Հոկտեմբեր 10ին Մոսկուայի մէջ համաձայնութիւն գոյացաւ հրադադար հռչակելու Արցախի պատերազմին մէջ: Սակայն, 10 օր անց տակաւին Ատրպէյճան կը շարունակէ ռմբակոծել ոչ միայն ռազմական նշանակութիւն ունեցող թիրախները այլ նաեւ Արցախի խաղաղ բնակչութիւնը:
Արցախի խնդրի կարգաւորման միջազգային մարմինը Մինսքի խումբն է իր եռանախագահներով – Ամերիկա, Ռուսաստան եւ Ֆրանսա: Յիշեալ խումբը բանակցութիւնները կը վարէ այն սկզբունքին վրայ որ այս տագնապին չկայ ռազմական լուծում: Նոյն սկզբունքները առաջադրած են Եւրոպական Միութիւնը, ՄԱԿ-ը եւ ՆԱԹՕ-ն: Միայն Ատրպէյճանն է որ կը յամառի շարունակել ռազմական ոյժի գործադրութիւնը անսաստելով իրաւական մարմինն ու միւս հեղինակութիւնները: Այդ պատճառաւ ալ Ատրպէյճան անպատիժ կերպով կը շարունակէ պատերազմը` ենթարկուելով Թուրքիոյ բռնապետ Ռեճէփ Էրտողանի, որուն զինամթերքին եւ ռազմական խորհրդատուներուն միացած են իսլամապաշտ ահաբեկիչներ, յատկապէս բերուած Սուրիայէն:
Եթէ Ատրպէյճան կը խորհի թէ զէնքի ոյժով պիտի յաջողի պարտադրել իր կամքը Արցախի ժողովուրդին` պատերազմի ընթացքը ցոյց կու տայ որ ոյժի կիրառումով միայն կը զօրացնէ Արցախի ժողովուրդին վճռակամութիւնը` պայքարելու մինչեւ վերջ:
Աշխարհի մեծերուն համար Արցախի ազատամարտը կը թուի ըլլալ սովորական շրջանային բախում մը. սակայն, հայ ժողովուրդը գիտէ բնազդօրէն եւ իր պատմութեամբ որ հոն ուր խնդրոյ առարկայ է թուրքը` կռիւը գոյութենական պայքարի կը վերածուի:
Ատրպէյճան անհամեմատօրէն մեծ թիւով զոհեր տուաւ – աւելին` առաջին գիծին վրայ մղեց վարձկան ահաբեկիչները, որոնք ցարդ նման մարտի մէջ չէին գտնուած. սակայն, Ատրպէյճանին համար մարդկային կեանքը արժէք չունի. մօտ օրէն երբ պարզուի ատրպէյճանցի զոհերուն իսկական թիւը` Իլհամ Ալիեւ բացատրութիւն ունի տալիք իր ժողովուրդին:
Այս պատերազմին ընթացքին մեր ռազմագիտական Դաշնակիցը անօրինակ լռութիւն մը կը պահէր երբ յանկարծ երկու օր առաջ հրապարակային յայտարարութիւն մը ըրաւ անոր արտաքին գործոց նախարարը՝ Սերկէյ Լաւրով, հրապարակ հանելով քանիցս քննուած ու մերժուած բանաձեւ մը, որ արդէն քանի մը անուններ ալ փոխած էր իբրեւ Մատրիտեան կամ Լաւրովեան բանաձեւ, ուր կ’առաջարկուի հայկական ոյժերուն պարպել իրենց տիրապետութեան ներքեւ գտնուող հինգ հողամասեր, ապա եւս` երկու հողամաս եւ այս բոլորէն ետք քննել Արցախի օրինավիճակը Ատրպէյճանի հողային ամբողջականութեան սկզբունքով: Այսինքն, 30 տարուան պայքարէն եւ թափուած արիւնէն վերջ` վերադառնալ սովետի շրջանի իրավիճակին: Նման յայտարարութիւնը ազդանշան մըն է որ Արցախի հայութիւնը շարունակէ ազատամարտը` զէնքի ոյժով ապահովելու իր ինքնորոշման իրաւունքը:
Մինսքի խումբը կը շարժի Հելսինքիի 1975ի վերջին աքթի սկզբունքներով` Ատրպէյճանական կողմը կը պնդէ հողային ամբողջականութեան սկզբունքին վրայ, իսկ հայկական կողմը` ազգերու ինքնորոշման սկզբունքին վրայ, հարցը մատնելով քառակուսի անիւի դրութեան: Գոյութիւն ունին օրինական սկզբունքներ միջազգային օրինագիրքերու մէջ, որոնց որդեգրումով կարելի է դուրս գալ այս քառակուսի անիւի դրութենէն: Եւ հայկական կողմը ուրիշ ելք չունի` բացի դիմելէ այդ սկզբունքներուն:
Թուրքիա Կիպրոսի հողամասին մէկ երրորդը կը գրաւէ եւ դուռ կը բանայ միջազգային օրէնքներու փնտռտուքին: Հողամասեր կը գրաւէ Իրաքէն եւ Սուրիայէն, որոնք ոչ մէկ օրէնքով կարելի է արդարացնել: Այդ ձեւով Թուրքիա կը ստեղծէ փաստական իրողութիւններ` դուռ չթողելով ոեւէ օրէնքի, որով միջազգային հասարակութիւնը կարենար լուծել զանոնք:
Նախագահ Էրտողան, արհամարելով միջազգային ամէն օրէնք լպիրշութեամբ արդարացուցած է Օգոստոս 26, 2020ին յայտարարելով -«Մեր քաղաքակրթութեան մէջ նուաճումը գրաւում կամ աւարառում չի նշանակեր: Ատիկա արդարութեան գերակշռութիւնն է Աստուծոյ կամքին այդ նուաճուած շրջանին վրայ … մենք կը հրաւիրենք մեր ընդդիմախօսները որ կարգի հրաւիրուին, որպէսզի հեռու մնան գործելէ սխալ մը որ կրնայ ճամբայ բանալ իրենց կործանման»:
Արեւմուտքն ալ զէնքի ոյժով ստեղծեց Քոսովօ կոչուած արուեստական պետութիւն մը Եւրոպայի սրտին վրայ եւ ապա փնտռեց ու գտաւ օրէնքներ` արդարացնելու համար այդ անարդարանալի ապօրինութիւնը: Ուրեմն, հայերս պէտք է սորվինք թէ ինչպէս կը գտնուի ու կը կիրարկուի միջազգային օրէնքը – ստեղծելով փաստական իրողութիւններ:
Արդէն Արցախը, յայտարարելով իր անկախութիւնը ստեղծած է այդ փաստական հիմքը այսպէս հասկցուած միջազգային օրինականութեան:
Ամէն անգամ որ հարց կը ծագէր թէ ինչո՞ւ Հայաստանը չի ճանչնար Արցախի անկախութիւնը` դուռ բանալու համար նաեւ այլ պետութեանց ճանաչման` բացատրութիւնը այն էր որ նման արարք մը կրնար պատերազմի առաջնորդել: Հիմա որ պատերազմը հասած է մեր դուռներուն, աւելին` մեր տուներուն, այլեւս նման վախ մը կամ պատճառաբանութիւն մը արդարացում չունի:
Արդէն Արցախի նախագահը` Արայիկ Յարութիւնեանը յայտարարեց թէ պիտի դիմէ Հայաստանի կառավարութեան ճանչնալու Արցախի անկախութիւնը: Աւելի յարմար առիթ մը չկայ` առնելու համար այդ համարձակ եւ վճռական քայլը, մանաւանդ որ քաղաքական բարձր շրջանակներէ կը հնչեն կոչեր եւ առաջարկներ այդ ուղղութեամբ: Օրինակ, Հոկտեմբեր 11, 2020 Ռուսաստանի պետական Տումայի պատգամաւոր Կոնստանտին Զաթուլին յայտարարած է թէ` «Արցախի միջազգային ճանաչումը այլընտրանք չունի: Արցախը անկախացած է 1991ին, եւ ժամանակն է որ ճանչցուի անոր անկախութիւնը: Անկախութեան ճանաչումը այլեւս կը բացառէ ատրպէյճանական նախայարձակումը, կ’երաշխաւորէ Արցախի ապահովութիւնը: Ռուսաստանի Դաշնութիւնը որպէս Հայաստանի դաշնակից պէտք է ըլլայ Արցախի անկախութիւնը ճանչցող պետութեանց առաջինը»:
Զարմանալիօրէն թուրք լրագրուհի մը եւս առաջարկած է Զաթուլինի կոչը. այսպէս, Modern Diplomacy Website-ի մէջ գրելով թուրք լրագրող Ուզայ Պուլութ կը հաստատէ թէ ժամանակը հասած է որ աշխարհ ճանչնայ Արցախի անկախութիւնը:
1991ի Սեպտեմբեր 2ին Արցախ տիրացաւ իր անկախութեան Սովետական Միութեան սահմանադրութեան մէջ նշուած այն օրէնքով, որով Ատրպէյճան տիրացած էր իր անկախութեան: Ատրպէյճանական կողմը կը պատճառաբանէ որ անջատումի այդ օրէնքը կը վերաբերի միայն Միութեան հանրապետութիւններուն եւ ոչ` ինքնավար շրջաններուն, քանի Արցախը ինքնավար շրջան մըն էր «օպլասթ». մինչդեռ այդ սահմանադրութեան 3րդ յօդուածը կ’ըսէ – «Ինքնավար շրջաններու եւ ինքնավար հանրապետութեանց ժողովուրդները իրաւունքն ունին որոշելու թէ կ’ուզե՞ն շարունակել մաս կազմել ՍՍՌՄ-ին կամ բաժնուիլ միութենական հանրապետութենէն, նոյնպէս (իրաւունք ունին) արծարծելու խնդիրը իրենց իրավիճակին»:
Ի դէպ, գոյութիւն ունին նաեւ երկու այլ պատճառներ որոնք կ’արդարացնեն Արցախի անկախութեան հռչակումը. առաջինը այն որ Արցախը իր անկախութիւնը հռչակեց Սովետական Միութենէն եւ ոչ Ատրպէյճանէն: Իսկ երկրորդը` Ատրպէյճան երբ իր անկախութիւնը հռչակեց Սովետական Միութենէն, ինքզինք իրաւայաջորդը հռչակեց 1918ի անկախ Ատրպէյճանին, որուն մաս չէր կազմեր Արցախը:
Վերջերս կարգ մը ուսումնասիրութիւններ հրատարակուեցան որոնք կ’արդարացնէին ազգագրական տարբեր պատկանելիութիւն ունեցող փոքրամասնութիւններու անջատումը մայր երկրէն` եթէ վտանգ մը կը սպառնայ այդ փոքրամասնութեանց կեանքին: Այս տուեալը անդին կ’անցնի ինքնորոշման իրաւունքի քաղաքական եւ օրինական բնագաւառէն, որով մարդկային կեանքի նուիրականութիւնը հակակշիռ մը չունի իր դիմաց, ինչպէս օրինակ` հողային ամբողջականութեան խնդիրը:
Արցախի ժողովուրդը անցեալ դարասկիզբէն ի վեր ջարդուած է ազերիներու կողմէ. 1902ին, 1920ին, իսկ սովետական տարիներու ճնշումներէն ետք ջարդուած է նաեւ Սումկայթի եւ Պաքուի մէջ 1990ին:
Լեւոն Տէր Պետրոսեան վերջերս հանրութեան ուշադրութիւնը հրաւիրեց Հոկտեմբեր 7, 2020ին Ժընեւի քաղաքային խորհուրդի որոշումը: Այսպէս, Ժընեւի քաղաքային խորհուրդը ճանչցաւ Արցախի ինքնորոշման իրաւունքը` որպէս անոր ապահովութեան միակ հնարաւորութիւն. այսինքն «անջատում` յանուն փրկութեան» սկզբունքով:
Վերջերս, The Armenian Mirror-Spectator-ի օրէնսգէտ աշխատակիցը` Ռաֆֆի Գալֆայեան Հոկտեմբեր 17, 2020ին յօդուած մը հրատարակեց վեր առնելով միեւնոյն սկզբունքը, որ կ’երաշխաւորէ փոքրամասնութեանց ֆիզիքական ապահովութիւնը որ գերիվեր է երկրի հողային ամբողջականութեան սկզբունքէն:
Այդ ուսումնասիրութեան մէջ Պրն. Գալֆայեան կը նշէ նաեւ Փաքիստանի պարագան, որ անջատուեցաւ Հնդկաստանէն, այսինքն` մեծամասնութենէն, հակառակ այդ վերջնոյն կամքին:
Նախքան որ Հայաստան ճանչնայ Արցախի անկախութիւնը, կարգ մը քաղաքներ ու նահանգներ արդէն կը ճանչնան զայն ինչպէս Միացեալ Նահանգներու մէջ, նոյնպէս նաեւ` Եւրոպայի. օրինակ վերջերս Արցախի անկախութիւնը ճանչցաւ Միլանի (Իտալիա) քաղաքապետութիւնը: Հայկական կարգ մը խմբաւորումներ յաջողած են Արցախի անկախութեան ճանաչման հարցը բերել Ֆրանսայի խորհրդարանի օրակարգին վրայ. աշխատանքներ կան նաեւ Եւրոպական Խորհրդարանին մէջ:
Քանի Թուրքիա եւ Ատրպէյճան ճար չթողուցին` ժամանակն է որ Հայաստանի իշխանութիւնները եւս դիմեն այդ վճռական քայլին:
Դժբախտաբար տակաւին պատերազմը կը շարունակուի եւ հայու արիւնը կը հոսի:
Այս պատերազմը պէտք է վերջանայ երկու արդիւնքով` վճռական յաղթանակով եւ երկրորդը` Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան ճանաչումով:
«ՊԱՅՔԱՐ» շաբաթաթերթ