Դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեան
Նոյեմբեր 10-ի « Խաղաղութեան Յայտարարութիւնը» հիմնովին ցնցեց Արցախի, Հայաստանի եւ Սփիւռքի հայութիւնը ամբողջ:
Յանկարծ ամբողջ հայութիւնը ինքզինք դէմ յանդիման գտաւ չակնկալուած եւ չսպասուած հսկայական կորուստներու դիմաց :
Մարդկային կորուստները, տարածքներու կորուստները եւ ի վերջոյ պատերազմի մէջ պարտութենէ բխած բարոյական յուսալքումը շատ ծանր էին եւ տակաւին են, եւ այդ բոլորը պէտք է դիմակալէ հայ ժողովուրդը:
Անցնող տասնեակ մը օրերը սակայն, աստիճանաբար առիթը տուին որ առաջին ժամերու ահաւոր ցնցումէն ետք սկսի հաշուեյարդարը: Բնականաբար բազմաթիւ են հաշուեյարդարը կատարողները…:
Հաշուեյարդար կը կատարուի թէ Արցախի մէջ, թէ Հայաստանի մէջ, թէ Սփիւռքի մէջ տարբեր տարբեր խմբաւորումներու, կազմակերպութիւններու, պատասխանատու մարմիններու եւ վերջապէս նոյն ինքն անհատներու կողմէ: Իբրեւ արդիւնք կ’արձակուին շատ տարբեր եւ յաճախ հակասական եզրակացութիւններ եւ վճիռներ:
Այս տողերը գրողին նպատակն է, նկատի առնելով այս բոլորը, նկատի առնելով նաեւ պաղ իրականութիւններէն բխած հրամայականները եւ պատմութեան դասերը, արդէն իսկ սկսիլ ձեւաւորել նուազագոյն, անմիջապէս գործադրուելիք, առաջարկներ որոնք հիմնուած ըլլան ազգային գերագոյն շահերու թելադրած հրամայականներուն վրայ:
Անմիջապէս ըսեմ թէ յաջորդական յօդուածներու մէջ է միայն որ կարելի է կատարել աւելի խորացուած վերլուծումներ:
Այսօրուան համար կացութեան մեծ պատկերը այն է թէ Արցախի պատերազմը դադրած է, եւ մարդկային եւ տարածքային մեծ կորուստներ տալէ վերջ գոնէ անոնց անխուսափելի շարունակութիւնը կասեցուած է՝ շնորհիւ Ռուսական զինուորական միջամտութեան:
Ակնյայտ է նաեւ թէ այս պատերազմին մէջ մեր բուն թշնամին Թուրքիան էր եւ եթէ Ռուսիան միջամտած չըլլար այսօր Արցախը եւ Հայաստանը թրքական զինուորներու կրունկներուն տակ պիտի գտնուէին:
Այս բոլորին մասին տակաւին պիտի կատարուին բազմաթիւ վերլուծումներ եւ մեկնաբանութիւններ: Այսօր սակայն այդ բոլորէն առաջ ունինք աւելի անմիջական մտահոգութիւններ եւ հրամայականներ որոնց մասին է որ պէտք է առնուին անմիջական քայլեր:
Առաջին հերթին կ՛ակնկալենք եւ կ’ընդունինք որ գիտակցելով մեր կրած մարդկային կորուստներուն ահաւոր ծանրութիւնը, պէտք է եւ պիտի փնտռուին պատասխանատուներ: Այս պարագան անխուսափելի է եւ արդար:
Սակայն ընդունելով հանդերձ այդ պատասխանատուները ճշդելու կարեւորութիւնը պէտք է նաեւ հաւաքական քաջութիւնը ունենանք անդրադառնալու թէ այս ժամուն եւ այս օրերուն աւելի եւս կարեւոր պատասխանատուութիւնը կը կայանայ ճշդել եւ հետապնդել անմիջական եւ յաջորդական այն բազմերանգ եւ բազմերես քայլերը որոնք անհրաժեշտ են որպէսզի՝ նախ չմատնուինք աւելի եւս մեծ կորուստներու եւ յետոյ նաեւ ընդհակառակն դաս առնելով կատարուած սխալներէն, որպէսզի այսօրուընէ իսկ սկսինք հիմերը դնել աւելի լաւ մտածուած կառոյցներու, աւելի հաստատուն ապագայ մը կառուցելու համար:
Խնդրոյ առարկայ «Խաղաղութեան Յայտարարութիւնը» հազիւ մէկ էջի վրայ շարուած 9 կէտերէ բաղկացած գրութիւն մըն է որուն գործադրութիւնը իրական գետնին վրայ կը նախատեսէ հարիւրաւոր եթէ ոչ հազարաւոր ճակատագրական մանրամասն գործառնութիւններ: Այդ գործառնութիւնները առաւելագոյն չափով մեր շահերուն յանգեցնելու համար մեր առաջին հրամայականն է որ «երեկուընէ իսկ» մեր շահերուն տէր եղող՝ որոշ եւ գործնական հեղինակութիւն եւ իշխանութիւն մը բնորոշուի այսօր իսկ սակարկութեանց ղեկը խելացի եւ կարող կերպով ստանձնելու, Հայաստան-Արցախ աշխարհին մէջ:
Ահա թէ ինչու այսօր անընդունելի է յատկապէս Երեւանի մէջ ստեղծուած ամբոխային մթնոլորտը: Որքան որ ժողովուրդը իրաւունք ունենայ զայրացած ըլլալու, այսօր երկրին մէջ խուժանային վիճակ ստեղծողները յանցաւոր եւ ծանրօրէն դատապարտելի են նոյնքան եւ աւելի քան որեւէ ուրիշը:
Յաջորդ հրամայականն է իշխանութեանց կողմէ անդրադառնալ թէ իրենք պիտի ենթարկուին օրուայ անխուսափելի դատաստանին: Առ այժմ հարցը այն չէ երբեք թէ ով եւ ինչ բանի համար յանցաւոր կը նկատուի այսօր: Բոլոր ազգերու եւ եւ խմբաւորումներու անխուսափելի օրէնքն է որ երբ երկիրը եւ հաւաքականութիւնը կ’ենթարկուի ծանրակշիռ ձախորդութեանց եւ վնասներու, , ընդունուած ընթացքը այն է թէ օրուան ղեկավարութիւնը առաջին հերթին յայտարարէ իր պատրաստակամութիւնը կարգապահօրէն առիթը տալու նոր ղեկավարութեան մը նշանակման նոյնիսկ երբ այդ երկիրներու կամ հաւաքականութեանց ղեկավարութիւնը ունենայ արդարացնող տուեալներ բացատրելու եւ արդարացնելու համար կատարուածը: Այդ պարագային կը կատարուին արտահերթ ընտրութիւններ եւ այդ առիթով է որ կը տրուին բացատրութիւններ եւ գուցէ նկատի առնելով բոլոր տուեալները ժողովուրդը յարմար նկատէ վերընտրել եւ վերադարձնել հին ղեկավարութիւնը որպէսզի վերստանձնէ երկրին ղեկը եւ կամ նաեւկրնայ պատահիլ հակառակը:
Ահա թէ ինչու այսօր կ’ակնկալուի որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, մէկ կողմէ անմիջապէս ստանձնէ ժամը ժամուն օրը օրին Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ հետ կատարուող եւ կատարուելիք սակարկութիւններու պատասխանատուութիւնը որպէսզի “Խաղաղութեան Յայտարարութեան” գործադրութիւնը առաւելագոյն չափով համընկնի Հայաստանի եւ Արցախի շահերուն հետ եւ սակայն միւս կողմէ վարչապետ Փաշինեան ընդունի, իր կառավարութեան հրաժարման անհրաժեշտութիւնը եւ ինքն իսկ պարտի նախաձեռնութիւնը առնել կարգապահօրէն կազմակերպելու նոր իշխանութիւն եւ կառավարութիւն ստեղծելու գործառնութիւնները:
Այսինքն կազմակերպէ արտահերթ ընտրութիւններ:
Այս բոլորին մէջ պէտք է նաեւ հասկնալի ըլլայ բոլորին թէ այսօր ստեղծուած է ահաւոր մթնոլորտ մը: Հոգեբանական, ռազմական, տնտեսական բնոյթով ցնցումները այսօր կը դժուարացնեն Երեւանի մէջ հանդարտ եւ տրամաբանական յաջորդական քայլեր առնելու կարելիութիւնները: Այս պայմաններուն տակ է որ Սահմանադրականօրէն երկրին գլուխը հանդիսացող եւ բնականոն պայմաններու մէջ առաւելաբար պատուակալ դեր կատարող Հանրապետութեան նախագահն է որ կրնայ եւ պարտի դիւրացնել վերոյիշեալ քայլերու իրականացումը:
Բարեբախտաբար Նախագահ Արմէն Սարգիսեանը, ոչ նախանձելի այս պարագաներուն մէջ, կը հանդիսանայ բարձր կարողութիւններով եւ բարեմասնութիւններով օժտուած անձնաւորութիւն մը: Ան իր գիտնականի, դիւանագէտի, գործառնողի եզակի հանգամանքներով այսօրուան յարմարագոյն անձնաւորութիւնն է որ կրնայ իր ներկայութեան բարերար արդիւնքները ցոյց տալ, վստահ ըլլալով թէ ինք կը վայելէ ամբողջ ազգին եւ նաեւ օտար պետութեանց յարգանքը եւ համակրանքը: Բոլորս կը սպասենք եւ կ’ակնկալենք նախագահ Արմէն Սարգիսեանէն որ ան բերէ իր բարերար օժանդակութիւնը Հայաստանը դուրս հանելու համար ճգնաժամի այսօրուան վիճակէն:
Այս օրուան համար յաջորդ եւ վերջին հարցումն է թէ պետական կառոյցի վերակազմակերպման այս անմիջական աշխատանքը իրականացնելէ ետք որո՞նք են Հայաստանի՝ Արցախի եւ Սփիւռքին վրայ պարտադրուող՝ նախատեսելի մօտակայ ապագային յաղթահարուելիք յաջորդ մարտահրաւէրները:
Առաջին հերթին ակնյայտ է թէ պատերազմի այս տխուր վախճանով Հայաստան եւ Արցախ կը դիմակալեն մարդասիրական հսկայական օժանդակութեան անհրաժեշտութիւնը: Անհրաժեշտ է մեծագոյն հոգատարութիւնը ցոյց տալ զոհուածներու ընտանիքներուն: Բազմաթիւ պատճառներով անհրաժեշտ է որ դէպի Հայաստան տեղափոխուած Արցախահայութեան մեծամասնութիւնը վերադառնայ եւ վերագրաւէ իր ետին թողած տարածքները, տուները եւ կառոյցները: Պետութիւնը պարտի տարբեր ձեւերով եւ նիւթական յատկացումներով քաջալերել որ առաւելագոյն արագութեամբ կատարուի այս աշխատանքը:
Յաջորդ անհրաժեշտութիւնը, վերականգնումը եւ քաջալերութիւնն է երկրի տնտեսութեան: Այս կապակցութեամբ անհրաժեշտ է անմիջապէս ձեռնարկել գործադրելի կարեւոր նախաձեռնութեանց: Եկող ամիսներուն ընթացքին Հայաստան եւ Արցախ պարտին տեղական, սփիւռքեան եւ օտար մասնագէտներու լուրջ մասնակցութեամբ ձեռնարկել կարեւոր ծրագիրներ կազմելու գործին: Յատուկ կերպով պէտք է մասնաւորել բարձր եւ նուրբ Թէքնոլոկիական նկարագրով ճարտարարուեստի ստեղծումը եւ քաջալերումը: Աւելի եւս պէտք է մասնաւորել ամենաարդիական պատերազմական ճարտարարուեստի ստեղծման առաջնահերթութիւնը:
Վերջապէս այս կապակցութեամբ վերջինը որ նաեւ առաջինն է, Հայաստան Արցախ եւ Սփիւռք պէտք է հասկնան թէ անհրաժեշտ է Հայկական Բանակը օժտել բարձրագոյն թէքնիկական կարողականութեամբ: Անյապաղ պէտք է նախաձեռնել այդ նպատակը յաջողցնելու աշխատանքին:
Հսկայական մարտահրաւէրներ կան այսօր մեր ազգին առջեւ: Այս բոլորին համար կայ անշուշտ ֆինանսական համապատասխան հսկայական պահանջքներ: Պահելով հանդերձ մեր ազգին վերաբերող համեմատութիւնները, պէտք է կերպով մը ջանանք հետեւիլ, Իսրայէլի եւ հրեայ ժողովուրդի անցեալի օրինակին:
Պէտք է վստահ ըլլանք թէ դժուար ըլլալով հանդերձ կրնանք յաղթահարել այս մարտահրաւէրները պայմանաւ որ միացեալ ոյժերով անցնինք համակարգուած աշխատանքի:
Մոնթրէալ