ԱՐՑԱԽԻ ՃԱԿԱՏԱԳԻՐԸ ՄԵԶ ԿԸ ԿԱՆՉԷ ՈՒ ԿԸ ՏԱՆՋԷ

Յաղթանակը բազում հայրեր կ’ունենայ, պարտութիւնն է որ որբ կը մնայ: Նոյեմբեր 9ի խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրութենէն ետք այս է կացութիւնը Հայաստանի մէջ:           Ո՞րն էր պատճառը այս ահաւոր պարտութեան – Հայաստանի դիւանագիտութեան ձախողութի՞ւնը, բանակի անպատրաստ ըլլալու վիճա՞կը, մեր ազգային թափթփածութի՞ւնը թէ ներքին դաւաճանութիւնը:

Մամուլի, ընկերային ցանցերու եւ հրապարակային կռիւներու ընթացքին պարզուած ճշմարտութիւններն ու ամբաստանութիւնները կը բացայայտեն որ վերեւը նշուած բոլոր թերացումներուն կուտակումն է որ ստեղծած է այսօրուան ճակատագրական վիճակը:             Հայութիւնը հայրենիք կորսնցուցած է անցեալին եւ կարծէք թէ փթացած է այսօր անոր միտքը`  նման գոյութենական վտանգի մը դիմաց:

Թուրքիան ինչ որ կը ծրագրէ` բացայայտօրէն եւ առանց աչքը թարթելու նաեւ կը հետապնդէ իր ծրագիրը: Թուրքիոյ նախագահը` Էրտողան յայտարարած էր որ պիտի օժանդակէ իր եղբօր Ալիեւին եւ անոր երկրին զինուժով ազատագրելու Լեռնային Ղարաբաղը:             Ազգովին կարծեցինք թէ քաղաքական պարզ սպառնալիք մըն էր կատարուածը եւ մնացինք անտարբեր: Թուրքը գործադրեց իր ծրագիրը եւ աշխարհ փաստօրէն անտարբեր մնաց: Անտարբեր մնաց նաեւ Հայաստանի ռազմական դաշնակիցը` քաղաքական պատճառներով: Եւ այսօր փաստօրէն չունինք Արցախը եւ աւելին` վտանգուած է նոյնինքն Հայաստանի պետականութիւնը. արդէն անդամահատուած պէտք է նկատել անոր հողամասը` Մեղրիի մէկ հողաշերտին վեհապետական իրաւունքին կորուստով:

Լուրեր ու փաստեր կան որ Թուրքիա զօրքեր կը տեղաւորէ Հայաստանի սահմանին վրայ, Իկտիրի շրջանին: Հարց կու տանք թէ ինչո՞ւ համար են այդ կուտակումները, երբ վերջ գտած է պատերազմը եւ երբ Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը տիրացած են այն ինչին որ նպատագրած էին հասնելու: Պարզ է թէ կատարուածը սպառնալիք մըն է Հայաստանին: Եւ եթէ Թուրքիան որոշ է սահմանը անցնիլ «աշխարհ պիտի չընէ հոգ, հոգը քուկդ է» պիտի ըսէր Թէքէեան, մինչ մեր դաշնակից Ռուսաստանը պիտի ընէ այն որ ըրաւ Արցախի պարագային եւ ինչ որ ըրաւ Սուրիոյ եւ Լիպիոյ մէջ – այսինքն, ջանաց սահմանափակել իր վնասները թրքական նախայարձակման դիմաց:

Նախագահ Էրտողան իր արցախեան յաղթանակէն ետք փութաց դէպի Կիպրոս եւ ամբողջ աշխարհին ասպարէզ կարդալով յայտարարեց որ երկու երկիր պէտք է գոյութիւն ունենայ այդ փոքր կղզիին վրայ: Ահաբեկած` Եւրոպական Միութեան պատասխանը այն եղաւ որ պիտի քննարկէ թրքական սպառնալիքը յաջորդ ամսու իր նիստին ընթացքին:

Երբ Թուրքիան նման յարձակողական ախորժակներով եւ ծրագիրներով զօրք կը կուտակէ Իկտիրի մէջ` Հայաստանի համար անձնասպանութիւն է աչքաթող ընել սպառնալիքը եւ ներքին խռովութիւններով ապակայունութիւն ստեղծել: Ազգովին զգաստանալու պահն է որ մեր կորուստները չբազմապատկուին ու մենք շարունակենք տէրը մնալ այն փոքրիկ հողամասին, որով կը մխիթարուինք իբրեւ հայրենիքի տէր ժողովուրդ:

Նոյեմբեր 9ին ստորագրուած խաղաղութեան եռակողմ համաձայնագիրը հայոց պատմութեան մէջ արձանագրուած ամէնէն աղէտալի փաստերէն մէկն էր, որուն տեղն ու նշանակութիւնը երկար ատեն առիթ պիտի տայ քննարկումի եւ արժեւորումին:

Նման պարտութիւններէ ետք ընդհանրապէս բանակն է որ ձեռք կ’առնէ պետութեան ղեկը` առաջքն առնելու համար քաոսին եւ փլուզման: Արդէն այս պահուն անկառավարելի դարձած է երկրին պետական կառոյցը. իսկ բանակն ալ իր յաջորդական հրաժարականներով կարծէք կորսնցուցած է իր ինքնավստահութիւնը: Աւելին, բանակի մեծաւորները, պարտութեան պատասխանատուութիւնը այլոց վզին փաթթելու համար բացայայտումներ կը կատարեն` առանց անդրադառնալու թէ թշնամին անդին տեղեակ կը մնայ ամէն գաղտնիքի:

Անձնատուութեան յաջորդող կատաղութիւնն ու քանդումները աններելի արարքներ էին. կարծէք թուրքին եւ ազերիին կատարած կործանումները բաւարար չըլլային որ կատղած եւ անգլուխ ամբոխը խուժեց վարչապետարան եւ խորհրդարան յաւելեալ քանդումներ կատարելու:

16 կուսակցութիւններ միացած են եւ ցոյցերով կը պահանջեն վարչապետին հրաժարականը: Ցոյցերը եթէ խօսքի ազատութեան արտայայտութիւններ են` այսօր դարձած են անտեղի: Այդ 16 խմբակցութիւններէն շատերը քաղաքական մանրուքներ են. այդ խմբաւորման մէջ ճանաչելի կուսակցութիւնները երեքն են – Հանրապետական, Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւններն ու Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, որոնց ղեկավարները պէտք է անդրադառնան որ այսօր ատենը չէ աթոռատենչութեան, երբ երկիրը անդամալուծուած է: Մանաւանդ որ այդ կուսակցութիւնները նախորդ իշխանութեանց օրով առիթը ունեցած էին մաս կազմելու կառավարութեան: Եթէ գիտէին աւելի լաւ կառավարել երկիրը, իրենց գիտակցութիւնն ու գործելակերպը պէտք է բացայայտէին այդ օրերուն, երբ երկրին ղեկը ունէին ի ձեռին: Ժողովուրդը չի կրնար իշխանութիւն յանձնել այդ խմբաւորման, որովհետեւ նման զարգացում մը աւելի եւս պիտի զօրացնէր բեւեռացումը, աւելի եւս անկառավարելի դարձնելու համար երկիրը:

Միւս կողմէ կը պահանջուի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը: Արդէն հրաժարականներով տկարացած է անոր կառավարութեան կազմը եւ դժգոհութեան ալիքին դիմաց հազիւ թէ կարենայ ոտքի կանգնիլ անոր վարչակազմը: Վարչապետը, ինքն իսկ, պէտք է անդրադառնայ թէ անխուսափելի է իր իշխանութեան ճակատագիրը:

Երբ բանակը ի վիճակի չէ իշխանութիւնը ձեռք առնելու՝ կը մնան նախագահ Արմէն Սարգսեանի անձն ու իշխանութիւնը: Նախագահ Սարգսեան ցարդ վերապահ դիրք մը բռնած էր արարողակարգի սահմանէն դուրս չգալով: Սակայն ճգնաժամին համապատասխան վճռակամութիւն մը ցոյց տալով` անցաւ Ռուբիկոնը, յայտարարելով որ արտահերթ ընտրութիւններ պէտք է կայացնել երկիրը դուրս բերելու համար այս տագնապալի վիճակէն:             Սակայն, պէտք է անդրադառնանք որ այսպիսի պառակտուած պահուն Հայաստան ի վիճակի չէ յառաջացնելու իշխանութիւն մը որ համազգային զօրակցութիւն վայելէ:

Թող ժողովրդավարութեան անտեսում չնկատուի հաստատումը թէ կատղած զանգուած մը չի կրնար յառաջ բերել համերաշխութեան կառավարութիւն մը: Հետեւաբար պէտք է գոյացնել ազգային միութեան ժամանակաւոր իշխանութիւն մը որ ժողովուրդը առաջնորդէ սահմանադրական ընտրութեանց, հանդարտեցնելէ ետք կիրքերը:

Եթէ ժողովրդավարութիւնը քաղաքացիներու քուէարկութեան մեծամասնութեամբ կը կայանայ` պատմութեան մէջ տեսնուած է որ այդ մեծամասնութիւնը, տագնապի ազդեցութեան ներքեւ, կրնայ իր իսկ շահերուն դէմ ընտրութիւն մը կատարել:

Աւետիս Ահարոնեան, կանգնած Մովսէսի արձանին դիմաց խորհրդածած է գրեթէ հետեւեալ բառերով – «Ով Մովսէս, մենք յեղափոխականներս, հետեւելով քու օրինակիդ, մեր ժողովուրդը պիտի առաջնորդենք դէպի Աւետեաց երկիր, դէպի ազատութիւն` ՀԱԿԱՌԱԿ ԻՐ ԿԱՄՔԻՆ»:

Արտահերթ ընտրութիւններ կայացնելու նախագահի կոչին դիմաց` վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հրապարակած է 15 կէտերէ բաղկացած «ճանապարհային քարտէս մը» կարգ մը ծրագիրներ իրականացնելու: Դժբախտաբար անվստահութեան հոսանքը շատ ուժեղ է վարչապետին դէմ, որքան ալ ինք փորձէ արուեստական միջոցներով խուսափիլ իրականութենէն:

Նախագահ Սարգսեան «Առաւօտ» թերթի խմբագիր Արամ Աբրահամեանի տուած հարցազրոյցին ընթացքին քննադատեց անցեալի իշխանութեանց վրիպումները` բանակաշինութեան, մամուլի, դիւանագիտութեան եւ տնտեսութեան մէջ, եւ յայտնեց թէ վերջերս այցելած է Արաբական Ծոցի երկիրները ուր գտած է դրական ընդունելութիւն եւ դրական տրամադրութիւն քաղաքական եւ տնտեսական օժանդակութեան:

Եթէ համակամութիւն ստեղծուի նախագահին շուրջ, ան իր դիմաց ունի երկու ընտրութիւն` կազմել համերաշխական ժամանակաւոր կառավարութիւն մը, ընդգրկելով ընդդիմութեան եւ ներկայ իշխանութեան տարրերը. իսկ միւս ընտրութիւնը կազմելն է ժամանակաւոր կառավարութիւն մը բաղկացած թեքնոկրատներէ: Տագնապալի կացութիւնը ժամանակ չի թողուր քաղաքական լուծումներով կազմելու առաջին բնոյթի կառավարական կազմ մը, որ ճամբան բաց պիտի թողու քաղաքական սակարկութեանց երբ այնքան սուղ է ժամանակը կացութիւն փրկելու:

Թէեւ նախագահ Փութինի Ռուսաստանը թոյլ տուաւ որ պարտութիւն կրէ Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնը, վարկաբեկելու համար անոր վարչապետը, անոր հակառուսական քաղաքականութեան պատճառով, սակայն այսօր պէտք ունի անոր որպէսզի այս վերջինը տէրը կանգնի իր ստորագրութեան եւ գործադրութեան դնէ եռակողմեան համաձայնագիրը, որ իրականութեան մէջ յաղթանակ մըն է Ռուսաստանին: Այդ պայմանագրով Ռուսաստան փութաց իր զինեալ ոյժերը մտցնելու Ատրպէյճանի սահմաններէն ներս, խաղէն դուրս թողելով Թուրքիան: Նախագահ Փութին մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին պարզեց թէ պէտք չէ դաւաճան կոչել Փաշինեանը. թէեւ միեւնոյն հարցազրոյցի մէջ յայտնութիւններ ըրաւ որ Հոկտեմբեր 19-20ին աւելի բարենպաստ պայմաններ առաջարկած է Փաշինեանին` պատերազմը կասեցնելու եւ Շուշին պահելու, սակայն Փաշինեան մերժած է առաջարկը: Ան նոյնպէս զարմանք յայտնեց թէ ինչո՞ւ 28 տարիներու ընթացքին հայկական կողմը չէր ճանչցած Արցախի անկախութիւնը:

Կազմուելիք ազգային համերաշխական կառավարութեան դիմաց կը ծառանան բազմաթիւ մարտահրաւէրներ: Նախ ստորագրուած համաձայնութիւնը իրաւական փաստաթուղթի մը վերածելու եւ մանաւանդ անոր անորոշ պայմանները Հայաստանի ի նպաստ մեկնաբանելու:

Յաջորդ մարտահրաւէրը արցախահայութեան վերադարձն է դէպի տուն, որովհետեւ երբ բնակչութիւնը պակսի կամ պարպուի` կը կորչի նաեւ իրաւունքը հողին:

Տակաւին պէտք է վերակազմուի կազմալուծուած պետական վարչամեքենան, տնտեսութիւնն ու բանակը վերականգելու, համաճարակը կեցնելու եւ յոյս ներշնչելու բնակչութեան որ չլքէ նաեւ Հայաստանի հողը:

Դիւանագիտական նուրբ աշխատանք մը կ’ակնկալէ Արցախի իրաւական գոյավիճակի ճշտումը. Ալիեւ կը պնդէ թէ իրավիճակի խնդիր գոյութիւն չունի: Արտաքին գործոց նախարար Լաւրով եւ նախագահ Փութին կ’ըսեն թէ իրավիճակը չէ ճշդուած տակաւին: Իսկ Մինսքի խումբը որ դուրս մնացած էր այս համաձայնագրէն հետաքրքրուած է իր նախկին դերը ստանձնելու. մանաւանդ Ֆրանսան շահեկան է հայոց համար, որովհետեւ ան կը փորձէ Արցախի անկախութեան ճանաչումը շնորհել. հետաքրքրուած է նաեւ Ամերիկան:

Մինսքի խումբը կը գործէր երեք սկզբունքներու շուրջ – ռազմական միջոցի բացառումը, հողային ամբողջականութիւն եւ ինքնորոշման իրաւունք: Եռակողմեան համաձայնութիւնը հրաժարած է այդ սկզբունքներէն, նախ հարցը լուծելով ռազմական ոյժով, տիրանալով հողային ամբողջականութեան եւ անտեսելով ինքնորոշման իրաւունքը – հետեւաբար Մինսքի ձեւաչափերու վերահաստատումը պիտի վերականգնէ այդ սկզբունքները, սեղան բերելով ինքնորոշման պահանջը:

Ռուսական բանակը կը քաջալերէ արցախցիներու վերադարձը, ապահովութիւն կը խոստանայ, սնունդ կը մատակարարէ, որովհետեւ ռուսական խաղաղապահ ոյժերուն ներկայութիւնը կը պայմանաւորուի երկու համայնքներուն միջեւ խաղաղութիւնը պահպանելու սկզբունքով: Եթէ բնակչութիւնը չվերադառնայ Արցախ, անիմաստ կը դառնայ երկու համայնքներու միջեւ խաղաղութիւն ապահովելու առաքելութիւնը:

Հայաստան սուգի, դառնութեան ու ցաւի մէջ է. ահաւոր է կորուստը երիտասարդ զինուորներուն: Ցաւը կը յառաջացնէ նաեւ քաղաքական տագնապ եւ անիշխանութիւն:

Ժամանակն է գօտին սեղմելով, ցաւը զսպելով լծուիլ կացութիւնը փրկելու գործին: Սփիւռքը եւս կը մնայ շշմած – փաստօրէն Հայաստանի տագնապալի վիճակը կ’արտացոլայ նաեւ սփիւռքի մէջ:

Պատերազմի ընթացքին ստեղծուեցաւ ակամայ միասնականութիւն մը սփիւռքի մէջ – ամբողջ զանգուածը համախմբելով հանգանակութեան ծրարին շուրջ:

Այսօր, տակաւին իմաստուն խօսք մը, ծրագիր մը , աշխատանք մը նշմարելի չէ սփիւռքի մէջ: Կը մնայ շարունակել հանգանակութիւնը եւ օժանդակութեան ծրագիրը որովհետեւ այսօր աւելի քան երբեք հայրենիքը պէտք պիտի ունենայ այդ միասնականութեան եւ օժանդակութեան:

            Այն ցաւալի փաստը որ Արցախի պարտութենէն վերջ կրնանք նաեւ վտանգել Հայաստանի գոյութիւնը պէտք է դառնայ խթանիչ ոյժ մը համայն հայութեան ձեռնարկելու փրկագործութեան ծրագրին:

 

«ՊԱՅՔԱՐ» շաբաթաթերթ