Թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Հրանդ Տինքի սպանութեան հարցով ընթացող հետաքննութեան ծիրին մէջ 9 ոստիկան ձերբակալելու որոշում տրուած է: Անոնց շարքին են Պոլսոյ հետախուզական բաժանմունքի նախկին տնօրէն Ահմեթ Իլհան Կիւլեր եւ Անվտանգութեան գլխաւոր վարչութեան հետախուզական բաժանմունքի թեքնիք հարցերով ենթաբաժինի նախկին ղեկավար Եունուս Եազար:
Տինքի սպանութեան գործը քննող Պոլսոյ հանրապետական դատախազութեան ահաբեկչութեան եւ կազմակերպուած յանցագործութիւններու դէմ բաժանմունքի դատախազ Կէօքալփ Քէօքչուն 9 ոստիկանները ձերբակալելու որոշում տուած է «կանխամտածուած յանցագործութեան աջակցելու, պաշտօնական թղթաբանութեան մէջ զեղծարարութեան, պաշտօնական փաստաթուղթ պահելու եւ վերացնելու» հիմնաւորումներով: