Վեց դար ամբողջ անկախութիւն երազող ազգ մը` յանկարծ կը շլմորի անկախութեան իրականութեան դիմաց: Այդպէս է որ մեր ժողովուրդը դիմաւորեց արդի ժամանակներու իր անկախութիւնը 1918ին, ինչպէս իր երկրորդ անկախութիւնը` 1991ին: Փոխանակ ցնծութեան տօնին` ցաւն ու անապահովութիւնը, պատերազմն ու վաղուան անորոշութեան երկիւղը պատած էին մեր ժողովուրդի հոգին, երկու հանգրուաններուն ալ. այն աստիճան որ առաջին անկախութեան վերջին վարչապետը` Սիմոն Վրացեան պիտի գրէր որ հայ ժողովուրդը անկախութիւնը դիմաւորեց «հիւանդ երեխայ աշխարհ բերած մօր նման»:
Ազատագրական մեր բոլոր մարտերը աւարտած էին արեան մէջ. սակայն, այն պահուն որ կայսրութիւններ փուլ եկան, քաղաքական վերիվայրումներ յաջորդեցին իրարու եւ Կովկասի մէկ կծկուած անկիւնին վրայ ստեղծուեցաւ քաղաքական դատարկութիւն մը., մեր ժողովուրդը պատմական այդ դատարկութիւնը լեցուց անկախութեան հռչակումով, եթէ ոչ ցնծութեամբ, այլ գիտակցութեամբը պատմական աննախընթաց քայլ մը առած ըլլալու:
1918ի մեր անկախութիւնը, որ հազիւ երկուքուկէս տարի տեւեց, սկսած էր տխրութեան ու կասկածանքին մէջ, նոյն ճակատագիրով ալ անցաւ պատմութեան` ճամբայ բանալով նոր իրավիճակի մը` նոր դարաշրջանի մը մէջ. 70 տարի ամբողջ պաշտեցինք ու ատեցինք սովետական կոչուած Հայաստանի մը գոյութիւնը, որովհետեւ սովետական իշխանութիւնը մեզի պարգեւեց թէ՛ պաշտելու եւ պաշտպանելու պատճառներ ու նաեւ` ատելու եւ աւաղելու առիթներ, մէկ կողմէ կերտելով մեր մշակոյթի երկրորդ ոսկեդարը եւ միւս կողմէ ամբողջացնելով Թալէաթներու արիւնալի եղեռնագործութիւնը` պսակուած Չարենցներու եւ Բակունցներու լուսաւոր արիւնով:
Այսուհանդերձ Սովետական Հայաստանը հանդիսացաւ մեր երկրորդ հանրապետութիւնը, անխուսափելիօրէն մաս կազմելով մեր պատմութեան շղթայի օղակներուն:
1991ին մեր ժողովուրդին տրուեցաւ նոր պատեհութիւնը` նոր անկախութեան մը` դարձեալ աշխարհաւեր պայմաններու ներքեւ – փլուզում Խորհրդային կայսրութեան, մահաբեր երկրաշարժ ու պատերազմ: Չսպասուած պահուն` անկախութեան նոր պատեհութիւն:
Ատենին աւանդական կուսակցութիւնները վերապահութեամբ մօտեցան անկախութեան պատեհութեան ու մեղադրուեցան ալ այդ պատճառաւ. սակայն, վարանումի պատճառը այն էր թէ Հայաստան պատրաստուած չէր ինքնավարութեան, եւ անկախութիւնը եզրակացուցիչ հանգրուանը չէր երկար ազատամարտի մը, որուն ընթացքին պետական կառոյցի մը հիմքերը դրուած ըլլային: Բացի աւանդական կուսակցութիւններէն` հայրենի ժողովուրդն ու իշխանութեան գլուխը անցնող կազմերը, իրենց անփորձութեամբ ու խարխափումներով հաստատեցին կուսակցութեանց վերապահութեան պատճառները:
Այս տարուան Սեպտեմբեր 21ին Հայաստան պիտի նշէ իր անկախութեան 29րդ տարեդարձը, բնականաբար ցնծութեամբ եւ հրավառութիւններով: Սակայն, պատմական փաստը այն է որ մեր ժողովուրդը, մեր յաջորդական իշխանութիւնները դեռ կը սորվին ինքնավար ըլլալու արուեստը եւ պետութիւն ղեկավարելու արհեստը:
Անկախութեան տարեդարձի հանգրուանին արդարացուած են հայրենասիրական զեղումները` մեր ժողովուրդի հաւատքը ամրապնդելու, սակայն նաեւ այս առիթով պէտք է հաշուի նստիլ պետականաշինութեան մարտահրաւէրներուն հետ որոնք տակաւին հիմնականօրէն կը մնան չյաղթահարուած:
Նոր եւ անկախ պետութիւն կերտելու մեր փորձին մէջ տակաւին երկար ատեն նստած էր ծանր շուքը սովետական մտածողութեան, ուր ժողովուրդ-պետութիւն յարաբերութիւնները ունէին իւրօրինակ բնոյթ մը. թէ` պետութիւնը միշտ պէտք է ճնշէր ժողովուրդին վրայ, իսկ ժողովուրդը, իր ամբողջ հնարաւորութիւնն ու հնարամտութիւնը պէտք է ի գործ դնէր` կողոպտելու համար այդ պետութիւնը:
Պետականաշինութեան փորձին մէջ փոխանակ ընդօրինակելու եւրոպական կայացած անկախ պետութեանց նախընթացը, մեր ղեկավարները օգտագործեցին ներդրումն ու բնօրինակը սովետական փլուզուող համակարգին: Այդ պատճառով ալ իրար յաջորդող չորս իշխանութիւնները հանդիսացան իրարու հակադրուող թշնամի ոյժեր, փոխանակ դառնալու պատմութիւն կերտող եւ իրար լրացնող ազդակներ:
Յաջորդող չորս իշխանութիւններն ալ չյաջողեցան կերտել երկրի էական ազդակներէն բխող արտաքին քաղաքականութիւն մը, խարխափելով Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ եւ չկարենալ շահիլ մէկ կամ միւս կողմին վստահութիւնը: Միայն ռազմագիտական կարծր իրողութիւններ եւ գոյութենականութեան սպառնացող վտանգներ եկան մարմնաւորելու արտաքին քաղաքականութիւն մը` աւանդականօրէն մեզի պաշտպան երկրին` Ռուսաստանի հետ կողմնորոշուելով:
Մեր հայրենիքը իրաւունքն ունի հասնելու ինքնորոշման (sovereignty) եւ պահանջելու այդ ինքնորոշումը: Սակայն, այդ ինքնորոշումը կը սահմանուի եւ կը սահմանափակուի քաղաքական եւ ռազմական այն ոյժով, զոր երկիրը կրնայ դրսեւորել` եւ ոչ թէ Ռուսաստանի նման հզօր երկրի մը ասպարէզ կարդալով, փանջունիական յաւակնութիւններով: Ի զուր չէ որ հիները իրապաշտութիւնն ունէին ըսելու «սահման քաջաց, զէնն իւրեանց»:
Տարբեր չեղան նաեւ ներքին քաղաքականութեան զարգացումները, որովհետեւ իրերայաջորդ իշխանաւորներ տնտեսական քաղաքականութիւն մը ձեւաւորեցին փորձառութիւններու եւ խարխափումներու ճամբով: Եւ որովհետեւ կողոպուտի բնազդը զուգահեռ քալեց տնտեսական քաղաքականութեան հետ, երկիրը գրեթէ սնանկացաւ եւ անորոշութեան մէջ տուայտող զանգուածը հեռացաւ իր հայրենիքէն: Միայն, կողոպուտին եւ անօրինականութեանց վերջ տալու կարգախօսով տեղի ունեցաւ Թաւշեայ Յեղափոխութիւնը որ փաստօրէն դանդաղեցուց բնակչութեան արտահոսքը, եթէ չկրցաւ զայն կասեցնել ամբողջութեամբ:
Պետութեան կայացման գլխաւոր ազդակներէն մէկը պիտի ըլլար գաղափարախօսութիւնը որ կրնայ միակ յենարանը դառնալ կայուն պետականութեան մը: Ինչ որ գերազանցօրէն կարեւոր է` գաղափարաբանութիւնը կը միաձուլէ պետականութեան բոլոր ազդակները եւ այդ ձեւով կազմուած պետութիւն մը կը փոխարինէ անհատի իշխանութիւնը – որ իր հերթին կ’առաջնորդէ անհատի պաշտամունքին:
Ռուսաստանի մէջ 1917ի պոլշեւիկեան յեղափոխութենէն առաջ ցարն էր իշխանութիւնը: Ֆրանսայի Լուտովիկոս 14րդը պիտի ըսէր` «Ե՛ս եմ պետութիւնը» (L’etat c’est moi): Ցարի տապալումէն ետք Ստալինի անձը դարձաւ իշխանութիւնը, հակառակ որ այդ իշխանութիւնը ձեռք առած էր գաղափարախօսութիւն մը կիրարկելու խոստումով:
Ուրեմն, պետականութեան այդ բնօրինակը շարունակեց գոյատեւել սովետական կայսրութեան մէջ եւ անոր փլուզումէն ետք ալ անոր մանրակերտ հատուածներուն նման շարունակեցին իշխել անհատականութիւններ: Եւ ի՞նչ է պետական կառոյցը նախկին սովետական հանրապետութեանց մէջ, եթէ ոչ մանրապատկերը անհատի իշխանութեան, որոշ շպարային հպումներով եւ առանց լուրջ գաղափարաբանութեան մը:
Եւրոպայի մէջ յաջողած ժողովրդավար պետութիւններ կառուցուած են գաղափարաբանութեանց վրայ. եւ ո՞վ է տէրը այդ գաղափարաբանութեանց եթէ ոչ անհատականութիւն ունեցող կուսակցութիւնները: Այդ կուսակցութիւնները իրենց քաղաքական փլաթֆորմով, քաղաքական դաւանանքով եւ տնտեսական ծրագիրներով կը մրցին ազատօրէն` ապահովելու ժողովուրդին վստահութիւնն ու համակրանքը եւ ձեռք կ’առնեն երկրին իշխանութիւնը:
Հայաստանի մէջ իրականութիւն չդարձաւ լուրջ գաղափարական ունեցող կուսակցութիւններու կայացումը: Առանց բացառութեան, բոլոր այն խմբաւորումները որոնք ստանձնեցին կուսակցութեան մը պիտակը, համեմատելով Եւրոպայի կուսակցութեանց` կրցան միայն հանդիսանալ կուսակցութեան մը ծաղրանկարը: Կուսակցութիւնները կազմուեցան անհատ ղեկավարներու անձնական ոյժին կամ նիւթական հարստութեան վրայ, եւ այդ պատճառաւ ալ, յաջորդաբար դիւրին փուլ եկան, ինչպէս դիւրին եկած էին գոյութեան:
Ոյժի եւ առաջնորդութեան այս բնօրինակը բարձրանալով առանձին կուսակցութիւններէն դարձաւ նաեւ պետական կառոյցի հիմն ու պատկերը:
Հետեւաբար, մինչեւ այն օրը որ կարելի չըլլայ կերտել գաղափարի վրայ հիմնուած կուսակցական կառոյցներ, անհնար պիտի մնայ ամրակուռ պետականութեան կառոյցը. կառոյց որ ունենայ իր պատմական շարունակականութիւնը, հեռու անհատական ոյժի ստուերէն:
Պետականաշինութեան այս զրոյցին մէջ պէտք է հաշուի առնել նաեւ աւանդական կուսակցութեանց դերն ու ճակատագիրը նորանկախ Հայաստանի մէջ: Աւանդական կուսակցութեանց չկայանալը Հայաստանի մէջ – չըսելու համար` ձախողութիւնը – ունի երկու հիմնաւոր պատասխաններ. առաջինը` այն է որ առ այսօր Հայաստանի մէջ տեղ չունի գաղափարականի վրայ հիմնուած կուսակցութիւն մը: Աւանդական կուսակցութիւնները, գործած ըլլալով սփիւռքի պայմաններուն ներքեւ, բնականօրէն չունէին պետական փորձ եւ Հայաստան մտան այդ փորձի պակասին բեռով. սակայն, ունէին գաղափարաբանութիւն, որ յաղթահարած էր պատմական ժամանակը, վերապրելով հարիւրաւոր տարիներ: Բացի այդ գաղափարաբանութենէն տէրն էին ազատագրական պայքարի հսկայ վաստակի մը: Սակայն այդ երկու արժէքները դեռ արժէք չէին դարձած, ու դեռ չեն ալ դարձած, Հայաստանի մէջ որպէսզի անոնք կարողանային դեր մը ունենալ պետականաշինութեան գործին մէջ:
Երկրորդ պատճառը` Ստալինէն մնացած ու միտքերու մէջ կարծրացած յոխորտանքն էր. չէ՞ որ Ստալին ըսած էր թէ սովետի մէջ ամէն ինչ կայ եւ ամէն ինչին լաւագոյնը կայ. սակայն երկաթեայ վարագոյրին փուլ գալը յայտնաբերեց թէ սովետի մէջ ամէն ինչ չկար, ոչ ալ ամէն ինչի լաւագոյնը կար: Այսուհանդերձ, Ստալինի մահէն տասնեակ տարիներ վերջ, այդ փուճ յոխորտանքին հետքերը ծանր նստած կը մնան միտքերու մէջ, եւ կը շարունակէ այն մտայնութիւնը թէ սփիւռքի մէջ ոչ մէկ արժէք կամ տաղանդ կրնայ ըլլալ սիրողական մակարդակէն բարձր:
Վերջերս Փաշինեանի վերցուցած նախաձեռնութիւնը սփիւռքէն հարիւր մասնագէտներ հրաւիրելու որ աշխատին Հայաստանի պետական կառոյցներէն ներս ողջունելի շրջադարձ մը կը բերէ այդ մտայնութեան մէջ. եւ, ժխտումն է ստալինեան այդ յամեցող մտայնութեան:
Բացի կուսակցական ու գաղափարական վաստակի վատնումէն, անկախ Հայաստանի յաջորդական իշխանաւորները չյաջողեցան օգտագործել սփիւռքի ներոյժը, որովհետեւ չփորձեցին խորքային կերպով ճանչնալ այդ ներոյժը: Ատենին, Հայաստանի մէջ կը հպարտանային որ եթէ Ատրպէյճանը քարիւղ ունի, Հայաստանն ալ ունի սփիւռք. սակայն այդ սփիւռքը Հայաստանին համար ուժանիւթ դառնալէ հեռու է տակաւին:
Երբ Հայաստանի երկրորդ անկախութիւնը կայացաւ, անոր երկրորդ տարեդարձը դիմաւորուեցաւ երկիւղով եւ սիրտի տրոփիւնով, որովհետեւ առաջին երկուքուկէս տարիներու մէջ սահմանափակուած ըլլալու փաստը հոգեբանական վախի պատ մը ստեղծած էր այդ հանգրուանին. երկու տարուան այդ վախի պատը անցնելէ ետք, Հայաստանի անկախութիւնը շարունակեց իր յաղթական ընթացքը եւս տասնեակ տարիներ եւ այսօր հպարտօրէն կը դիմաւորէ իր այդ յառաջխաղացքին 29րդ տարին:
Անկախութեան տարիները չբնորոշուեցան միայն երկրաշարժով, տնտեսական դժուարութիւններով եւ հայաթափութեամբ: Այլ արձանագրեցին փառապանծ յաղթանակներ, յատկապէս Արցախի ազատամարտներու ընթացքին, դրսեւորելով անօրինակ միասնականութիւն եւ կամք: Թշնամիին դիմաց միասնականութիւն յայտնաբերելը շնորհաւորելի բարենիշ մըն է. սակայն, թշնամիին կողմէ պարտադրուած միասնականութիւնը կը մնայ ժխտական ոյժի մը դէմ հակադրութիւն: Դեռ կը մնայ յաղթահարել ներքին թշնամին` առողջ միասնականութեան մը հաշւոյն: Տակաւին մեր ժողովուրդը պէտք ունի դրսեւորելու իր կամքը` ստեղծելու այդ ներքին միասնականութիւնը: Քաղաքականութեան մէջ պարտուող ոյժերը բնականօրէն պիտի դիմեն հակադարձութեան որուն հետեւանքը երկպառակտումն է: Սակայն, իշխող ոյժին համար երկիրը կառավարելի դարձնելու նախարեալը կայունութեան ստեղծումն ու պահպանումն է. սեւի եւ սպիտակի, հինի ու նորի պայքարը ապակայունացող ազդակ մըն է որ միայն կը տկարացնէ իշխանութիւնը: Հալածանքը, վանտեթթաները բնորոշ չեն յաղթող ոյժին, եւ այդ յաղթանակին միայն արտաքին յատկանիշը կը հանդիսանայ վեհանձնութիւնը պարտեալին նկատմամբ: Այնքան ատեն որ կը պակսի այդ վեհանձնութիւնը` յաղթող իշխանութիւնը տէրը չէ իր յաղթանակին:
29 տարիներու անկախութեան փորձը մեր երկրին, ժողովուրդին եւ պետութեան պիտի սորվեցնեն թէ որո՞նք են մեր տկարութիւնները, մեր մարտահրաւէրները եւ մեր ոյժի աղբիւրները, եւ այդ գիտակցութեամբ ալ պիտի շարունակենք մեր անկախ եւ ազատ երթը դէպի նոր հանգրուաններ ու յաղթանակներ:
Յաջորդ տարուան մեր անկախութեան երեսնամեակին համար մեր դէմ կը պարզուի մէկ մարտահրաւէր որ պիտի ամրացնէ մեր պետականութիւնը եւ սահմանէ մեր երկիրը անմահութեան. ատիկա մեր ժողովուրդի ներքին միասնականութիւնն է որ կրնայ դրսեւորուիլ մէկ տեսիլքի եւ մէկ անուղղափառ այլ արդար մաղթանքի մը մէջ – երեսնամեայ տօնախմբութեան բեմին վրայ կողք-կողքի տեսնել Լեւոն Տէր Պետրոսեանը, Ռոպերթ Քոչարեանը, Սերժ Սարգսեանը եւ Նիկոլ Փաշինեանը:
Այդ պահուն մենք ցոյց պիտի տանք թշնամիին մեր միասնականութիւնը եւ յաղթահարած պիտի ըլլանք մեր ներքին բզկտումները: Նաեւ այդ պահուն հատած պիտի ըլլանք սահմանագիծը քաղաքակիրթ պետութեան մը տիրացած ըլլալուն:
«ՊԱՅՔԱՐ» շաբաթաթերթ