Թաւշեայ յեղափոխութիւնը Հայաստան հասաւ ամէնէն իտէալական եւ վսեմ կարգախօսով: Որովհետեւ, անկախութենէն ի վեր բոլոր իշխանաւորներն ալ վրէժխնդրութեամբ վարուած էին իրենց հակառակորդներուն նկատմամբ, յեղափոխութեան ռահվիրան` Նիկոլ Փաշինեան ամէնէն գրաւիչ կարգախօսներէն մէկը նկատեց վրէժխնդրութեան բացառումը – «վանտեթա» (vendetta) չկայ՚, խոստացաւ ան. սակայն, այնպէս կը թուի թէ Հայաստանի մէջ յոռի սովորութիւնները ուշ կ’անհետանան – կամ երբեք չեն անհետանար – այս իշխանութիւնը եւս ունեցաւ եւ տակաւին կ’ունենայ իր ՙվհուկներու որսորդութեան՚ պահերն ու նոպաները:
Հայաստանի մէջ կուսակցութիւն, ընդդիմութիւն, գաղափարախօսութիւն` տակաւին կը մնան կեղծ «կատեկորիա»ներ (ինչպէս մաքո՜ւր հայերէնով կը բնորոշեն Հայաստանի մէջ:
Քաղաքակիրթ երկիրներու մէջ ուր կը կիրարկուի իրական ժողովրդավարութիւնը` իշխանաւոր եւ ընդդիմութիւն ունին յստակ դիմագիծեր եւ գործելու եղանակներ: Օրինակ Անգլիոյ պարագային, իշխող կուսակցութիւնը ունի իր նախարարական դահլիճը. ընդդիմութիւնը, այս պարագային Աշխատաւորական կուսակցութիւնը (Labour party) ունի իր ստուերային դահլիճը (Shadow cabinet). հետեւաբար, ամէն նախարարութեան դիմաց գոյութիւն ունի ստուերային նախարարութիւն մը, որ կը հետեւի իր իւրայատուկ բնագաւառի գործունէութեանց: Յաճախ լուրերու բաժիններուն մէջ կը տեսնենք Անգլիոյ խորհրդարանի աղմկոտ բանավէճերը եւ երբեմն ալ զուարճալի ակնարկները: Սակայն, ընդդիմադիր «նախարարը» իր քննադատութեան կը միացնէ ուսումնասիրուած հակաառաջարկ մը եւ հետեւաբար իշխանութիւն-ընդդիմութիւն հակաճառութիւնները կ’ուղղուին դէպի աւելի կատարելութիւն:
Դժբախտաբար Հայաստանի մէջ – ուր կը ցանկանք տեսնել ժողովրդավարական խորհրդարան մը- ոչ ընդդիմութիւնը տէրն է իր յաւակնած դերին եւ ոչ ալ իշխանութիւնը: Երկրին մէջ տարածուած բեւեռացումը իր արձագանգը կը գտնէ նաեւ խորհրդարանին մէջ: Եւ եթէ ընդդիմադիր պատգամաւորը չհաւնի որեւէ իշխանաւորի կարծիքը` լաւագոյն պարագային շիշը կը նետէ անոր ուղղութեամբ:
Այսօրուան ընդդիմութիւնը, որ կը համախմբէ քոչարեանական հատուածն ու Դաշնակցութիւնը, մտած է խորհրդարան առանց ծրագրի. աւելին, իր ծրագիրն է -ինչպէս հաստատած է Իշխան Սաղաթէլեան – պայքարիլ իշխանութեան դէմ մինչեւ անոր տապալումը:
Իսկ իմքայլական իշխանութիւնը ամէն քայլափոխի կը դրսեւորէ իր անձեռնհասութիւնը եւ իր յանձնապաստանութեան մէջ կը մերժէ ոեւէ կերպով օգտուիլ նախորդ իշխանութեանց փորձութենէն: Ի վերջոյ երեսուն տարուան անկախութեան փորձառութիւն մը ապրեցաւ Հայաստանը եւ իւրաքանչիւր օրուան իշխանաւոր մարտահրաւէրի մը դիմաց գտնուեցաւ եւ ունեցաւ պատշաճ կամ ձախորդ հակադարձութիւն մը:
Այս յանձապաստանութեան դրսեւորումը մանաւանդ կը պարզուի արտաքին քաղաքականութեան մէջ: Ամբողջութեամբ փլուզուած է դիւանագիտական կառոյցը եւ իշխանութիւնը այդ ճակատագրական պարտականութիւնը կը յանձնէ անփորձ – գուցէ եւ` ազնիւ – երիտասարդ իշխանաւորներու: Իմքայլականները երբեք պիտի չկրնան թրքական գայլերու դիմաց դիւանագիտութիւն խաղալ, որմէ պիտի տուժէ երկիրը:
Արդէն, դեռ նախարարական դահլիճը չկազմուած Ապահովութեան (այսինքն` անճոռնի «անվտանգութեան» խորհուրդի քարտուղարը` Արմէն Գրիգորեան պարզեց թէ պաշտօններու նշանակման մէջ վեթինկ (vetting) պիտի կատարուի եւ պաշտօնի պիտի կոչուին իշխող կուսակցութեան սկզբունքներուն (այսինքն` իւրայինները) սատարողները: Երբ այսպիսին են չափանիշները` որակաւորման համար փորձառութիւնն ու մասնագիտութիւնը նշանակութիւն չեն ունենար: Բարացուցական է այն զրոյցը որ շրջան կ’ընէ Լիլիթ Մակունցի մասին – երբ ան նշանակուած էր մշակոյթի նախարար, Սունդուկեան թատրոն այցելելով յայտնած է թէ իր կեանքին մէջ առաջին անգամն ըլլալով ոտք կը կոխէ մայր թատրոնի դուռէն ներս: Անշուշտ թատրոնի պատասխանատուները արդարացիօրէն հարց տուած են թէ ո՞ր մոլորակէն ինկած է այս նախարարը որ Հայաստանի մշակութային կեանքի ճակատագիրը պիտի որոշէ: Ի դէպ, ամերիկահայութիւնը շուտով պիտի ողջունէ տիկին Մակունցը Ուաշինկթընի մէջ իբրեւ Հայաստանի դեսպան:
Հայաստանի քաղաքական կեանքի բեւեռացումները կը ցոլան նաեւ սփիւռքի մէջ: Եւ այսօր երբ թշնամին դռանն է` մենք չենք կրնար պառակտուած շարքերով դիմակալել անոր սադրանքներն ու ռազմական ախորժակները:
Բոլոր անոնք որոնք այսօր Փաշինեանի երկրպագուներն են եւ ամէն չարիք կը վերագրեն ընդդիմութեան` հայաստանասէրներ կամ հայրենասէրներ չեն. նոյնը պէտք է սահմանել նաեւ քոչարեանականներուն կամ ընդդիմադիր կողմին: Հայրենասէր հայերը անոնք են որ միայն հայրենիքը ունին իբրեւ կողմ եւ մեկնակէտ եւ տուրք չեն տար ամբոխային տրամադրութիւններու: Եւ գուցէ այդ հայրենասէր հատուածը կը գտնուի այն զանգուածին մէջ որ որոշեց չմօտենալ քուէատուփին` բաժին չունենալու համար այս պառակտումին մէջ:
Թաւշեայ յեղափոխութիւնը դրական փոփոխութիւններ մտցուց Հայաստանի քաղաքացիներուն կեանքին մէջ արմատախիլ ընելով կաշառակերութիւնն ու փտածութիւնը: Այսօր տնտեսութիւնը կրնայ ազատ շնչել եւ առանց հարկայիններու իրենց բաժինը տանելու առողջ առեւտուր իրականացնել կամ ծրագիրներ յաջողցնել. սակայն, միւս կողմէ ապօրինի գոյքի բռնագրաւման օրէնքներ հաստատելով պետութիւնը ամէնէն ազդու միջոցին դիմած կ’ըլլայ` Հայաստանի մէջ գոյութիւն ունեցող դրամագլուխը երկրէն հեռացնելու: Փոխանակ վաղուան նայելու` իշխանութիւնը կախարդուած է անցեալով եւ Փաշինեանի ձեռքի մուրճը այնքան ալ հաւասարապէս չի գործածուիր:
Այսօր կալանքի տակ կը գտնուի յայտնի բժշկապետ, Իզմիրլեան հիւանդանոցի տնօրէն Արմէն Չարչեանը, որ թեկնածու էր ընդդիմադիր ցուցակի վրայ եւ կ’ամբաստանուի որ հիւանդանոցի պաշտօնէութեան պարտադրած ըլլալ քուէարկել ընդդիմութեան կամ` իր անձին: Եթէ այս ընտրական օրէնքի խախտում է, անդին Վանաձորի մէջ իմքայլական մարզպետը հրահանգած է հիւանդապահուհիի մը, որ ընդդիմադիր թեկնածու է, հրաժարի իր պաշտօնէն: Եթէ Փաշինեանի ձեռքի պողպատեայ մուրճը հաւասար կերպով պիտի կիրարկուի` պէտք է ուղղուի նաեւ դէպի Վանաձոր, այլապէս«վանտեթթա չկայ» կարգախօսը կը կորսնցնէ իր իմաստը:
Միեւնոյն ամբաստանութեամբ բանտարկուած են նաեւ երկու քաղաքապետներ Սիւնիքէն: Դատարանի առջեւ է նախկին փոխ վարչապետ Արմէն Գէորգեանը եւ այս օրերուն ալ ձերբակալուած է նախկին գլխաւոր դատաւոր Աղուան Յովսէփեանը:
Չմոռնանք նաեւ խայտառակութիւնները պատերազմի հերոս Զօր. Եուրի Խաչատուրովին, որ ՀԱՊԿի քարտուղարն էր եւ այդ դիրքով կը հակակշռէր զէնքի մատակարարումը այդ ռազմական կառոյցի անդամներուն, ներառեալ` Հայաստանի: Բաց աստի անոր պաշտօնազրկումը քաղաքական գայթակղութիւն մը յառաջացուց Մոսկուայի հետ:
Եթէ Փաշինեանի իշխանութիւնը նախանձախնդիր է երկրի տնտեսական զարգացման` գործնական քայլը պիտի ըլլայ գիծը քաշել անցեալի հետ եւ դրամագլուխի տէրերուն յայտնել թէ այսուհետեւ պարտին գործել օրինական դաշտի մէջ:
Քաղաքական հալածանքներու պարագային պէտք է ճշդել որ յաղթողը պիտի ըլլայ վեհանձն. այլապէս ան արժանի չի կրնար ըլլալ իր յաղթանակին:
Փաշինեանի կազմը հալածելով հիները միայն խորունկ վէրք մը կը բանայ հասարակութեան մէջ երբ երկիրը այնքան կարիք ունի միասնութեան: Այնպէս կը թուի թէ այդ խմբակը տակաւին չի հաւատար որ իրապէս ընտրական յաղթանակ մը տարած է:
Այս հինի եւ նորի պայքարի տողատակին տակաւին գոյութիւն ունի ընկալումը ռուսամէտութեան եւ արեւմտամէտութեան: Եւ կողմերը այնքան ալ անմեղ չեն եւ արտաքին յանձնարարութիւններ կը կատարեն: Այդ յանձնարարութեանց շարքին է նաեւ հալածանքը Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ դէմ, երբ եկեղեցին սկսելով Էջմիածնէն կը տարածուի ամբողջ երկրագունդի երեսին:
Հայաստանը պէտք է դառնայ համայն հայութեան հայրենիքը: Փոքրոգութիւնները չեն սատարեր այդ կոչումին:
Այսօր պահն է սառեցնելու այս ներքին հակամարտութիւնները եւ նայելու սահմանէն անդին հարցնելով – Արդեօք վաղը տակաւին տէրը պիտի մնա՞նք այս փոքրացած Հայաստանին …:
«ՊԱՅՔԱՐ»շաբաթաթերթ