Սպանիոյ Սիյա քաղաքը ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Սեպտեմբեր 29-ին կայացած քաղաքային խորհուրդի նիստին Սպանիոյ Վալենսիա մարզի մէջ գտնուող Սիյա (Silla) քաղաքը պաշտօնապէս ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: “Արարատ” հայկական միութեան մշակած բանաձեւը ներկայացուց Ձախ Միութեան (Izquierda Unida) խօսնակ Վալենտին Մատէոնը, որ իր խօսքի մէջ հակիրճ ներկայացուց 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան պատճառներն ու հետեւանքները, զայն պաշտօնապէս ճանչնալու անհրաժեշտութիւնը: Այս մասին “Հայերն այսօր”-ին կը յայտնեն “Արարատ” հայկական միութենէն:

Քաղաքային խորհուրդը ներկայացնող 6 կուսակցութիւնները (Սոցիալիստական, Ժողովրդական, Սիուդադանոս, Կոմպրոմիս, Ձախ Միութիւն եւ Իսպանիա-2000) միաձայն կողմ քուէարկեցին Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէն իրականացուցած ոճրագործութիւնը որակած իբրեւ ցեղասպանութիւն:

Այսպիսով, Սիյէան դարձաւ Սպանիոյ 10-րդ քաղաքը, որ պաշտօնապէս ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը:

Նիստին ներկայ էին “Արարատ” հայկական միութեան անդամներ Նելլի Աբովեան, Կայէն Մարտիրոսեան, Եսթեր Յակոբեանը, Արամ Ղուկասեանը եւ այլք: Շնորհակալական խօսքով հանդէս եկաւ Նելլի Աբովեան, ան նշեց, որ կարեւոր է այն հանգամանքը, որ նման կարեւոր հարցերու պարագային, կուսակցական գոյները կը միաւորուին: Ի նշան երախտագիտութեան` ան Վալենտին Մատէոյին նուիրեց անմոռուկի կրծքանշանը:

Շնորհակալական խօսքով հանդէս եկաւ նաեւ Միսլատայի Ձախ Միութեան նախկին խորհրդական, հայ ժողովրդի բարեկամ Սալվատոր Գարսիան, ով կարեւորեց հայ համայնքի դերն Սպանիայի մէջ` յորդորելով Վալենսիոյ եւ Սպանիոյ կառավարութիւններուն հետեւած թագաւորութեան 10 քաղաքներու եւ 4 մարզերու օրինակին, որոնք արդէն պաշտօնապէս ճանչցած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Ան աւելցուց, որ պիտի պայքարին մինչեւ բոլոր պետական կառոյցները հետեւին իրենց քայլին: