Թիֆլիսի մէջ ընթացող բռնցքամարտի Եւրոպայի առաջնութեան՝ 44 քկ քաշային Էրիկ Առստամեանը պարտութեան մատնած է իր թուրք մրցակիցը:
Առաջին խաղին մեր մարզիկը յաղթած է մրցավարներու միաձայն որոշումով, իսկ երկրորդ խաղին՝ երկու անգամ նոքտաունի ենթարկած է մրցակիցը, որմէ ետք մրցավարները դադրեցուցած են մենամարտը:
Յիշենք նաեւ, որ օրեր առաջ մեր բռնցքամարտիկներէն՝ թուրք մարզիկի նկատմամբ՝ բացայայտ առաւելութեամբ յաղթանակ տօնած էր նաեւ 80 քկ քաշային Դաւիթ Սիմոնեանը: