Այս օրերուն երբ համաճարակը կլանած է Հայաստանը եւ երբ 44օրեայ պատերազմին վէրքերը այնքան թարմ են ու դառն, ո՛վ սիրտ ունի անկախութեան մասին մտածելու կամ խօսելու: Սակայն, ժողովուրդ մը որ ապրած է կործանումներուն յոռեգոյնը` ցեղասպանութեան աղէտը եւ վերականգնած անկէ ետք, իրաւունք չունի յուսահատելու: Տասըմէկերորդ դարուն Անիի կործանումով եւ Բագրատունեաց իշխանութեան անկումով պահ մը այնպէս թուեցաւ հայոց պետականութիւնը կորսուած էր անվերականգնելի կերպով, սակայն անդին գոյութեան կոչուեցաւ Կիլիկեան թագաւորութիւնը եւ ծաղկեցաւ երեք դար ամբողջ մինչեւ որ ան կործանեցաւ Եգիպտոսի մեմլուքներուն կողմէ 1375 թուին. եւ հայոց արքան` Լեւոն Ե. Լուսինեան գերի տարուեցաւ Եգիպտոս եւ այդ երեւոյթէն աւելի վհատեցուցիչ ճակատագիր մը պատկերացնել չէր կրնար Կիլիկիոյ հայութիւնը:
Եւ ապա, վեց դարու ստրկային ճակատագրէ մը վերջ, Օսմանեան ճնշիչ տիրապետութեան ներքեւ, միջազգային քաղաքականութիւնը ունեցաւ այնպիսի դասաւորում մը որ հայ ժողովուրդը վերստին գտաւ իր պետականութիւնը ամէնէն ծանր պայմաններու տակ. եւ ի զուր չէ որ առաջին հանրապետութեան վերջին վարչապետը իր յուշագրութեան մէջ պիտի նկարագրէր առաջին անկախութեան ծնունդը գրելով ՙՀայ ժողովուրդը լաց էր լինում հիւանդ երախայ աշխարհ բերած մօր նման՚:
Այդպիսին էին պայմանները որ ժողովուրդը հակառակ հպարտանալու եւ հրճուելու անկախութեամբ հռչակումով աւելի «լաց էր լինում», որովհետեւ չէր գիտեր ի՞նչ ընել այդ անկախութեան եւ ինչպէս զայն կարենար պաշտպանել քաղաքական շնագայլերու ախորժակներուն դիմաց:
Ցաւով ու տառապանքներով էր ծնած անկախութիւնը, աւելի` պետականութեան վերականգնումը եւ այդպէս ալ կորսուեցաւ ստորագրելէ ետք Ալեքսանտրապոլի նուաստացուցիչ դաշնագիրը Դեկտեմբեր 2, 1920ին:
Այսուհետեւ Խորհրդային Հայաստանը որ ամէնէն երկարատեւ կեանքը ունեցաւ` հայ ժողովուրդին չպարգեւեց լիակատար ինքնիշխանութիւն սակայն հանդիսացաւ կամուրջը առաջին եւ երրորդ lանրապետութեանց միջեւ եւ առաջինին կառոյցը հասցուց վերջինին:
Այսօր երբ կը նշենք երրորդ հանրապետութեան անկախութիւնը` իրական վիճակը աւելի յուսատու չէ քան էր առաջին հանրապետութեան գոյառման օրերուն:
Այս բոլոր կորուստներով հանդերձ այդ 103 տարիներու ընթացքին հայ ժողովուրդը ունեցաւ փորձառութիւնը պետականութեան եւ սորվեցաւ զայն պահպանելու եւ պաշտպանելու անհրաժեշտութիւնը քաղաքական ահաւոր ալիքներու դիմաց:
Հայ ժողովուրդը շատ թանկ գին վճարեց իր պետականութեան հաշւոյն, սակայն պետականութիւն ունենալու արժէքն ու հպարտութիւնը արդարացուեցան բոլոր տառապանքներու դիմաց:
Ի՞նչ տուաւ հայութեան պետականութեան վերականգնումի փորձառութիւնը վերջին 103 տարիներուն:
Հակառակ որ մղձաւանջային պայմաններուն տակ էր ստեղծուած առաջին հանրապետութիւնը` հայ ժողովուրդը իր կուսակցական կառոյցներով փորձեց ստեղծել արդիական խորհրդարան մը: Սակայն, ներքին հակամարտութիւնները ի վերջոյ յանգեցան մենատիրութեան եւ միակուսակցականութեան հաստատման: Ու ներքնապէս պառակտուած երկիրը արտաքին հզօր ճնշումներու ներքեւ տեղի տուաւ եւ Կարմիր Բանակի Հայաստան մուտքով հասատուեցաւ սովետական իշխանութիւնը Հայաստանի մէջ: Եթէ խորհրդային իշխանութեան հաստատումը երկրին համար նշանակեց ինքնիշխանութեան սահմանափակումը` միւս կողմէ այդ պատմական իրադարձութիւնը եկաւ փրկելու երկիրը անխուսափելի մասնատումէ. որովհետեւ, Ալեքսանտրապոլի դաշնագրով Հայաստանը պիտի վերածուէր թրքական վիլայէթի:
Խորհրդային իշխանութեան հաշուեկշիռը չէ կատարուած տակաւին. մինչեւ այսօր հակասովետական տրամադրութիւնները կը շարունակեն աղօտել պատմական առողջ դատումի մը հնարաւորութիւնները: Քաղաքական կտրուկ ու միակողմանի վճիռները չեն կրնար բնութագրել այն ինչ որ տուաւ ու չտուաւ սովետական իշխանութիւնը: Համայնավար վարչակարգը վատ էր ըսելը բաւարար չէ սահմանելու այդ ժամանակաշրջանը: Այնտեղ նոյնիսկ պէտք է արժեւորել կարգ մը իրողութիւններ, որոնք ընդհանրապէս կարելի է նկատել չարիք, բայց իրականութեան մէջ այդ երեւոյթները հանդիսացան բարիք երկրին համար. որովհետեւ, երկրէն մեկնելու սահմանափակումները առիթ դարձան որ Հայաստանի բնակչութիւնը բազմանայ: Դաշնակցական գործիչ Է. Ակնունի ըսած է` «հայը ամէն տեղ է փնտռում ապաստան, բացի այն վայրից որը կոչւում է Հայաստան»:
Աստանդական կեանքի վարժուած մեր ժողովուրդը ոչ մէկ պայմանի տակ պիտի մնար կառչած հողին, աւելցնելով իր քանակը: Այսպէս, սովետական ամբողջատիրութեան պայմաններու տակ բազմացաւ Հայաստանի բնակչութիւնը. այսինքն` չարիքը դարձաւ բարիք: Մանաւանդ, երբ այսօր կը տեսնենք թէ ինչպէս Հայաստանի բնակիչները կը քուէարկեն իրենց ոտքերով ու կը լքեն երկիրը, աղէտալի կերպով նօսրացնելով Հայաստանի բնակչութիւնը:
Միւս կողմէ հայ ժողովուրդը անգամ մը եւս իր արեան տուրքը վճարեց խորհրդային իշխանութեան` աքսորի եւ բանտերում մէջ կորսնցնելով իր մտաւորական աւագանին, ու Բ. Աշխարհամարտի ընթացքին ալ տալով 300,000 զոհերու ահաւոր քանակ մը:
Մինչ հայոց մշակոյթը, գրականութիւնն ու բանասիրութիւնը, ինչպէս արուեստի միւս ճիւղերը ապրեցան ծաղկումի ոսկեդար մը – մանաւանդ հաստատուեցաւ կրթութեան նախանձելի մակարդակ մը: Հայկական տաղանդը նուաճեց համաշխարհային հորիզոններ:
Մոսկուայի ճնշող կրունկին տակ ոչ միայն ճնշուած էին քաղաքացիներու ազատութիւնները, այլ վերացած էին մանաւանդ իրար բզկտելու «ազատութիւնները». եւ զարմանալի չէ որ շատ մը հայաստանցիներ կարօտաբաղձութեամբ (nostalgia) կը յիշեն սովետի ժամանակաշրջանը:
Այս իրողութիւնները արձանագրելը չի նշանակեր արդարացնել խորհրդային իշխանութեան խժդժութիւնները: Այլ կը նշանակէ հաստատել պատմական իրողութիւններ:
Երրորդ հանրապետութիւնը սկսաւ մեծ յոյսերով սակայն, սկսած է հետզհետէ նմանիլ առաջին հանրապետութեան բեւեռացումին. ներքին պառակտումները երկիրը հասցուցած են աղէտալի հանգրուանի մը. այն աստիճան որ արտաքին ոեւէ ազդակ, կամ 44օրեայ ոեւէ պատերազմ կրնայ երկիրը առաջնորդել առաջին հանրապետութեան ճակատագրին: Եւ այսօր գոյութիւն չունի սովետական իշխանութեան ցանցը որ կարենայ փրկել երկիրը ամբողջական փլուզումէ:
Իշխանութիւն եւ ընդդիմութիւն իրար կ’արժեն: Իշխանաւորները իրենց անփորձութեամբ եւ չարդարացուած յաւակնութիւններով կը սատարեն երկրի պառակտումին. ընդդիմութիւնը, իր կարգին, իր կործանիչ քաղաքականութեամբ կը սատարէ պառակտումին: Ոչ մէկ կողմ մակարդակը ունի բարձրանալու ցածորակ քաղաքականութեան մակարդակէն եւ տեսնելու թէ Ատրպէյճանն ու Թուրքիա արդէն սահմանին են վերջին կործանիչ հարուածը հասցնելու Հայաստանին:
Հայաստանի իշխանութիւնները, որոնք միասնականութիւն կ’ակնկալէին սփիւռքէն, իրենք չեն յաջողած երկրին մէջ ցոյց տալ այդ միասնականութիւնը:
Հայաստանի անկախութեան տարեդարձը հպարտութեան եւ հրճուանքի առիթ մը պէտք էր դառնար: Պէտք էր վերածուէր լաւատեսութեան աղբիւրի, սակայն կը տեսնենք թէ Հայաստանը ինքնամոռաց կը դիմէ դէպի անկում:
Բանաստեղծ Թէքէեան, կոչ ընելով Աստուծոյ պիտի ըսէր.
Թէեւ մոռցան անոնք Քեզ` բայց յիմար հօտը մարդոց
Միմիայն դուն կեցընել կրնաս վիհին ճամբուն վրայ …:
«ՊԱՅՔԱՐ» շաբաթաթերթ