուները, մխիթարութիւն պարգեւելով արեւմտահայոց բարեմիտ խաւին: Միւս կողմէ այդ բնորոշումը կրնայ նշանակել միայն արեւելահայ լեզուն, որ իրաւունք ունի կոչուելու «պետական լեզու», ամբողջովին ուրանալով գոյութիւնը արեւմտահայերէնին, դրամներու հրատարակութեան պարագային դրսեւորուած միակողմանիութեամբ:

Անկախութեան հռչակումով արշաւ մը սկսաւ հայոց լեզուն մաքրազտելու: Կարծէք հակադարձութիւն մըն էր ան սովետի օրերու պարտադիր եղծումին դէմ: Այդ շարժումին հերոսը գրող ու գրականագէտ Ռաֆայէլ Իշխանեանն էր, որ երբեմն լեզուի մաքրութեան պայքարը հասցուց ծայրայեղութեան: Օրուան նախագահը` Լեւոն Տէր Պետրոսեան իր հերթին կը գործածէր դասական մաքրութեան հասնող վճիտ լեզու մը եւ կը քաջալերէր մայրենի լեզուի մաքրութեան պայքարը: Սակայն, անոր քաղաքականութեան տապալումով` տապալեցաւ նաեւ լեզուի մաքրութեան բծախնդրութիւնը:

Լեզուի մաքրութեան իմաստով Հայաստան կը գտնուի լուրջ աղէտի մը դիմաց: Այն «կրանթակերները» որոնք եկած են յատուկ պատուէրներով Հայաստանի քաղաքական կեանքը ապակայունացնելու, կարծէք զուգահեռաբար առաքելութիւնն ունին մեր լեզուն բռնաբարելու եւ աղճատելու: Խնդիրը ոչ միայն հայերէն հարազատ բառերու պարտադիր փոխարինումն է օտարաբանութիւններով, այլ նաեւ լեզուի կառոյցին ու շարադասութեան եղծանումը. խորհըրդարանէն սկսեալ մինչեւ հեռուստատեսութիւնն ու մամուլի յետին օրկաններով լծուած են լեզուակործան այս ապիրատ արշաւին: Որքան պայքար կը մղուի քաղաքական «կորուբցիա»ի դէմ, նոյնքան ուժեղ պայքար պէտք է մղուի նաեւ լեզուական «կորուբցիա»ի դէմ:

«Հայաստանի հանրապետութիւնը սատար է կանգնում 1915 թուականին Օսմանեան Թուրքիայում եւ Արեւմտեան Հայաստանում Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործին» (11):

Բաւական խիզախ նախաձեռնութիւն մըն էր Ցեղասպանութեան ճանաչման յանձնառութիւնը, տակաւին Հայաստանի անկախ գոյութիւնը չիրականացած: Նաեւ համոզուած ըլլալով Թուրքիոյ հակազդեցութեան հաւանականութեան վրայ: Ցեղասպանութեան ճանաչման խնդիրը հետագային, Քոչարեանի իշխանութեան օրով մաս կազմեց նաեւ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան օրակարգին: Իսկ 2009-ի Փրոթոքոլներու առաջարկով Թուրքիոյ առիթ տրուեցաւ կասկածի տակ առնելու Հայոց Ցեղասպանութեան հաւաստիութիւնը` փաստուածը կրկին դնելով պատմաբաններու սեղանին: Նաեւ յատկանշական էր յատուկ նշումը «Արեւմտեան Հայաստան»ի, որ տողատակի կ’ակնարկէ հողային պահանջի իրաւունքին:

Իր հերթին խիզախ ներդրում մըն էր Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան հարցը որ տեղ գտած է «Հռչակագիր»ի մուտքին (preambule), ուր կ’ըսուի «հիմնուելով 1989 թուականի Դեկտեմբեր 1-ի «Հայկական ԽՍՀ-ի եւ Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային Խորհրդի համատեղ որոշման վրայ»:

Լեռնային Ղարաբաղի հայացման պայքարը սկսած էր արդէն սովետական իշխանութեան տարիներուն (1970-1980 թուականներուն) Սիլվա Կապուտիկեանի, Սերօ Խանզադեանի եւ Զօրի Բալայեանի նախաձեռնութեամբ եւ ապա իր լրումին հասաւ անկախութեան շրջանին զէնքի ոյժով:

Առ այսօր Լեռնային Ղարաբաղի ճակատագիրը կը մնայ անորոշ` պատճառ դառնալով ոչ-պատերազմ եւ ոչ-խաղաղութիւն իրավիճակին, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ: Հայութիւնը համբերատար կերպով կը դիմանայ այս անկայուն վիճակին, որովհետեւ համոզումն ունի որ հազարամեակէ մը վերջ յաջողած է թուրքին ճիրաններէն խլել պատմական հայրենիքի հողին մէկ պատառը:

«Հայաստանի անկախութեան հռչակագիր»ը պատմական փաստաթուղթ մըն էր որ կը սահմանէր ամբողջ ժամանակաշրջան մը:

Ահաւասիկ այսօր կը տեսնենք Հռչակագրի գործադրութիւնը իր երեսնամեայ հանգրուանին` իր լոյսերով եւ իր ստուերներով:

 

«ՊԱՅՔԱՐ» շաբաթաթերթ