Աշխարհը արագօրէն կը փոխուի եւ Եւրոպան` աւելին£ Ինչո՞ւ պէտք է մենք հայերս հետաքրքրուինք Եւրոպայով. որովհետեւ մեր ճակատագիրը սերտօրէն առնչուած է եւրոպական ազգերու հետ. մեր յոյսերը, առաւել եւս` մեր յուսախաբութիւնները կու գան Եւրոպայէն: Եւ այսօր, քանի կը փոխուի Եւրոպան` կը կազմուին հայկական նոր համայնքներ, հիներու կողքին, սակայն անկախ իրարմէ եւ անհաղորդ իրարու:
Բ. աշխարհամարտէն ետք սկսաւ ապագաղութացման գործընթացը, եւ եւրոպական երկիրները յաջորդաբար անկախութիւն տուին իրենց նախկին գաղութներուն, երբեմն արիւնալի պատերազմներէ ետք (Ալճերիա, Հնդկաստան, Զիմպապուէ եւ այլն). սակայն, եւրոպական պետութիւնները ամբողջովին չխզուելու համար իրենց նախկին գաղութներու բնական հարստութիւններէն, կազմեցին համադաշնակցութիւններ, օրինակ` Անգլիան` իր Հասարակապետութիւնը (Commenwealth) Ֆրանսանª իր Ֆրանքոֆոնին: Այս կազմերը հանդիսացան նաեւ առաջին աղբիւրները ազգագրական խառնուրդներու յառաջացնելու. այսպէս Քամընուելթի երկիրներէն ափրիկեցիներ եւ ասիացիներ փութացին հաստատուիլ եւրոպական մայր ցամաքի երկիրներուն մէջ եւ սկսան առաւելաբար օգտուիլ այն օրէնքներէն զորս եւրոպացիներ ստեղծած էին իրենց համար, եւ սկսան բազմանալ:
Սկզբնական այդ հոսանքները քաղաքական ծանր հետեւանքներ չունեցան, որովհետեւ գաղթականները բերին այն աշխատոյժը, որուն կարիքն ունէր պատերազմի շրջանին արիւնաքամ եղած Եւրոպան: Սակայն, գաղթականներու հետագայ հոսանքները եկան քաղաքական ալեկոծումներ ստեղծելու Եւրոպայի մէջ: Այդ հոսանքները երբեմն ունէին ՙպումըրանկ՚ի բնոյթը, որովհետեւ անոնք հետեւանքն էին եւրոպական երկիրներու պատերազմանական արարքներուն, այլ ցամաքամասերու մէջ:
Եւրոպական Միութիւնը եւ ՆԱԹՕ-ն լծակից կառոյցներ դարձան: Եւրոպական Միութիւնը սկիզբ առած էր տնտեսական համագործակցութեան հիմքի վրայ, իսկ ՆԱԹՕ-ն` ռազմական:
Ի դէպ, նախագահ Ռոնըլտ Ռիկըն եւ վարչապետ Մարկրէթ Թեչըր փաստօրէն խաբեցին Կորպաչեւը, հաւաստիացնելով, որ սովետի ապաքանդումէն ետք, կարիք պիտի չմնայ ծաւալելու ՆԱԹՕն: Եւ Կորպաչեւ այդ հաւաստիքին վրայ ներսէն քանդեց Սովետական Միութիւնը. սակայն, այսօր ՆԱԹՕ-ի ամէնէն մահացու զէնքերը կը գտնուին Ռուսաստանի սահմանակից երկիրներու մէջ, յատկապէս` Ռումանիոյ եւ Լեհաստանի մէջ:
Միւս կողմէ, Արեւելեան Եւրոպայի երկիրները, որոնք կը գտնուէին Վարշաւիոյ ուխտին մէջ, Սովետի հրամանատարութեան ներքեւ, մի առ մի միացան ՆԱԹՕ-ի եւ Եւրոպական Միութեան:
Վերջերս նախագահ Թրամփ գաղտնազերծում մը կատարելով յայտնեց, որ 50 հիւլէական ռումբեր կը գտնուին Թուրքիոյ մէջ, Ուաշինկթընի մականին տակ: Պէտք է յիշել, որ 1962-ին, Քուպայի հրթիռներու տագնապին առիթով Անաստաս Միկոյեան պայմանաւորուած էր Ամերիկայի հետ սովետական հրթիռները հեռացնել Քուպայէն, փոխարէնը ամերիկեան համապատասխան զէնքերը հեռացնելով Թուրքիոյ ցամաքամասէն:
Սովետական կառավարութիւնը իր իշխանութեան ներքեւ գտնուող ժողովուրդներուն համար դաժան լուծ մըն էր, սակայն, միջազգային մակարդակով` հաւասարակշռութիւն պահող գերպետութիւն մը:
Յիշենք, որ 1956-ին երբ Սուէզի պատերազմը շղթայազերծուեցաւ Եգիպտոսի դէմ, Անգլիոյ, Ֆրանսայի եւ Իսրայէլի կողմէ, Խրուշչեւի ազդարարութիւնը բաւեց, որ Ամերիկան միջամտէ եւ կեցնէ պատերազմը, որ ի վերջոյ արժեց պաշտօնականութիւնը Անգլիոյ վարչապետ Էնթընի Իտընի եւ Ֆրանսայի վարչապետ Կի Մոլլէի:
Միջազգային հակակշռող ուժի բացակայութեան պարագային յաջորդական պատերազմներ մղուեցան Միջին Արեւելքի մէջ, միլիոնաւոր զոհերու եւ միլիառաւոր նիւթական կորուստներու հաշուոյն:
Առաջինը Իրաքի պատերազմն էր, երկրորդը` Լիպիոյ, ուր յատկապէս Ամերիկայի գլխաւորութեամբ իբրեւ թէ մարդասիրական պատերազմ մը մղուեցաւ Մուամմար Քազզաֆիի դէմ, որ սպաննուեցաւ ամէնէն անմարդկային բարբարոս արարքներով: Այդ ՙմարդասիրութեան՚ հեղինակներն էին երեք կիներ` պետական քարտուղար Հիլըրի Գլինթըն, Օպամայի ապահովութեան խորհրդական Սուզըն Ռայս եւ Սպիտակ Տան մարդկային իրաւանց պաշտպան Սամանթա Փաուըր:
Յաջորդ արիւնալի արարքը կայացաւ Սուրիոյ մէջ, աւելի քան կէս միլիոն զոհերու եւ ութ միլիոն գաղթականներու հաշուոյն:
Արեւմուտքը եւ ՆԱԹՕ-ն քանդեցին այդ երկիրները, ետքէն ալ բարերարութիւն խաղալու եւ բարեգթութեան քաղաքականութիւն կիրարկել համար, երբ բոլոր այդ երկիրները կայուն էին, բնական հարստութեանց վրայ նստած եւ Լիպիոյ պարագային ալª ամէնէն հաւասարատիպ (egalitarian) իշխանութեամբ օժտուած:
Այս պատերազմներուն հետեւանքով աւերուած երկիրներու գաղթականները խուժեցին Եւրոպա: Այսօր Միջերկրականի մէջ խեղդուող յուսահատ լիպիացիներուն պատճառը Քազզաֆին չէր, որքան այն տնաքանդ ոյժերը, որոնք բազում միջոցներու կը դիմեն` պաշտպանուելու համար գաղթականներու հոսանքներէն:
Գաղթականներու այս հոսանքը ցնցեց նաեւ եւրոպական շատ մը երկիրներու քաղաքական կառոյցը, ստեղծելով հակագաղթականական հոսանք մը: Այսօր Լեհաստանի մէջ կ՛իշխէ ծայրայեղ աջակողմեան կառավարութիւն մը, Հունգարիան փակած է իր դռները գաղթականներու դիմաց Վիքթոր Օրպանի աջ ծայրայեղական իշխանութեան ներքեւ: (Այս Օրպանն էր, որ ազերի ոճրագործ Ռամիլ Սաֆարովը յանձնեց Ազրպէյճանին):
Ֆրանսայի մէջ անհամեմատօրէն զօրացաւ Մարիան Լը Փէնի աջակողմեան շարժումը, որ քիչ մնաց զինք հասցնէր Էլիզէի պալատը: Կանխելու համար այդ շարժումը` Էմմանուէլ Մաքրոնի գլխաւորութեամբ կեդրոն ոյժերու խմբաւորումը տապալեց ընկերվարական եւ պահպանողական կուսակցութիւնները, նոր յոյսերու խոստումով: Սակայն, այսօր երկիրը ամբողջ անդամալուծած է տնտեսական տագնապի պատճառներով: Իտալիա տարիներէ ի վեր չի յաջողիր կայուն կառավարութիւն մը գոյացնել եւ այսօր ՙՍարտիններու՚ շարժումը, աւանդական քաղաքական ուժերէն դուրս նոր հոսանք մը յառաջացուցած է: Սպանիա, որ ահաբեկչութեան զոհերէն մէկն էրª չի յաջողիր իր ուղղութիւնը գտնել, յաջորդաբար իշխանութեան գլուխ բերելով ընկերվարական եւ պահպանողական վարչակազմեր: Միւս կողմէ, ան կը տագնապի ներքին ցնցումներով` քաթալաններու անկախութեան շարժումին հետեւանքով:
Անգլիոյ Brexit-ը եւս հետեւանք էր հակագաղթականութեան շարժումին: Երբ մայրաքաղաք Լոնտոնի քաղաքապետը փաքիստանցի Սատիք Խանն է եւ երբ Լոնտոնի փողոցները յաճախ անանցանելի կը դառնան իսլամ աղօթողներով, նոր գաղթականներու հեռանկարը բնականօրէն կը վերածուի քաղաքական հոսանքի: Վերջին ընտրութիւններուն Աշխատաւորական կուսակցութեան պետինª Ճերեմայա Քորպինի թոյլատու կեցուածքը, եւ մանաւանդ` անոր բարեացակամութիւնը պաղեստինեան դատին նկատմամբ, լայնօրէն օգտագործուեցան իր եւ իր կուսակցութեան դէմ` իբրեւ հակասեմական տարբեր: Ընտրապայքարին միացան նաեւ Անգլիոյ հրեաներուն կրօնապետը եւ Իսրայէլի վարչապետ Նեթանիահու: Իսկ երբ ֆրանսացի ձախակողմեան երեսփոխան Ժան-Լիւք Մելանշոն համարձակեցաւ յայտնել թէ հրեաներն էին պատճառը Քորպինի պարտութեան, ամէն կողմէ յանդիմանութիւններ տեղացուցին, սկսելով նախագահ Մաքրոնէն£ Գերմանիոյ վարչապետը ամէնէն համարձակ դիրքը բռնած էր գաղթականներու հանդէպ, հակառակ բոլոր քննադատութիւններուն: Արդարեւ, աւելի քան երեք միլիոն թուրքեր կը բնակին Գերմանիոյ մէջ եւ սկսած են հետզհետէ քաղաքական ոյժ մը դառնալ, այն աստիճան, որ նախագահ Էրտողան եւ իր նախարարները վերջին ընտրութեանց որոշեցին Թուրքիոյ երեսփոխանական ընտրարշաւը փոխադրել Գերմանիա եւ Հոլանտա. սակայն, յիշեալ կառավարութեանց արգելքով չյաջողեցան. իսկ իբրեւ փոխվրէժ նախագահ Էրտողան հրահանգեց Եւրոպայի բոլոր թուրքերուն ընտանիքի գլուխ, առնուազն հինգ զաւակ ունենալ: Եւրոպացիք քաղաքական կշիռ չընծայեցին Էրտողանի այդ յայտարարութեան, սակայն, երկու տասնեակ տարի վերջ, թուրք բնակչութեան ռումբը պիտի ցնցէ Եւրոպայի քաղաքական աշխարհը: Թուրքերը 1529-ին եւ 1683-ին երկու անգամ հասան Վիեննա եւ շրջապատեցին քաղաքը, սակայն չյաջողեցան գրաւել Եւրոպան: Իսկ այսօր Էրտողանի հնարամտութիւնը կը թուի ըլլալ ամէնէն գործնական ուղին` թրքացընելու կամ իսլամացնելու Եւրոպան. պէտք է շեշտել, որ վերջին տասնամեակներուն բոլոր պատերազմներէն, զորս ՆԱԹՕ-ն մղեց, գլխաւոր եւ մնայուն օգտուողը եղաւ Թուրքիան:
ՆԱԹՕ-ն ռմբակոծեց նախկին Եուկոսլաւիան ու մասնատեց զայն: Ստեղծըւած Քոզովօ անուամբ արուեստական երկիրը իրականացաւ Թուրքիոյ կընքահայրութեամբ: Եւ այսօր Պալքաններու մէջ ոչ մէկ հարց կը լուծուի` առանց Թուրքիոյ հաւանութեան: Պուլկարիան, որ 400 տարի տուայտեցաւ օսմանեան լուծին տակ, ցարդ չյաջողեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչում շնորհել, երկրին թրքական համայնքի գործօնին պատճառաւ. համայնք, որ քաղաքականօրէն կը կառավարուի Անգարայէն:
Անդին ՆԱԹՕ-ն տապալեց Սատտամ Հիւսէյնի իշխանութիւնը Իրաքի մէջ, Թուրքիա, իբրեւ այդ կազմի անդամ` զօրք կը պահէ Իրաքի հողամասին վրայ, իբրեւ հակակշիռ իրաքեան Քիւրտիստանի, հակառակ Իրաքի կառավարութեան եւ ՆԱԹՕ-ի կամքին:
Նոյնպէս ան գրաւած է Սուրիոյ հիւսիսային մէկ հողամասը, եւ հակառակ Ուաշինկթընի կամքին կը պահէ իր գրաւման ուժերը` համաձայնելով Իրանի եւ Ռուսիոյ հետ:
Լիպիան կործանեցաւ դարձեալ ՆԱԹՕ-ի կողմէ եւ այդ ՙմարդասէր՚ տիկինները, որոնք իբրեւ թէ կը գթային Լիպիոյ ժողովուրդին, այնտեղ չեն: Ո՞վ կը գտնուի այն տեղ` Թուրքիան. երկիրը բաժնուած է երկուքի, Ապտալլա Ատ-Թանիի իշխանութիւնը միջազգայնօրէն ճանչցուած է իբրեւ օրինաւոր իշխանութիւն, որուն դէմ կը պայքարի Ազգային Համաձայնութիւնը` Ֆայիզ Սարաճի գլխաւորութեամբ: Թուրքիա կը զինէ Սարաճի ոյժերը, եւ միջազգային պայմանագիրները կը ստորագրէ անոր հետ Միջերկրականի ընդյատակեայ կազի եւ քարիւղի պաշարները շահագործելու:
Թուրքիա քաղաքական զէնքի վերածած է սուրիացի գաղթականներու ճակատագիրը. միլիառներ կը պահանջէ եւ կը ստանայ եւրոպական երկիրներէն, հակառակ պարագային սպառնալով գաղթականներու հոսանքը ուղղել դէպի Եւրոպա:
Գաղթականական հոսանքը նոր դիմագիծ մը ստեղծած է Եւոպայի մէջ: Քաղաքական իսկական խառնարան մը, ուր կու գան համախմբելու թուրք եւ իսլամ գաղթականները եւրոպացիներու հետ:
Այս խառնարանին մէջ ինկած են նաեւ հսկայ զանգուածներ Հայաստանէն: Հայրենի հողին վրայ անոնք փորձառութիւնը չեն ունեցած ազգապահպանման բնազդը զարգացնելու, ինչպէս ըրած են սփիւռքահայերը դարերէ ի վեր: Արդէն անոնց մեկուսացումը Եւրոպայի հայկական համայնքներէն կը հանդիսանայ առաջին վտանգը անոնց ազգային նկարագրին: Հայաստանի իշխանութիւնները, այսօրուան կացութեամբ ի վիճակի չեն հասնելու անոնց ազգապահպանման կարիքներուն: Ուրեմն, ո՞վ պիտի ըլլայ անոնց ձեռք երկարողը, սփի՞ւռքը, որ հետզհետէ սկսած է կորսնցնել իր գլուխը:
Թող Եւրոպան զբաղի իր նոր խառնարանով, իսկ մենք հայերս` լանք մեր Մարտիրոսը:
Խմբագրական «Պայքար» շաբաթաթերթ