Պէտք Էր Հրադադար՝ Կասեցնելու ՀամարԿորուստները
Արցախը Կը մնայ Հայկական Իսկ Թուրքիան
Կը Հրուի Տարածքէն Դուրս
Այսօրուայ հրամայականն է պահպանել Ազգային Միասնականութիւնը:
Արցախը եւ Հայաստանը Սեպտեմբեր 27-ին թիրախը դարձան Թուրք-Ատրպէյճանական միացեալ ծրագրումով կազմակերպուած ծանրակշիռ յարձակման: Թուրքիոյ հզօր բանակին՝ գործակցութեամբ Ալիեւի՝ նպատակակէտը վերագրաւել էր ամբողջ Ղարաբաղը իսկ Թուրքիոյ նպատակն էր դառնալ այդ շրջանին ճակատագիրը հակակշռող պետութիւն եւ անկէ ալ յառաջանալ դէպի իր փան-թուրանական ծրագրի իրականացումը:
Արցախը եւ Հայաստանը իրենց ամբողջ ոյժով՝ հայոց բանակին, կամաւորներուն եւ ամբողջ սփիւռքի օժանդակութեամբ հերոսական դիմադրութիւն ցոյց տուին այս անհաւասար ոյժերով պատերազմին ընթացքին: Քառասուն օրերու ընթացքին սակայն՝ կարելի չէր հաշուի չ’առնել հայ երիտասարդ զինուորներու բազմացող զոհերու թիւը ինչպէս նաեւ անհամեմատօրէն զինուորական աւելի մեծ թիւ եւ միջոցներ ունեցող Թուրք-Ատրպէյճանական ոյժերուն կողմէ ամէն օր աւելի մեծ տարածքներու գրաւուիլը, ինչ որ կ’սպառնար ի վերջոյ առաջնորդել ամբողջ Արցախի կորուստին:
Ահա այս պայմաններուն տակ է որ կացութեան իրատես գնահատանքը կատարելէ ետք, զինուորական եւ քաղաքական բոլոր տուեալները հաշուելէ ետք, ծանր սիրտով եւ քաղաքական թէ զինուորական գերագոյն պատասխանատուներու համաձայնութեամբ՝ եւ միջամտութեամբ Ռուսիոյ՝ այնպէս կերեւի թէ ստորագրուած է զինադադարի համաձայնութիւնը:
Այսպիսի ծանրակշիռ կացութեան մը առջեւ, բնականաբար ծանր մեղադրանքներ կ’ակնկալուի որ կատարուին օրուայ իշխանութեան եւ պատասխանատու մարմիններուն դէմ: Սակայն մեղադրողները պարտին չաճապարել քանի որ վերջին հաշուով կրնան իրենք եւս թերեւս աւելիով մեղադրուողներ դառնալ:
Կացութեան վերջնական հաշուեյարդարը կատարելու համար պէտք ունինք ժամանակի եւ առարկայական տեղեկութեանց: Անհրաժեշտ է նաեւ կատարել անցնող 30 տարիներու՝ Հայաստանի անկախացումէն ետք՝ յաջորդող իշխանութեանց քաղաքականութեան մանրամասն վերլուծումը:
Այսօր կրնանք ըսել թէ հրադադարի արդիւնքները կարելի է գնահատել նշելով թէ, մէկ կողմէ դժբախտաբար Հայաստանը տուաւ մեծ թիւով երիտասարդ սերունդին պատկանող մարդկային զոհեր: Նոյնպէս հայերը կորսնցուցին Ղարաբաղի տարածքէն որոշ մասեր որոնցմէ ամէնացաւալին կորուստն է Շուշի պատմական քաղաքը: Սակայն միւս կողմէ ի վերջոյ այսպէսով կասեցուեցաւ ամբողջ Արցախը կորսնցնելու վտանգը: Նոյնպէս կար լրջագոյն վտանգը որ ամբողջ տարածաշրջանը ենթարկուէր մեր դարաւոր թշնամի Թուրքիոյ մշտական դաժան ազդեցութեան:
Հրադադարը գործնապէս երաշխաւորուած է հայոց դաշնակից եւ ի վերջոյ հայոց բարեկամ՝ Ռուսիոյ կողմէ եւ անոր զինուորական ներկայութեամբ, եւ այսպիսով առ այժմ Թուրքիան դուրս կը մնայ տարածաշրջանին իր կամքը պարտադրելու կարելիութենէն:
Բնականաբար եկող օրերուն եւ ամիսներուն ընթացքին տակաւին բազմաթիւ մանրամասնութիւններ կան բացայայտուելիք եւ յարդուելիք: Հայ ժողովուրդը դժուար շրջան մը կը դիմաւորէ որուն ընթացքին պիտի հաշուէ իր կորուստները եւ պէտք է շատ լրջօրէն ծրագրէ իր վերականգնումը մարդկային, տնտեսական եւ զինուորական բնագաւառներուն մէջ:
Այսօր անհրաժեշտ է հեռու մնալ ներքին տագնապներ ստեղծելու փորձութենէն: Պէտք է կրկնել թէ այլապէս մեղադրողները կրնան իրենք դառնալ մեղադրուողներ:
Այսօր անհրաժեշտ է ազգային միասնականութեան պահպանումը նկատել բոլորին առաջնահերթ պարտականութիւնը:
Ի վերջոյ պէտք է կրկնել՝
Կեցցէ Հայաստանը, Կեցցէ Արցախը եւ կեցցէ յաւերժական հայ ժողովուրդը: