Օդաչու Արա Զոպայեան կարողացած է վերջին պահուն ուղղաթիռը հեռու պահել բնակելի թաղամասէ

Հանրայայտ պասքեթպոլիստ, 41-ամեայ ամերիկացի Քոպի Պրայանթի ուղղաթիռի ամերիկահայ օդաչու Արա Զոպայեանը՝ կործանուելէ առաջ, վերջին պահուն կրցած է շեղել ուղղութիւնը Լոս Անճելըսի արուարձանի բնակելի թաղամասէն, կը հաղորդէ ամերիկեան WFAA հեռուստաալիքը։

Պերպանքի օդային տարածքին 26 Յունուարի առաւօտեան եղած է թանձր մառախուղ, սակայն տեղանքի առանձնայատկութեան հետ կապուած ցամաքէն չեն կրցած  հետեւիլ թռիչքին եւ ուղղութիւն տալ։

600 մեթր բարձրութիւն հաւաքելէ ետք ուղղաթիռը սկսած է իյնալ եւ բախուած է մօտ 420 մեթր բարձրութեամբ լեռնային թեքութեան։ Այդ պահուն ուղղաթիռի արագութիւնը եղած է 300 քմ/ժամ, անկման ուղղահայեաց արագութիւնը՝ 20 մ/վայրկեան, կը հաղորդէ ESPN-ը։

Յիշեցնենք, որ Քոպի Պրայանթն ու անոր 13-ամեայ դուստր Ճիաննան զոհուած են ուղղաթիռի կործանման հետեւանքով։

Ինը զոհերու շարքին են նաեւ Պրայանթի դստեր թիմակից Ալիսա Ալթոպելին ու անոր հայրն ու մայրը, պասքեթպոլային մարզիչ Քրիսթինա Մաուզերը, Սառա Չեսթըրն ու անոր դուստր Փեյթըն Չեսթըրը։