Եւրոպայի ոտնագնդակի UEFA-ի աւարտական 2020 ախոյանական խաղերը տեղի պիտի ունենային Յունիս-Յուլիս 2020 ժամանակաշրջանին:
16 երկիրներ աւարտականին հասած էին եւ պիտի մրցէին 2020 բաժակի տիրանալու մրցաշարքին:
Զտման մրցումներուն Հայաստանի հաւաքականն ալ մասնակցած էր բայց չյաջողեցաւ աւարտական փուլին հասնելու:
Պսակաձեւ ժահրի հետեւանքով, շատ մը մրցաշարքերու կարգին՝ այս եւս յետաձգուեցաւ 2021-ի:
Հետաքրքրականը այն է, որ առաջին անգամ ըլլալով մրցումները տեղի պիտի ունենային Եւրոպայի 12 երկիրներու մէջ, որոնց մէջ ի զարմանք բոլորին աչքի կը զարնէ Ատրպէյճանը:
Արդարեւ Պաքուի մէջ տեղի պիտի ունենային 3 զտման եւ մէկ քառորդ աւարտական մրցումներ:
Զարմանալի ըլլալով այս որոշումը, մեր մտքէն կ’անցնի թէ որքա՞ն կաշառակերութեամբ եւ petrodollar-ներու խոստումներով է որ կազմակերպիչները հասան Պաքուն ներառել հիւրասիրող քաղաքներու ցանկին մէջ: Կարժէ մտածել:
Թղթակից