Վերեւի հարցադրումը կարդալով ընթերցողը բնականօրէն պիտի պատրաստուի տալ բացատրութիւնը երկրի մը ազգային ժողովի բնոյթին ու գործունէութեան. արդարեւ, ոեւէ ժողովրդավար երկրի ազգային ժողովը, կամ` խորհրդարանը, կառավարական եռամաս կառոյցին բաժինն է – գործադիր, օրէնսդիր եւ իրաւական. ուրեմն, ազգային ժողովը այն մարմինն է որ օրէնքներ կը մշակէ տուեալ երկրի մը գործունէութիւնը եւ այդ գործունէութեան ընթացքը երաշխաւորելու:
Շատ մը բռնատիրական երկիրներ եւս ունին խորհրդարաններ, որոնք բռնատիրոջ կամքը կը վաւերացնեն եւ ի ցոյց մարդկանց ժողովրդավարական պատկեր մը կը դրսեւորեն:
Ուրեմն, ո՛ր դասակարգին կը պատկանի Հայաստանի Ազգային Ժողովը: 2018ի թաւշեայ յեղափոխութենէն ի վեր Հայաստանի Ազգային Ժողովը փոխեց իր դիմագիծը երբ խոստմնալի երիտասարդներու հոյլ մը պաշտօնի անցաւ այնտեղ, փոխարինելու համար «օլիկարխ»ներու դասակարգը որ տեղաւորուած էր այնտեղ պաշտպանելու համար իր դասակարգային շահերը, եւ յաճախ ալ` ապահովելու պատգամաւորի անձեռնմխելիութիւնը` խուսափելու համար օրէնքի հետապնդումէն:
Պատգամաւորներու երիտասարդ խումբի մը յայտնութիւնը պահ մը հաւատք ներշնչեց որ Ազգային Ժողովը պիտի բեղմնաւորուէր նոր եւ գիւտարար գաղափարներու խմորումներով. սակայն, դժբախտաբար այդ ակնկալութիւնները չարդարացան, աւելի պարզելով երիտասարդներու անփորձութիւնը: Թեկնածուներու որակաւորման չափանիշը հանդիսացաւ անոնց մասնակցութիւնը Նիկոլ Փաշինեանի քայլարշաւին` Կիւմրիէն Երեւան, Հանրապետութեան հրապարակին վրայ փռելու իր թաւիշը:
Որպէսզի չկարծուի թէ այստեղ ընդհանրացումներով կը խօսինք` նշենք իմ քայլական պատգամաւոր Հայկ Սարգսեանի պարագան, որ խորհրդանշուեցաւ այդ քայլարշաւին Փաշինեանի շիշը կրելու եւ ջուր մատակարարելու հանգամանքով: Այդ պատճառաւ ան արժանացաւ թիրախը դառնալու նախկին պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի նետած շիշին:
Ատենին հայերս կը զուարճանայինք թրքական խորհրդարանի մէջ յաճախ պարզուող բռնցքամարտերով, անշուշտ բնորոշելով զանոնք իբրեւ արտայայտութիւն քաղաքակրթութեան պակասին: Այդ շրջանին չէինք գիտեր թէ նման երեւոյթ մը կրնար պարզուիլ անկախ Հայաստանի խորհրդարանին մէջ. եւ այդ երեւոյթը պարզուեցաւ մեր հայրենիքի ամէնէն ճակատագրական մէկ հանգրուանին:
Ընդդիմութիւն եւ իշխանութիւն արդէն մարտադաշտ իջած էին իրար յօշոտելու կանխատրամադրութեամբ, ճիշդ այն պահուն երբ ատրպէյճանական բանակը փակած էր Կորիս Ղափան ճամբան, երկուքի բաժնելով Հայաստանի հողատարածքը: Կողմերը անլրջութեան, իրենց պաշտօնին ու հանգամանքին հակադրուող վարկի չափանիշ մը հաստատեցին:
Այստեղ հարկ է մէջբերել յաճախ կրկնուած պատմական նախընթաց մը, որուն իրողութիւն կամ առասպել ըլլալը այնքան ալ կարեւոր չէ, քանի ան կը դրսեւորէ անպատասխանատուութեան ահաւոր իրավիճակ մը. ատիկա առնչուած է 1453ի Պոլսոյ գրաւումին Ֆաթիհ Սուլթան Մուհամմէտի կողմէ, այն պահուն երբ բիւզանդական պալատին մէջ վէճեր կ’ընթանային թէ քանի՞ հրեշտակ կրնայ կանգնիլ գնդասեղի մը ծայրին …: Արդարեւ, այդ էր պատկերը Հայաստանի խորհրդարանին մէջ, եւ ուրիշ պետութիւններ եւ ազգեր կոչեր կը հնչեցնէին Ատրպէյճանի ապօրինի քայլին դէմ – օրինակ` Պարսկաստան մտահոգուած էր իր բեռնատարներուն երթեւեկութեամբ – մինչ մեր Ազգային Ժողովի անդամները զբաղած էին իրարու վրայ շիշեր նետելով: Այդքանը բաւարար չըլլար կարծէք` որ ժողովուրդն ալ պառակտուած կ’ուզէր հաստատել թէ ո՞վ սկսած էր շիշեր նետելու ատենամարզանքը, կարծէք այդ եղած ըլլար Հայաստանի ճակատագրին սպառնացող ամէնէն լուրջ վտանգը:
Խորհրդարանը որքան անլուրջ, նոյնքան անլուրջ զայն ընտրող ժողովուրդը:
Իշխանական պատգամաւոր Հայկ Սարգսեան, անվայել կոչականէ մը ետք «դաւաճաններ» որակած էր նախկին պաշտպանութեան նախարար եւ պատերազմներու հերոս Սէյրան Օհանեանն ու բոլոր նախկին պաշտպանութեան նախարարները: Իսկ Սէյրան Օհանեան, որ ամէնէն մտաւորական նախարարներէն մէկն է, փոխանակ արժանի բառերով պատասխան մը տալու` կը նետէ կողքի շիշը. անոր կը հետեւին Ազգային Ժողովի կռիւն ու իրարանցումը: Քանի մը օր վերջ, հարցազրոյցի մը ընթացքին Պետրոս Ղազարեան հարց կու տայ նախարարին. «Պարոն Օհանեան, դուք փոշմանե՞լ էք այդ շշի համար»: Պատասխանը` «Չեմ փոշմանել». (ի դէպ, նախարարն ու Պետրոսը հայերէնի դասընթացքներու կարիքն ունին, հասկանալու համար որ փոշմանելը թրքերէնն է զղջալուն):
Ընտրութենէն առաջ եւ վերջ ընդդիմութեան ամէնէն պերճախօս եւ շատախօս ղեկավարներէն մէկը` Իշխան Սաղաթէլեան կը յայտարարէր թէ Ռոպերթ Քոչարեանի գլխաւորած «Հայաստան» ընդդիմադիր խմբաւորման նպատակն է պայքարիլ իմ քայլական մեծամասնութեան դէմ եւ տապալել զայն: Միւս կողմէ, հարցազրոյցներու ընթացքին, իմ քայլականները, իրենց հերթին, կը խոստանային համապատասխան «կոշտութեամբ» (այսինքն` սաստկութեամբ) հակադարձել: Ուրեմն, ակամայ խոստովանութիւններ որ կողմերը պատերազմի դաշտ կ’իջնեն իրար բզկտելու: Այդ պատճառաւ ալ լսող չեղաւ երբ կառավարութիւնը իր ծրագիրը ներկայացուց, որովհետեւ կողմերուն օրակարգը երկրին ծառայելէ աւելի` իրար դէմ յաջողութեան կէտեր արձակելն էր:
Այստեղ բազմաթիւ մեկնաբաններու տեսակէտներէն կ’ուզենք երեք վերլուծաբաններու տեսակէտները ներկայացնել այժմու Ազգային Ժողովի մասին:
Առաջինը` Արամ Աբրահամեանի մեկնաբանութիւնն է. «Առաւօտ» թերթի խմբագիրը` Արամ Աբրահամեան, միշտ ոսկէ միջինի հաւատացող քաղաքական վերլուծաբան մըն է: Ըստ անոր, ներկայ խորհրդարանը չի կրնար սպասարկել Հայաստանի շահերուն, որովհետեւ զայն կազմող ոյժերը այդ նպատակով չէ որ մասնակցած են ընտրութեան:
Միւս կողմէ «Յանուն Հանրապետութեան» կուսակցութեան ղեկավար Արման Բաբաջանեան եւ Յակոբ Բադալեան, որոնք իշխանամէտ մեկնաբաններ կը նկատուին` հաստատած են որ Ազգային Ժողով գոյութիւն չունի: Այս վերջինները սկսած են հետզհետէ դժուարութիւն ունենալ` տուեալներ գտնելու որ պաշտպանեն ներկայ իշխանութիւնները:
«Նախկինները» կամ «թալանչիները» մէկ կողմէ, «կապիտուլանտ»ները միւս կողմէ, այլեւս մաշած եզրեր են հակառակորդները բնորոշելու: Աւելին` ճահճային վիճակի մը կը մատնեն քաղաքական մշակոյթը` երբ նոր գաղափարներ, նոր ըսելիքներ, աւելի իմաստուն բնորոշումներ չկան: Հայաստանը կը գտնուի ամէնէն դժուար ու կնճռոտ աշխարհամասի մը մէջ, ուր զինական հզօրութիւն չունեցող երկիր մը առնուազն ճկուն եւ ստեղծագործական դիւանագիտութիւն մը պէտք է կարենայ կիրարկել: Մինչդեռ երկրին արտաքին գործոց նախարարութիւնը տապալած է, եւ նոր իշխանութիւնները կը մերժեն օգտուիլ նախկին արտաքին գործոց նախարարներու փորձառութենէն, որովհետեւ անոնք գործած են «թալանչի»ներու շրջանին: Այսպիսի այլամերժութիւնը, բնականաբար, կը փոխադարձուի նաեւ ընդդիմութեան կողմէ, երկիրը թողելով ինքնահոսի. քուէարկութեան իրաւունք ունեցող քաղաքացիներուն կէսը չմասնակցեցաւ ընտրութեան: Եթէ այդ զանգուածին մէկ մասը անտարբեր էր քաղաքականութեան նկատմամբ, հաւանաբար մնացեալները չմասնակցեցան` որովհետեւ վստահութիւն չունէին կողմերուն նկատմամբ: Ոչ ոք փնտռեց այդ զանգուածին կարծիքը, ոչ ալ գտնուեցան ղեկավարներ որոնք բանաձեւէին եւ արտայայտէին այդ լուռ զանգուածին մտածումները: Եւ ունեցանք, այն ինչ որ ունեցանք. խորհրդարան մը որ կարող չէ կառավարելու երկիրը:
Այս կացութենէն առաւելագոյնս միայն կ’օգտուին թշնամիները. վստահաբար անոնք կը հետեւին Հայաստանի ազգային ժողովի բանավէճերուն – ուր լուրջ հակակշիռ չկայ – եւ նիւթ կը հաւաքեն մեր երկրին դէմ գործածելու միջազգային ատեաններու առջեւ:
Արցախի հողամասին երեք չորրորդը անցած է թշնամիին, մնացեալ մէկ չորրորդի ճակատագիրը կը մնայ օդին մէջ: Թշնամին եկած մտած է նաեւ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքներէն ներս եւ պետութիւնը չունի ոյժ սահմանները պաշտպանելու:
Այս ֆիզիքական վտանգներուն վրայ կ’աւելնան նաեւ քաղաքական սպառնալիքներ – նախագահ Ալիեւ կ’ուզէ իր պատկերացուցած «խաղաղութեան դաշնագիրը» պարտադրել Հայաստանին: Այդ դաշնագիրը կ’ենթադրէ ամբողջական հրաժարում Արցախէն եւ Ատրպէյճանի սահմաններու ճանաչում:
Անդին, նախագահ Էրտողան, խաբելու համար համաշխարհային կարծիքը, Հայաստանի հետ յարաբերութեանց բարելաւումի պայմանաւոր կոչեր կ’արձակէ, որոնք ինքնին վտանգաւոր թակարդներ են – ճանչնալ Կարսի դաշնագրով հաստատուած սահմանները, հրաժարիլ ցեղասպանութեան ճանաչման քաղաքականութենէն ու պահանջատիրութենէն:
Հայաստանի ո՞ր դիւանագէտը եւ ո՞ր խորհրդարանը պիտի կրնան այս փոթորկոտ ծովուն վրայ թիավարել եւ երկիրը հասցնել ապահով հանգրուան:
Հայաստանի իրերամարտ ոյժերը այնքան բան գիտեն որ պէտք ալ չունին ոեւէ սփիւռքահայ քաղաքական ներդրումի:
Վտանգներով լեցուն հեռանկար մը` անփորձ խորհրդարանի մը եւ նորավարժ պետութեան մը դիմաց:
Չենք ուզեր յոռետես ըլլալ, բայց կ’ուզենք որ մէկը ցոյց տայ մեզի իրատեսութեան ճամբան:
«ՊԱՅՔԱՐ» շաբաթաթերթ