Շահան Արք Սարգիսեան. «Միջին Արեւելքի հայութեան հեռացումը վտանգաւոր է նաեւ Հայաստանի համար»

«Միջին Արեւելքի մէջ հայութեան ներկայութիւնը մեր Դատին, մեր իրաւունքներուն, մեր գոյութեան համար անհրաժեշտութիւն մըն է», «Արեւելք»-ին յայտնեց Բերիոյ թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան, որ նաեւ նկատել տուաւ, թէ Սուրիոյ պատերազմին զարգացումները տարբեր ուղղութիւններով կը զարգանան, եւ այդ առումով պատասխանատու մարմինները կոչուած են ամէն գնով իրենց աշխատանքի ծիրին մէջ գլխաւոր մտահոգութիւն դարձնելու համայնքի ապահովման խնդիրը: Սրբազանը խօսելով Սուրիոյ մէջ արձանագրուող պատերազմական գործողութիւններուն մասին՝ ըսաւ. «Ռազմական գործողութիւնները երբեմն կը զարգանան, աճ կ’արձանագրեն, կը դառնան տեղատուութիւն եւ մակընթացութիւն, եւ այս առումով կարելի չէ խօսիլ յաղթանակներու եւ պարտութիւններու մասին, կարելի չէ խօսիլ գալիք ժամանակներուն տեղի ունենալիք փոփոխութիւններուն կամ գործընթացներուն մասին, որովհետեւ եթէ պարզապէս միայն Հալէպը նկատի ունենանք եւ անոր աղերսուող՝ ՄԱԿ-ին կողմէ ուղարկուած պատուիրակութեան երեք յաջորդական անձերու փոփոխութիւնը, ապա այս մէկը ցուցանիշ է բարդութեան այն կացութեան, որուն մէջ կ’ապրի Սուրիան այս տագնապալի եւ պատերազմական գործողութեանց ընթացքին»:

Սրբազան հայրը նշեց, որ սուրիահայութեան խնդիրին վերաբերեալ համահայկական ընդհանուր ծրագիր մը չկար, բայց եղած են տարբեր պատկերացումներ, որոնք բոլորն ալ ունին մէկ խորք, որն է՝ պահպանել սուրիահայութեան եւ հալէպահայութեան ապահովութիւնը:

Սրբազանը նշեց, որ սուրիահայութիւնը այս տագնապին մէջ ամէն իմաստով վնասներ կրեց եւ կը շարունակէ կրել։ Իր կարծիքով՝ Հալէպը, որպէս քաղաք, Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ի վեր ամէնէն աւելի աւերուած քաղաքն է այսօր: Սրբազան հայրը ապա խօսելով Հալէպը դատարկելու վերաբերեալ հնչած կոչերուն մասին՝ դիտել տուաւ, որ այդպիսի ծրագիր մը գոյութիւն չունի, բայց եւ այնպէս Հալէպի պատասխանատու մարմիններուն համար համայնքին ապահովութեան հիմնախնդիրը մշտական քննարկման առարկայ է, թէ՛ Հայաստանի պատկան մարմիններուն եւ թէ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան բարձրագոյն մարմիններուն հետ համատեղ: Այս առումով, սրբազանը շեշտեց, որ Միջին Արեւելքի մէջ հայութեան գոյութիւնը կարեւոր է ոչ միայն Սփիւռքին եւ Հայ Դատին համար, այլ նոյնպէս Հայաստանի Հանրապետութեան համար՝ նշելով. «Միջին Արեւելքը հայութենէ պարպելու քաղաքականութիւնը հայոց արդար Դատին, Ցեղասպանութեան ճանաչման, հատուցման, անոր հետեւանքներու վերացման պայմաններուն եւ Հայաստանի անկախ ու ազատ հանրապետութեան համար շատ լուրջ խնդիր կրնայ ըլլալ»:

Խօսելով անցած օրերուն Երեւան գտնուած ընթացքին հալէպահայերու հետ իր ունեցած շփումներուն մասին՝ սրբազանը ըսաւ, թէ անոնց մօտ նկատած է Հալէպ վերադառնալու ընդհանուր փափաք մը եւ այդ մէկը պէտք է ընկալել իբրեւ Հալէպի եւ Սուրիոյ հանդէպ ընդհանուր կապուածութեան արտայայտութիւն: «Մենք կառչած կը մնանք Հալէպին», եզրակացուց Շահան արք. Սարգիսեան: