ԱՐՑԱԽԵԱՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳՆԵՐԸ

Տասնըերեք օրուան դաժան կռիւներէ ետք Հոկտեմբեր 10ին յայտարարուեցաւ հրադադարը Արցախեան ոյժերու եւ Ատրպէյճանի միջեւ: Հակառակ հրադադարին Պաքուն շարունակեց ռմբակոծել Ստեփանակերտը, Շուշին եւ Մարտունին:

Հրադադարէն ետք պահն է զոհերը հաշուելուն. պատերազմի ժամանակ կողմերուն համար հասկնալի է թշնամիին զոհերը բազմապատկել եւ իւրայիններունը նուազեցնել: Հիմա որ Միջազգային Կարմիր Խաչը պարտականութիւն վերցուցած է դիակները հաշուելու եւ ռազմագերիներու փոխանակումը կատարելու հանրութիւնը պիտի կրնայ ականատեսն ըլլալ պատերազմին գործած աւերածութեան եւ մահերուն:

Միջազգային մամուլի եւ Արեւմուտքի քաղաքական շրջանակներուն համար տեղեկութեանց նախադրեալները արդէն դասաւորուած էին ի վնաս հայկական կողմին, այն իմաստով որ Արցախը ներկայացուած է իբրեւ ըմբոստ նահանգ մը որ կը խլէ միջազգայնօրէն ճանչցուած Ատրպէյճանի մէկ հողատարածքը: Երկրորդ աննպաստ բնորոշումն ալ այն էր որ Արցախի եւ Հայաստանի պաշտպանն է Ռուսաստանը (որուն դէմ պէտք է արտայայտուիլ սկզբունքային կերպով) իսկ Ատրպէյճանի պաշտպանն է Թուրքիան, ՆԱԹՕ-ի «վստահել» դաշնակիցը, զոր ամէն կերպով պէտք է պաշտպանել:

Թէեւ Թուրքիոյ դիմակը պատռուեցաւ այս պատերազմին ընթացքին եւ նոյնիսկ անկէ առաջ, ոչ անպայման հայոց կատարած մամլոյ պայքարին հետեւանքով այլ նոյնինքն Թուրքիոյ նախաձեռնած անօրինակութեանց եւ արկածախնդրութեանց պատճառաւ:

Թուրքիա իր զօրակցութիւնը հրապարակաւ յայտնած էր Ատրպէյճանի. այնպէս որ կասկած չկար Թուրքիոյ մասնակցութեան մասին: Նաեւ բացայայտուած էր Թուրքիոյ կողմէ վարձկան ահաբեկիչներու փոխադրութիւնը դէպի Ատրպէյճան. շատ հաւանաբար արեւմտեան մամուլը պիտի անտեսէր այս եւ այլ խախտումները, եթէ անոնց բացայայտումը կատարուած չըլլար նոյնինք Արեւմուտքի կողմէ: Արդարեւ Ֆրանսայի նախագահը` Էմմանուէլ Մաքրոն ինքն էր որ բացայայտեց արդէն շատ բացայայտ այդ խախկութիւնը: Նոյնպէս Ֆրանսայի նախագահն ու արտաքին գործոց նախարարը` Ժան Քաստեքս յայտարարեցին որ այս պատերազմին մէջ նախայարձակ կողմը Ատրպէյճանն էր:

Արեւմուտքի մէջ, թէ քաղաքական շրջանակներու մօտ եւ թէ մամուլի մէջ կաղապարեալ կեցուածքներ գոյութիւն ունին: Այսինքն, որեւէ խնդիր որուն հետ առնչուած է Ռուսաստանը` պէտք է նախապաշարեալ ու ժխտական վերաբերումի արժանանայ. այդ պատճառաւ ալ դժուար էր Արցախի պատերազմի հարցը անջատել այդ նախապաշարումէն եւ տալ անոր առանձին գնահատանքը:

Թուրքիոյ արկածախնդրութիւնները եւ այդ երկիրին բռնատէր` Էրտողանի մասնակցութիւնը այդ արկածախնդրութեանց արդէն լարեցին տպաւորութիւնները Թուրքիոյ դէմ. ատոր հետեւանքով ալ քաղաքական դէմքեր եւ մամուլը կրցան որոշ չափով անկախ վերաբերում մը ցոյց տալ:

Ֆրանսա եւ Գերմանիա արդէն Արցախեան պատերազմէն առաջ բացասական դիրքորոշում մը ունէին Թուրքիոյ նկատմամբ Արեւելեան Միջերկրականի մէջ անոր կատարած ապօրինի գործունէութեանց համար. մանաւանդ` դաշնակից Յունաստանի իրաւունքները ոտնակոխած ըլլալուն համար:

Ամերիկա, զբաղած ըլլալով նախագահական ընտրութեամբ, գոնէ հրապարակաւ անտարբեր էր. սակայն, ի վերջոյ անդրադարձաւ որ նախագահ Էրտողան ոչ միայն միտք ունի Ռուսաստանը գրգռելու, այլ իր արարքներով ճեղք մը յառաջացնելու ՆԱԹՕ-ի կազմէն ներս, եւ ստիպեցաւ ազդանշանը տալ Պրն. Էրտողանին Ինճիրլիքի ռազմակայանին փոխարէն իր ոյժերը յունական կղզիներ փոխադրելու ծրագրով: Արդէն, Գերմանիա իր հերթին սկսած էր իր ռազմական ոյժերը հեռացնել Ինճիրլիքէն:

Ամբողջ աշխարհի մէջ հայոց կողմէ կազմակերպուած ցոյցերը եւս ունեցան իրենց անդրադարձը միջազգային մամուլին վրայ, թէեւ ոչ համապատասխան կերպով:

Ամերիկայի այն քաղաքներուն մէջ ուր հայութիւնը լայն զանգուած մը կը ներկայացնէ տեղական մամուլը հարկադրաբար անդրադարձաւ Արցախեան պատերազմին. օրինակ «Պոստոն Կլոպ» արցախեան պատերազմին անդրադարձաւ տեղւոյն հայ համայնքին աչքով դիտուած: Իսկ Ֆրէզնոյի մէջ փաստաբան Մուշիկեանին կողմէ ստորագրուած գրութիւնը, «Ֆրէզնօ Պի» թերթին մէջ լայն տեղ գտած էր, ամբողջութեամբ հայանպաստ էր:

Լոս Անճելըսի մէջ հայոց զանգուածային ցոյցը CNNի կեդրոնին առջեւ հարկադրեց որ լրատու այդ հաստատութիւնը վերջապէս արժանի նկատէր պատերազմի լուրը ընդգրկելու իր հաղորդումներուն մէջ:

«Ուաշինկթըն Փոսթ»ի մէջ Տէյվիտ Իկնէյշըս մէկէ աւելի յօդուածներ գրեց: Այս հայազգի լրագրողը, ամերիկեան չափանիշերու մէջ մնալով, բաւական արդարացի պատկերացում մը տուաւ խնդրին: Սակայն, աւելի շահեկան էր նոյն թերթին խմբագրական կազմին հաւաքական կարծիքը, որուն կազմաւորման մէջ անկասկած դեր պէտք է ունեցած ըլլայ Իկնէյշըսը: Արդարեւ, յանուն խմբագրական կազմին գրուած էր – «Բայց յստակ կերպով տեսանելի է որ Ատրպէյճանի բռնատէրը` Իլհամ Ալիեւ, արձակեց նախայարձակումը վերագրաւելու համար այն հողերը զորս իր երկիրը կորսնցուցած էր 1990ականներուն, եւ այդ ըրաւ ուղղակի նեցուկովը Թուրքիոյ: Անխոհեմ բախտախնդրութիւն մըն էր որ կը բացայայտէր Ամերիկայի ազդեցութեան նուազումը նախագահ Թրամփի իշխանութեան օրով եւ զօրացող յաւակնութիւնները երբեմնի բարեկամ Ռեճէփ Թայյիպ Էրտողանի, Թուրքիոյ բռնատէր իշխանաւորին» (Հոկտ. 3, 2020):

Մեծազդեցիկ «Նիւ Եորք Թայմզ» իր Հոկտեմբեր 10ի թիւով կ’անդրադառնայ պատերազմի աւերածութեան եւ դարձեալ վեր կ’առնէ Էրտողանի տխուր դերը այս պատերազմին մէջ:

Շատ զարմանալի էր ատրպէյճանցի անկախ լրագրողի մը յօդուածը պատերազմի մասին: Ատրպէյճանցի լրագրող որ իր երկրի բանտերէն մէկուն մէջ չէր` Իսթանպուլէն կը գրէ Global Voice-ի մէջ հետեւեալ վերնագրի տակ «Ղարաբաղ – Ատելութիւնն ու հրճուանքը կը տանին խենդութեան» – «Իլհամ Ալիեւ հասարակութիւնը ճնշելով այնքան յուսահատութիւն յառաջացուց հին ու նոր քաղաքական բանտարկեալներու ընտանիքներուն մօտ եւ լռեցուց ազատ մամուլը: Այս պատերազմը իր վերջին խաղաքարտն է օրինականացնելու իր իշխանութիւնը: Ան պիտի մնայ ցկեանս նախագահ: Փտած հակաժողովրդավար նախագահ մը որ պիտի շարունակէ իշխել երկրին վրայ. նոյն ատեն խափանելով անկախ ձայներ» (Արզու Կէյպուլլա, Հոկտ. 10, 2020):

Ամերիկայի մէջ կատարուած ցոյցերուն կողքին դեր ունեցան նաեւ քաղաքական գործունէութիւնները Հայկական Դատի Յանձնախումբին (ANC) եւ Ամերիկայի Հայկական Համագումարին (Armenian Assembly of America): Նոյնպէս հայկական պետութեան եւ Հայկական Համագումարին կողմէ վարձուած փաստաբանական գրասենեակները, որոնց նմանները տարիներէ ի վեր կը գործեն Ամերիկայի եւ Եւրոպայի մէջ, Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հաշւոյն:

Ռուսական մամուլին մէջ հայանպաստ դիրքորոշումներ ունեցան Զատուլին եւ Սոլովիեւ: Վլատիմիր Փոզնըր, որուն այնքան ծանօթ է ամերիկեան հասարակութիւնը, զգացական կապուածութեամբ արտայայտուեցաւ Արցախի հայ ժողովուրդին մասին: Քննադատական ակնարկութիւններ լսուեցան RT-ի կայանի տնօրէն Մարկարիթա Սիմոնեանէն եւ Անդրանիկ Միհրանեանէն, որոնք կը գանգատէին Հայաստանի մամուլին եւ քաղաքական շրջանակներուն մօտ արտայայտութիւն գտնող հակա-ռուսական խօսքերէն ու քաղաքական գործունէութենէն. եւ այս` այնպիսի պահու մը երբ Հայաստան պէտք ունէր Ռուսաստանի աջակցութեան:

Դժուար է ամբողջ մամուլի տեսութիւնը խտացնել մեր նեղ սիւնակներէն ներս: Սակայն, չենք կրնար զանց առնել շատ կենսական մեկնաբանութիւնը միջին արեւելեան հարցերու ռուս մասնագէտ Եւկենի Սաթանովսքիին. մասնագէտը հարցերը կը տեղաւորէ քաղաքական լայն հարթակի վրայ Արցախն ու Ատրպէյճանը ներկայացնելով իբրեւ հետեւանք, աւելի քան պատճառ այն նոր պատերազմին, որուն բուն մղումը Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի հակադրութիւնն է:

Ան Middle East Research Institute-ի (MEMRI) հրատարակութեան մէջ (Հոկտ. 10, 2020) կը գրէ հետեւեալ վերնագրին տակ- «Ղարաբաղի խնդրի կարգադրութեան մէջ Էրտողան անարգեց Ամերիկան, Ֆրանսան եւ Ռուսաստանը». «Հին թշնամին յարուցուած է կրկին, սուլթանական Բարձրագոյն Դուռը, նոր տեսքով: Ան վերադարձած է շնորհիւ մեր դրամին, մեր կազին, մեր ագահութեան եւ թուլութեան … մէկ բան յստակ է եթէ Էրտողան իր համաթուրանական տեսութիւնը գործադրութեան դնէ` Ռուսիա պիտի դադրի գոյութիւն ունենալէ: Այս հարցը առնչուած չէ հայերուն եւ ատրպէյճանցիներուն». «եթէ մեր ղեկավարութիւնը կ’ուզէ պահպանել երկիրը` պէտք է կարճեցնէ Սուլթանին հասակը (գլուխէն). Ինչ միջոց որ կ’ուզեն պէտք է գործադրեն. անոր ոտքը պէտք չէ տեղ գտնէ Ղարաբաղի մէջ»:

Ինչպէս կը տեսնուի ներկայ պատերազմը աւելի լայն տարողութիւն ունի միջազգային ոյժերու յարաբերութեան մէջ: Մեր հողը, մեր երկրի ապագան եւ մեր ազգին արիւնը մանրուքներ են որոնք կրնան կոխկրտուիլ մեծերու ոտքերուն տակ:

Մինչ միջազգային մամուլը կը շարունակէ մեկնաբանել ներկայ պատերազմը, Հայաստան ու Արցախ կը հաշուեն իրենց զոհերը, փառք տալով հայկական բանակի սխրագործութեանց:

«ՊԱՅՔԱՐ» շաբաթաթերթ