ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ ՉԷ ԱՒԱՐՏԱԾ ՏԱԿԱՒԻՆ

Բոլոր անոնք, որոնք հաւատացին կամ յուսացին որ Նոյեմբեր 9, 2020-ի հռչակագրով Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմը հասաւ իր աւարտին` թիւրիմացութեան մէջ են, քանի կատարուածը թոյլ զինադուլ մըն էր, հակամէտ` որեւէ պահին խախտուելու: Եւ իրաւ ալ Իլհամ Ալիեւ յաջորդական իր սադրանքներով այդ բռնկումին հաւանականութիւնը կը բազմապատկէ:

Նոյեմբեր 9-ի հռչակագրով կողմերու ստանձնած պատասխանատուութիւնները տակաւին կը մնան չգործադրուած կամ անգործադրելի, միւս կողմէ կը շարժի դիւանագիտութեան մեքենան, հետզհետէ խաղացողներու թիւը աւելցնելով Կովկասի մէջ:             Դիւանագիտական այդ աշխուժացմամբ ալ պայմանաւորուած է նախագահ Ալիեւի աճապարանքը պարտադրելու անշրջադարձելի պատմական պայմաններ եւ յատկապէս գործադրութիւնը «Զանգեզուրի միջանցք»-ին, զոր նախագահ Փութին խոստացած կը թուի ըլլալ իրեն:

Իրականութեան մէջ Իլհամ Ալիեւ սորված ըլլալով պատմութեան դասերը, կը փորձէ իրականացնել այն ինչ չկարողացաւ իրականացնել հայկական կողմը 1994-ի հրադադարին առիթով երբ ծունկի եկած էր Ատրպէյճանը: Այդ հանգրուանին հայկական կողմը, բաւարարուելով իր տարած յաղթանակով, չփորձեց Պաքուին պարտադրել վերջնական պայմանագիր մը Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը ճանչնալու: Հասկնալի է որ այդ օրերուն ի զօրու էր ռուսական գործօնը, սակայն հայկական կողմն ալ բաւարար երաշխիք նկատեց խաղաղութեան համար յարակից եօթ շրջաններու գրաւումը իբրեւ ռազմագիտական առաւելութիւն: Սակայն, տեսնուեցաւ որ ոյժերու յարակցութեան փոփոխութեամբ ռազմագիտական այդ առաւելութիւնը յօդս ցնդեցաւ:

Այսօր որ Հայաստան ծունկի է եւ իր բանակը տկարացած` Ատրպէյճան կը ջանայ իրականութիւններ ստեղծել եւ մանաւանդ` վերջնականացնելով Զանգեզուրեան Միջանցքի իր պահանջը:

Միջանցքի խնդիրը կենսականօրէն կարեւոր է Ատրպէյճանի համար` իր մայր ցամաքը միացնելու Նախիջեւանի Ինքնավար հանրապետութեան, որ Ալիեւի հաշուարկումներով, մաս կը կազմէ Ատրպէյճանի հողային ամբողջականութեան: Սակայն միջանցքը շատ աւելի տարածուն` միջազգային հնչեղութիւն ունի, որովհետեւ ան մանաւանդ կամուրջ մըն է Թուրքիոյ համաթուրանական ծրագիրներուն մէջ:

Ատրպէյճան կը փորձէ աւելի տարաբնոյթ նշանակութիւն տալ միջանցքին, անոր տարողութիւնը միջազգայնացնելով այլ ուղղութեամբ: Օրինակ ան, վերջերս Թաշկենտի մէջ կայացած մէկ համաժողովին, ինչպէս նաեւ Շուշի հրաւիրուած օտար դեսպաններուն շեշտած է միջանցքի կարեւորութիւնը իբրեւ Չինաստանի մէկ մեծ ծրագրին կցորդ – «Գօտի եւ ճանապարհ» (Belt and Road):

Իրականութեան մէջ Ալիեւի փութկոտութիւնը կը դրսեւորուի զոյգ ճակատներու վրայ. մէկ կողմէ կը յայտարարէ որ Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրը լուծած է ինք ոյժի գործածութեամբ եւ այդ անունով աշխարհագրական տարածք գոյութիւն չունի այլեւս եւ ոչ ալ մնացած է ինքնորոշման խնդիր. այդ ճակատին վրայ ինք կը հակադրուի Մինսքի խումբի համանախագահներուն, որոնք – ձայնակցելով Երեւանի – կը պնդեն որ գոյութիւն ունի ինքնորոշման իրաւունք զոր պէտք է իրականացուի խաղաղ բանակցութիւններով, Մինսքի խումբի համանախագահներուն հովանիին ներքեւ:

Միւս ճակատի վրայ Ալիեւ տակաւին ակնկալութիւններ ունի Քրեմլինէն` անոր խաղաղապահ ոյժերու տեղակայման դիմաց Ատրպէյճանի հողին վրայ: Կ’ենթադրուի որ Նոյեմբեր 9-ի յայտարարութենէն դուրս բերանացի խոստում մը գոյութիւն ունի նախագահներ Ալիեւի եւ Փութինի միջեւ: Հայկական կողմը գոհ է որ Կիւմրիի 102-րդ ռուսական ռազմական խարիսխէն անդին, ռուսական զօրքը կը տեղակայուի նաեւ Սիւնիքի մէջ: Սակայն, այդ տեղակայումը ի վերջոյ կրնայ երկիմաստ դառնալ, երբ պարզուի որ Ռուսաստանը, իր դիրքերը ամրացնելով Սիւնիքի մէջ` կը բարձրացնէ սակարկութեան գինը Պաքուի հետ:

Ալիեւ մոռցնելու համար Լեռնային Ղարաբաղը նոր սադրանքներ կը լարէ. օրինակ, Մայիս 12-էն ի վեր մօտ հազար ազերի զինուոր թափանցած են Սիւնիքի սահմաններէն ներս:       Աւելի վերջ, մոռցնելու համար Սիւնիքն ալ` իր զօրքերը մտցուցած է Գեղարքունիքի սահմաններէն ներս, իսկ այս օրերուն ալ զինեալ բախումներու կը դիմէ Երասխի մէջ, Երեւանի սահմաններուն մօտ:

Այս լարուածութեան մէջ ծաղր ու ծանակի վերածուած է Ռուսաստանի գլխաւորած Հաւաքական Ապահովութեան ուխտը, որ պայմանագրուած երաշխիք տուած է իր անդամներուն ապահովութեան: Երբ որեւէ անդամ երկրի հողային ամբողջականութիւնը խնդրոյ առարկայ կը դառնայ, ուխտը, իր 4-րդ յօդուածին գործադրութեամբ, պարտաւոր է պաշտպանել այդ երկիրը: Սակայն, երբ Հայաստան դիմեց այդ Ուխտի ղեկավարութեան, անոր քարտուղարը` պելոռուս Սթանիսլաւ Զաս, յայտարարեց թէ պատահածը պարզ «սահմանային խնդիր» մըն է, մանաւանդ որ սպաննուածներ չկան: Մինչդեռ գոյութիւն ունէին սպաննուած հայ զինուոր եւ գերի ինկած այլ զինուորներ:

Զարմանալի է որ միեւնոյն ուխտի անդամներ, տեսնելով անոր անզօրութիւնը, կը դիմեն այլ երկիրներու. օրինակ Ղազախստան կնքած է ռազմական դաշինք Թուրքիոյ հետ:            Իսկ վերջերս ալ միջին ասիական այլ թրքախօս երկիրներ դիմած են Ամերիկայի զինուորական օգնութեան:

Արդարեւ, երբ Ամերիկա որոշեց իր ոյժերը քաշել Աֆղանիստանէն, ռազմական պարապութիւն մը ստեղծուեցաւ այդ շրջանին մէջ, զոր կը փութայ լեցնել Թալիպաններու ճակատը, հաւանական ներթափանցումով նաեւ միւս թրքախօս երկիրներու սահմաններէն ներս: Այսուհանդերձ, միջին ասիական երկիրներուն սպառնացող վտանգը անմիջական չէ. անմիջականը` Հայաստանին սպառնացող վտանգն է:

Արդարեւ, իր հռետորութեան աւելի սուր բնոյթ մը տալով Ալիեւ սպառնացած է Հայաստանի մայր հողին: Ան, Յուլիսի 14-ին կատարած է հետեւեալ յայտարարութիւնը. «Մենք կը վերադառնանք ու պիտի վերադառնանք այնտեղ: Ոչ ոք կրնայ մեզ կեցնել. մենք անպայման կը վերադառնանք, որովհետեւ այլ կերպ գոյութիւն չունի: Ճամբորդական ուղիներու բացումէն ետք, բնականաբար պիտի վերադառնանք այնտեղ, ատրպէյճանցի ժողովուրդը պիտի վերադառնայ իր նախնիներու հողին: Նոյեմբեր 10-ի եռակողմ յայտարարութիւնը կը նշէ որ բոլոր գաղթականները պիտի վերադառնան իրենց մայրենի հողը: Մեր մայրենի հողը Զանգեզուրն է. մեր մայրենի հողը Կէօյչէն (Սեւան) է եւ Իրեւանը (Երեւան)»:

Իսկ Ալիեւի սպառնալիքը երկրորդելով Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարը` Զօր. Զեքիր Հասանով ըսած է. «Մենք յաղթական երկիրն ենք: Մենք ջախջախեցինք Հայաստան». աւելի անդին, աւելցնելով. «Նախագահ Իլհամ Ալիեւ, մեր յաղթական Գերագոյն Հրամանատարը սպառնաց ըսելով «Պատերազմը աւարտած է, սակայն, հակառակ անոր մենք պատրաստ ենք եւ պէտք է պատրաստ ըլլանք պատերազմի որեւէ պահին»:

Այս սպառնալիքները իրական են ցնցելու եւ գործի հրաւիրելու պատկան իշխանութիւնները, յատկապէս, Հաւաքական Պաշտպանութեան ուխտը եւ նոյնիսկ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդը:

Մինչ Հայաստան անմիջական վտանգի առջեւ կը գտնուի` դիւանագիտութեան անիւը դանդաղ կ’ընթանայ. այսպէս, Մինսքի խումբի համանախագահները Ապրիլ 13-ին յայտարարեցին թէ պիտի սկսին բանակցութեանց, լուծելու համար Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրը, որ ըստ իրենց – եւ հակառակ Ալիեւի – իր լուծումը չէ գտած տակաւին:

Սակայն, մինչ այդ Արեւմուտքը եւ յատկապէս Եւրոպան կը դիմեն քայլերու, ցոյց տալու համար իրենց հետաքրքրութիւնը կովկասեան աշխարհամասի մէջ:

Այսպէս, նախ տարածաշրջան այցելեց Եւրոպական Միութեան յանձնակատար Օլիվըր Վարհէյլի որ հաղորդեց երեք երկիրներու տրամադրուելիք օժանդակութեան քանակները. Հայաստանին սահմանուած է 2.6 միլիառ եւրոյի օժանդակութեան ծրագիր մը, յատկապէս զարգացնելու համար Սիւնիքը: Հետաքրքրական է որ Վրաստանին կը յատկացուի 3 միլիառ եւրոյէն աւելի, իսկ Ատրպէյճանին` 900 միլիոն:

Այդ այցելութեան յաջորդեց Եւրոպական Խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլի այցը, որուն ընթացքին քննուեցան Եւրոպայի կատարելիք յատկացումներու խնդիրը Հայաստանին:

Այս այցելութեանց շարքը պիտի ամբողջանայ Ֆրանսայի նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոնի այցովը Հայաստան: Այս վերջինը պիտի ունենայ աւելի քաղաքական տարողութիւն:

Մինչ այս այցելութիւնները Հայաստանին կ’ընծայեն պատեհութիւնը իր արտաքին քաղաքականութիւնը զարգացնելու բազմաթիւ ուղղութիւններով, սակայն դիտելով այս զարգացումները համաշխարհային մակարդակի վրայ պիտի անդրադառնանք որ այս գործառնութիւնները մէկ մասն են Արեւմուտքի կողմէ Ռուսաստանի շուրջ օղակը սեղմելու:           Այս քաղաքականութիւնը աշխուժացաւ այն պատճառով որ Թրամփի հեռացումէն ետք Ամերիկայի եւ Եւրոպական Միութեան կապերը սկսան զօրանալ եւ Ամերիկա, կարգ մը ճակատներու վրայ առաջ կը քշէ Եւրոպան, այդ օղակումի ծրագիրը իրականացնելու:

Այդ ծրագրին բաղադրիչներն էին վերջերս կատարուած զօրավարժութիւնները Ուքրանիոյ մէջ, ամերիկեան եւ եւրոպական ոյժերու մասնակցութեամբ եւ Սեւ Ծովի մէջ կատարուած ցուցադրական ռազմափորձերը:

Միւս կողմէ, Ամերիկայի հեռացումովը Աֆղանիստանէն, ասպարէզը կը բացուի Թուրքիոյ առջեւ, ապակայունացնելու համար միջին ասիական նախկին սովետական երկիրները Ռուսաստանի սահմաններուն վրայ:

Այդ օղակը կ’ամբողջանայ Եւրոպայի մուտքովը կովկասեան շրջան:

Հայաստան կարիքն ունի ներդրումներու: Հակառակ որ կարգ մը սփիւռքահայ բարերարներ փութացին Հայաստան օժանդակութիւն խոստանալու, սակայն, այդ բոլորը բաւարար չեն Հայաստանի այժմու ծով կարիքները դիմաւորելու: Միւս կողմէ ոեւէ խոհեմ ներդրող վտանգի տակ պիտի չդնէ իր դրամագլուխը օգնելու համար Հայաստանի. միայն մեծ երկիրներու հսկայ օգնութիւնն ու վարկերն են որ կրնան տեղ հասնիլ, ինչպէս կ’ընեն Եւրոպական Միութիւնը եւ յատկապէս Ֆրանսան:

Յուլիս 23-ին Ֆրանսայի դեսպան Ճոնաթան Լաքոթ հարցազրոյց մը տալով Ազատութիւն կայանին յայտնած է թէ իր երկիրը 50-էն 100 միլիոն եւրոյի ներդրում մը կը ծրագրէ Հայաստանի համար:

Յատկանշական է որ Եւրոպա իր այս քայլերը առաջ կը տանի չափազանց զգուշութեամբ, Ռուսաստանը չխրտչեցնելու համար: Այս քաղաքականութեան հետ համահունչ, Պր. Լաքոթ, իր ծրագիրը պարզելէ առաջ գնահատանք մը կատարած է Մոսկուայի հասցէին ըսելով. «Եթէ չըլլային ռուս խաղաղապահները, այսօր հայ պիտի չմնար Ղարաբաղի մէջ»:

Հակառակ այս զգուշութիւններուն Մոսկուայի ուշադրութենէն չեն վրիպիր Եւրոպայի եւ Արեւմուտքի դիտաւորութիւնները իր ազդեցութեան գօտիներէն ներս. այսպէս, Յուլիսի    12-ին հրատարակուած է անստորագիր յօդուած մը «Մոսկովսկի Կոմսոմոլէց»ի մէջ, ուր արդէն կը պարզուին հաւանականութիւնները Հայաստանի կողմէ դիմելու ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդին եւ արդէն կ’ենթադրուի որ Հայաստան կրնայ ֆրանսական խաղաղապահ ոյժեր հրաւիրել իր սահմաններէն ներս եւ մինչեւ անգամ` Լեռնային Ղարաբաղ:

Թերթը կը զգուշացնէ Հայաստանը որ մանրադրամ չդառնայ մեծերու այս խաղին:

Արեւմուտքի թափանցումը Կովկասէն ներս կրնայ ստեղծել երկու տեսակի հակադարձութիւն Մոսկուայի կողմէ – կամ Ռուսաստան տէրը կը դառնայ իր յանձնառութիւններուն եւ իր խոստումները կը կատարէ Հայաստանին, իր ազդեցութիւնը պահելով այդ աշխարհամասին մէջ եւ կամ, տագնապի մատնուելով` կրնայ աւելի խիստ պատժամիջոցներու դիմել իր դաշնակիցներուն նկատմամբ:

Մեծերու այս խաղերուն մէջ կարեւոր է ստուգել թէ ինչպիսի ճկունութիւն եւ ներզօրութիւն կրնայ դրսեւորել Հայաստանի նոր իշխանութեան դիւանագիտութիւնը:

Այս բոլորը` այն պատկերին դիմաց որ պատերազմը չէ աւարտած տակաւին:

 

«ՊԱՅՔԱՐ» շաբաթաթերթ