ՆՈՅԵՄԲԵՐ 9-Ի ՃԱԿԱՏԱԳՐԱԿԱՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԳԻՐԸ

Տարի մը առաջ, Նոյեմբեր 9ին վերջ գտաւ 44-օրեայ պատերազմը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ: Այդ թուականէն ի վեր բանակցութիւններն ու վէճերը կը շարունակուին ամրագրելու համար պատերազմին հետեւանքները:

Թուրք եւ ատրպէյճանական կողմը, այս կացութիւնը պատեհ նկատելով, կը ջանայ հայկական կողմէն կորզել աւելին քան կը նպատակադրէր իրականացնել խաղաղ բանակցութիւններով:

Պատերազմին պատրուակը կամ պատճառը հայկական հսկողութեան ներքեւ գտնուող հողերու «ազատագրումն» էր: Ատրպէյճանի համար առաջնահերթը Արցախի շուրջ եօթը շրջաններու ձեռքբերումն էր: Պատերազմի հետեւանքով թուրք-ատրպէյճանական իշխանութեանց փոխանցուեցան ոչ միայն այդ եօթ շրջանները, այլ նաեւ Արցախի տարածքին 75 տոկոսը: Սակայն, այդքանով ալ չբաւարարուած Պաքու եւ Անգարան առաջ կը մղեն Զանգեզուրի միջանցքի խնդիրը՝ անդամահատելու համար Հայաստանի ինքնիշխան հողատարածքը: Միջանցքի խնդիրը չէր իսկ առնչուած արցախեան հարցին հետ, բացի անոր մէկ տեսական քննարկումէն Քի Ուեսթի մէջ, Ռոպէր Քոչարեանի եւ Հայտար Ալիեւի միջեւ:

Թուրքիա եւ Ատրպէյճան ռազմատենչ կողմերը խաղաղասէրի քղամիդը հագած, կոչ կ’ուղղեն խաղաղութեան դարաշրջան մը բանալու Կովկասի մէջ, ու կը մեղադրեն Հայաստանը որ չի պատասխաներ իրենց խաղաղասիրական կոչերուն:

Այստեղ մենք գործ ունինք լրատուամիջոցներու ճակատամարտի մը հետ: Թուրք-ատրպէյճանական կողմին խաղաղասիրական առաջարկը այնքան մահացու է որքան իր մղած պատերազմը: Արդարեւ, Ատրպէյճանը կ’ուզէ անդամահատել Հայաստանը եւ վերջնականօրէն քանդել Արցախը` Միջանցքի ծրագիրը առաջ քշելով եւ պահանջելով Ատրպէյճանի հողային ամբողջականութեան ճանաչումը` քարտէսէն սրբելով Արցախի ինքնորոշման իրաւունքը: Իսկ Թուրքիան, Հայաստանի պարտուած ըլլալու հանգամանքը օգտագործելով կը ջանայ պարտադրել իր սեփական օրակարգը, որ կը միտի վերջնականացնել 1921ի Կարսի Դաշնագրով գծուած Հայաստան-Թուրքիա սահմանը եւ անպարտ հռչակուիլ ցեղասպանութեան պատասխանատուութենէն:

Շատ հաւանաբար այդ բոլոր պարտադրանքները կարելի ըլլային իրականացնել տարի մը առաջ երբ աշխարհ լուռ էր Թուրքիա-Ատրպէյճան նախճիրին նկատմամբ: Սակայն, անցնող տարուան ընթացքին յառաջացան քաղաքական որոշ զարգացումներ որոնք առիթ պիտի ընծայեն Հայաստանին որոշ հակակշիռ ունենալու այդ դէպքերու ընթացքին վրայ:

Նախորդ Նոյեմբեր 9ի եւ Յունուար 11ի համաձայնութեանց հիման վրայ սկսած էր բանակցութեանց բանաձեւ մը, որուն միջոցաւ բանակցութիւններ վարեցին Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի փոխ վարչապետները: Ութը նիստերու ընթացքին անոնք քննարկած են ապաշրջափակման միջոցները համապատասխան երկիրներու միջեւ, ապահովութեան եւ առողջապահական խնդիրներու եւ յանգած են որոշ եզրակացութեանց:

Թէեւ Ատրպէյճան ամբողջովին չէ յարգած Նոյեմբեր 9-ի բոլոր պայմանները` բոլոր գերիներուն դիմաց բոլոր գերիները ազատ արձակելու, իր հսկողութեան տակ պահելով 180էն 200 ռազմագերիներ. միւս կողմէ ականաւորուած տարածքներու քարտէսներ պահանջելով մնացեալ ռազմագերիներու ազատ արձակման դիմաց: Այսուհանդերձ որոշ համաձայնութիւններ իրագործուած կը նկատուին որ Նոյեմբեր 9-ին, կամ անոր մօտակայ մէկ թուականին նոր համաձայնութիւն մը ստորագրելու Մոսկուայի մէջ:

Սակայն, թերահաւատութիւն կայ հասարակութեան մօտ. նոյնպէս, ընդդիմութեան մօտ որ որոշած է Նոյեմբեր 8ին կազմակերպել մեծ հանրահաւաք մը Հանրապետութեան հրապարակին վրայ` մերժելով կնքումը ոեւէ համաձայնութեան: Կասկածներ կան որ որոշ յանձնառութեանց տակ կրնայ մտնել Հայաստանը, հրաժարելով Արցախի հարցի հետապնդումէն, կամ, յանձնառու դառնայ Միջանցքի որոշ տարբերակի մը շուրջ, հակառակ որ վարչապետն ու բանակցող փոխ- վարչապետները պնդելով կը պնդեն թէ Միջանցքի ոեւէ առաջարկ չէ քննարկուած եւ պիտի չքննարկուի:

Նկատի ունենալով որ բանակցային գործընթացի մէջ բաւական երկդիմի դիրք մը որդեգրած է Մոսկուան, որոշ կասկածներ յառաջացան հայկական կողմին մօտ որ Ռուսաստան անհրաժեշտ դիմադրութիւնը ցոյց չէ տուած Ատրպէյճանական Միջանցքի պահանջին. այդ պատճառաւ ալ Ռուսաստանի կառավարութիւնը հանդէս եկաւ որոշ հաւաստումներով որ ապաշրջափակելի ճանապարհները պիտի վերահսկուին համապատասխան երկիրներու կառավարութեանց միջոցաւ:

Օրերս Երեւան այցելեց Ռուսաստանի փոխ վարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուկը, որ պատասխանելով վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի բողոքին որ Ատրպէյճանը Միջանցքի հարցով ապակառուցողական ընթացք մը կը դրսեւորէ` Ռուսաստանի ներկայացուցիչը պատասխանեց. «Այսօր ունենք շատ աւելի լաւ պատկերացումներ, թէ իրականում ինչպիսին է ճանապարհների վիճակը … դրանք առաջին հերթին հիմնւում են նրա վրայ, որ ճանապարհների ինքնավարութիւնը մնում է այն երկիրների իրաւասութեանը, որոնց տարածքով դրանք անցնում են»:

Ռուսաստանի Արտաքին Գործոց նախարարութիւնը, յատուկ յայտարարութեամբ մը, աւելի յստակացուցած է կացութիւնը, ուղղակի արձագանգելով Միջանցքի խնդրին. «Պակաս կարեւոր չէ – յատկապէս, այսպէս կոչուած Զանգեզուրի միջանցքի շուրջ լրատուամիջոցներում շրջանառուող քննարկումների լոյսի ներքոյ – որ եռակողմ աշխատանքային խմբի բոլոր մասնակիցները պայմանաւորուել են, որ բոլոր ապաշրջափակուող եւ նոր ստեղծուող տրանսպորտային երթուղիները գործելու են այն պետութիւնների ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան յարգման հիման վրայ, որոնց տարածքով դրանք անցնում են»:

Պէ՞տք է այսքանը բաւարար նկատել որ Միջանցքի հարցը վերջնականօրէն թաղուած է թէ` կրնայ ան յարութիւն առնել տարբեր տարազով մը. կ’ապրինք ու կը տեսնենք:

Այսպիսի դիրքաւորում մը ինքնին չէ ծնած բնականաբար. այլ Հայաստանի հաշւոյն, կամ անոր միջոցաւ, Արեւմուտքի որոշ ազդանշանները առաջնորդած են այս հանգրուանին:

Այս քաղաքական զարգացումներու ետին իրարու կը հակադրուին երկու ձեւաչափեր, որոնք կը ձգտին սահմանել կովկասեան շրջանի ճակատագիրը: Անոնցմէ առաջինը 3+3 ձեւաչափն է որ կ’առաջադրէ տարածաշրջանի խնդիրները լուծել Ռուսաստանի, Թուրքիոյ եւ Իրանի նախաձեռնութեամբ եւ մասնակցութեամբ Հայաստանի, Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի: Այս տարազին ներքեւ չկայ ոչ մէկ կողմ որ յանձնառու եղած ըլլայ Արցախի օրինավիճակին քննարկման: Բնականօրէն, Ատրպէյճան եւ Թուրքիա դէմ են, Իրան եւ Վրաստան` անտարբեր, չըսելու համար հակադիր:

Վերեւի ձեւաչափը կը ձգտի փոխարինել Մինսքի խումբի ձեւաչափը եւ Արեւմուտքը հեռու պահել Կովկասի հարցերէն:

Ուրեմն, միւս ձեւաչափը Մինսքի խումբի համանախագահներու տարազն է որ տակաւին անլոյծ կը նկատէ Արցախի օրինավիճակի հարցը: Ռուսաստանի համար այդ կենսական հարցը ունի յետաձգելի բնոյթ, մինչեւ այն օրը որ Արցախի ռուսացումը ամբողջանայ:

Այս տարազներու հակամարտութեան մէջ Արեւմուտքը որոշ ազդանշաններ ուղարկեց դէպի Կովկաս, ոչ անպայման Հայաստանի շահերը պաշտպանելու, որքան Հայաստանը լծակ գործածելով` պատգամներ յղելու Ռուսաստանին եւ Թուրքիոյ:

Առաջին ազդանշանը նախագահ Պայտընի կողմէ ճանաչումն էր Հայոց Ցեղասպանութեան: Յաջորդը` Պետական քարտուղարութեան ներկայացուցիչ Էրիքա Օլսընի այցն էր Երեւան, ուր համախմբեց տարածաշրջանի երեք երկիրներու ամերիկեան դեսպանները խորհրդակցութեան համար: Այդ հանդիպումը կրնար փոխադրուած ըլլալ այլ մայրաքաղաք` տարբեր պատգամ մը տարազելու:

Այս ուղղութեամբ այլ նախաձեռնութիւն մըն էր նախագահ Ճօ Պայտընի հրաւէրը Ուաշինկթընի մէջ ժողով մը կայացնելու Դեկտեմբեր 9-10-ին ժողովրդավարութեան տարածման օրակարգով: Այդ ժողովին հրաւիրուած է Հայաստանը իբրեւ ժողովրդավար երկիր եւ բացայայտօրէն դուրս մնացած են Ատրպէյճանն ու Թուրքիան իբրեւ բռնապետական երկիրներ:

Միւս կողմէ Եւրոպական Միութեան խորհրդարանը Հայաստանը ճանչցած է իբրեւ բազմակարծութեան փայլուն օրինակ եւ մեղադրած է Ատրպէյճանը որ խախտած էր այդ Միութեան անդամակցելու սկզբունքը` այսինքն խնդիրները խաղաղ բանակցութիւններով լուծելու սկզբունքը: Այդ պատճառաւ նաեւ հաւանաբար պատժամիջոցներ սահմանուին Պաքուին:

Ի դէպ, Ատրպէյճան խախտած էր նաեւ այլ սկզբունք մը որուն համար չէ արժանացած ոեւէ կշտամբանքի: Ան խախտած է նաեւ Մինսքի խումբին հիմնական  սկզբունքներէն մէկը` նախաձեռնելով պատերազմը:

Այս զարգացումներու լոյսին տակ պէտք է քննել ծերակուտական Մենենտէզի առաջադրանքը կիրարկութեան դնելու Freedom Support Act-ի 907 յօդուածը որ կ’արգիլէ Ամերիկային զինամթերք տրամադրելու Ատրպէյճանին: Այս պահուն տակաւին պարզ չէ թէ ինչքանով կը յաջողի Մենենտէզի նախաձեռնութիւնը, սակայն, ան բարացուցական մէկ արտայայտութիւնն է քաղաքական զարգացումներուն:

Ճակատագրական պայմանագիրի ստորագրութեան նախօրէին` չենք գիտեր որքա՞ն խոհեմ պէտք է նկատել ընդդիմութեան հանրահաւաքը: Մէկ կողմէ գուցէ անհրաժեշտութիւն է ազգային միասնականութիւնը՝ լուրջ յանձնառութեան մը հանգրուանին: Իսկ միւս մեկնաբանութիւնը այն է որ ներքին ընդդիմութիւնը կրնայ դժուարացնել վարչապետ Փաշինեանը բանակցութեան սեղանին, ազդանշան մը տալով ստորագրող միւս կողմերուն, որ յաւելեալ ճնշումի չենթարկեն Երեւանի իշխանութիւնները:

Նոյեմբեր 9ի համաձայնագիրը առաջին քայլն է Կովկասի խնդիրները լուծելու: Տակաւին կը մնան Արցախի հարցին բանակցութիւնները ինչպէս նաեւ շրջանային խաղաղութեան խնդիրներու լուծումը:

Եթէ այս առաջին քայլը պիտի ամրապնդէ ռուս-թրքական տիրապետութիւնը Կովկասի մէջ` Հայաստանը չի կրնար լաւատես ապագայ մը ակնկալել: Միւս կողմէ, եթէ Մինսքի խումբը ունենայ իր տիրապետող ձայնը, ՄԱԿ-ի հովանաւորութեամբ խաղաղապահ ոյժեր բերելու Կովկաս եւ փոխարինելու ռուսերու եւ թուրքերու խոստացած խաղաղութիւնը` Հայաստան կ’ունենայ անկախ գործելու եւ իր ճակատագիրը տնօրինելու հնարաւորութիւնը:

 

«ՊԱՅՔԱՐ» շաբաթաթերթ