ՍՓԻՒՌՔԻ ԻՆՔՆԱՃԱՆԱՉՄԱՆ ՈՒՂԻՆԵՐՈՎ

Հայաստանի անկախութենէն ի վեր կայացած Սփիւռք¬Հայրենիք համաժողովներուն արդիւնքը այն եղաւ որ սփիւռքը մտաւ ինքնաճանաչման ուղիի մէջ` աւելի քան համալրուեցաւ Հայաստանի եւ անոր կարիքներուն հետ: Սփիւռքի բազմադէմ ըլլալուն եւ բազմաբեւեռ բնոյթ ունենալուն մասին բազում տեսութիւններ կ’առաջադրուին, սակայն քիչ անգամ կ’իրականացուին ազգագրական կամ մարդաբանական գիտական աշխատանքներ` հասկնալու համար ճշմարիտ բնոյթը այդ բազմաբեւեռութեան:

Յետոյ` ի՞նչ կը հասկնանք Սփիւռք ըսելով, ո՞ր աշխարհամասին սահմանուած է այդ սփիւռքը: Այդ հասկացողութիւնն ալ կը մնայ առաձգական քանի սփիւռքի զանգուածները կ’ենթարկուին տեղատուութեան եւ ընդարձակման` պատմական ու քաղաքական վերիվայրումներուն հետ:

Արշակ Ալպօյաճեանի եւ Աշոտ Աբրահամեանի հատորները հայ գաղթականութեան պատմութեան մասին կու տան այն հաւաստիքները եւ զարգացումները որոնք բնորոշած են հայ զանգուածներու տեղաշարժները երկրագունդի տարբեր աշխարհամասերուն վրայ, սակայն ոչ անպայման այն տեսութիւնները, որոնցմով կը յառաջանան սփիւռքեան այդ երեւոյթները մնան պատմութեան հոսանքներուն հետ կ’անհետին աշխարհի թատերաբեմէն:

Հայ գաղթականութեան հոսանքը ատենին կը ծաւալէր դէպի Արեւելք` Ջուղայէն մինչեւ Ծայրագոյն Արեւելք: Սակայն Ա. աշխարհամարտէն ետք հայութեան հոսանքը իր պատմական հողերէն փոխադրուեցաւ Միջին Արեւելք եւ Բ. Աշխարհամարտէն ետք ալ’ դէպի Եւրոպա, Ամերիկաներ եւ Աւստրալիա:

Ճակատագրի հեգնանքով հայութիւնը կարողացաւ իր ինքնութիւնը, իր մշակութային առանձնայատկութիւնները աւելի հաստատ ու երկար պահպանել իսլամական աշխարհի մէջ, աւելի քան քրիստոնեայ Արեւմուտքի մէջ, որովհետեւ, առաջինին պարագային մշակութային բախումի մէջ էր իր շրջապատին հետ, իսկ երկրորդ պարագային` աւելի համադրութեան:

Հայաստանի գոյութիւնը իբրեւ մէկ մասնիկը Սովետական Միութեան աւելի կը սահմանափակէր Սփիւռք¬հայրենիք փոխազդեցութիւններու հնարաւորութիւնները. կը յառաջանար այն համոզումը, որ Հայաստանի անկախացումով աւելի պիտի հեշտանար երկու հատուածներու փոխադարձ ներազդեցութիւնը, հզօրացնելով հայրենիքը Սփիւռքով եւ կենսաւորելով Սփիւռքը Հայաստանով, սակայն չիրականացան այդ նախատեսութիւնները պարզ այն պատճառով, որ կազմակերպուած չէին Սփիւռքն ու Հայաստանը: Թէեւ անկախութեան շրջանին յաճախ պարզուեցաւ որ սովետական խնամատարութեան ներքեւ գոյացած Հայաստանը իր գործերը աւելի տնավարի կերպով դասաւորեց – ու կը շարունակէ դասաւորել – քան պատմութեան հոսանքներուն մատնուած Սփիւռքը իր կամաւորական կազմակերպութիւններով:

Հայաստանը իր անկախութենէն ետք երբ կը կարօտէր կազմաւորումի` հնարաւորութիւնը չունէր կառուցային կերպով օգտուելու սփիւռքէն, ու անոր բնական հետեւանքը այն եղաւ որ Սփիւռքը գտնուեցաւ կթան կովի իրավիճակին մէջ:

Սփիւռքահայ Կոմիտէն սովետական շրջանին եւ Սփիւռքի նախարարութիւնը` անկախութեան շրջանին դրական նախաձեռնութիւններ էին փոխադարձ յարաբերութիւնները զարգացնելու իմաստով, սակայն ոեւէ ժամանակ տեսանելի գիտական ուսումնասիրութիւններ չկատարուեցան աւելի իրապաշտ հիմքերու վրայ դնելու այդ յարաբերութիւնները:

Թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք երբ պահ մը Մխիթար Հայրապետեան Սփիւռքի նախարար նշանակուեցաւ, փորձ մը կատարուեցաւ գիտական վերլուծումներով ճանչնալու Սփիւռքը. նոյնիսկ պարտականութիւն յանձնուած էր գիտնականի մը առաջ տանելու այդ աշխատանքը: Չենք գիտեր, թէ պետական ո՞ր գրասենեակներու եւ ո՞ր դարակներուն մէջ անհետացան այդ գիտնականին` Դոկտ. Վահէ Սահակեանին ուսումնասիրութիւնները, երբ կամայականօրէն կրկին ջնջուեցաւ Սփիւռքի նախարարութիւնը` փոխարինուելու համար Սփիւռքի յանձնակատարով, որուն գրասենեակին պատասխանատուն դարձաւ Պրն. Սինան Սինանեանը:

Ահաւոր պատերազմին պատճառով ստեղծուած աղէտալի կացութիւնը Հայաստանի մէջ անհնարին կը դարձնէ ոեւէ արժեւորում, որեւէ պաշտօնի կամ նախարարութեան: Այդ պատճառով ալ արդար պիտի չըլլար Սփիւռքի յանձնակատարի դերին ճշգրիտ գնահատումը այս հանգրուանին եւ վճիռներ արձակել: Սակայն, ողջունելի նախաձեռնութիւն պէտք է նկատել այն ծրագիրը, որ Հայաստանի իշխանութիւնները որոշած են Սփիւռքի հարցերով զբաղող պաշտօնեաներ նշանակել օտար երկիրներու հայկական դեսպանատուներու մէջ: Գաղափարը գնահատելի ըլլալով հանդերձ կը մնայ մէկ հարց – ի՞նչ սկզբունքներով եւ չափանիշներով պիտի ընտրուին այդ պաշտօնեաները: Անկախութեան շրջանի բոլոր իշխանութիւններն ալ ձախաւեր որոշումներ տուին Սփիւռքի հարցերուն մէջ: Անոնք դուրսը համակիրներ կամ թմբկահարներ փնտռեցին ու շքանշաններով փորձեցին հեղինակութիւնը ապահովել այդ թմբկահարներուն, առանց ստուգելու անոնց արժէքն ու Սփիւռքի մէջ վայելած կամ չվայելած հեղինակութիւնը: Եթէ պիտի շարունակուի այդ մտայնութիւնը՝ այս նախաձեռնութիւնն ալ կ’արժանանայ միեւնոյն ճակատագրին:

Պատերազմի շրջանին տապալեցաւ Հայաստանի ամբողջ դիւանագիտական կազմը եւ Հայաստան, որ այսօր տկար է ռազմականօրէն` աւելի եւս պէտք ունի փորձառու դիւանագէտներու, սակայն, ներկայ իշխանութեանց յամառութիւնը երեսուն տարուան փորձ ունեցող դիւանագէտները շրջանցնելու` միայն կը տկարացնէ Հայաստանի դիրքը աշխարհի թատերաբեմին վրայ: Կը յուսանք, որ սփիւռքեան ներկայացուցիչներու նշանակումներն ալ չեն կատարուիր միեւնոյն կարճատեսութեամբ:

Սփիւռք-հայրենիք յարաբերութեանց սահմանափակ յաջողութեանց պատճառը միայն Հայաստանի ղեկավարներուն Սփիւռքը չճանչնալը չէ: Սփիւռքն ալ ունի իր մեղանչումները, որովհետեւ ան ալ իր հերթին չարժեւորեց ինքզինք:

Հայաստանի իշխանութիւնները արդարացի են երբ հարց կու տան, թէ որո՞ւ հետ պէտք է խօսին Սփիւռքի մէջ: Ո՞վ է Սփիւռքի ներկայացուցիչը: Ո՞վ կը յաւակնի ըլլալ Սփիւռքի ղեկավարը, որ ընդառաջէ Հայաստանի հրաւէրին, եւ աւելին` իրաւասութիւն ունենայ յանձնառու դարձնելու Սփիւռքը. յաւակնողները գուցէ ըլլան շատ, արժէքաւորները՝ քիչ:

Սփիւռքներու մէջ ամէնէն օրինակելին կը նկատուի հրէական սփիւռքը: Հրէաները նուազ տարակարծութիւններ ու կռիւներ չունին իրարու մէջ քան հայերը: Սակայն, անոնց բարեսիրական կազմակերպութիւնները, քաղաքական կառոյցները ունին համադաշնակցութիւններ, որոնք կը ներկայացնեն իրենց համապատասխան բնագաւառը եւ հեղինակութիւնն ունին պետութիւններու հետ բանակցելու անկախ իրենց հայրենի պետութենէն:

Սփիւռքը նման կառոյցներ չունի, ոչ Հայաստանի իշխանութիւններու դիմաց եւ ոչ ալ օտար պետութեանց դիմաց: Եւ արդէն հսկայ բացթողում մըն է, որովհետեւ Սփիւռքը իր տաղանդներով, նիւթական կարողութիւններով, ու զանգուածով կրնար – եւ` կրնայ – տարողունակ քաղաքական ոյժի մը վերածուիլ:

Գոյութիւն ունի նաեւ աւելի ողբալի մտայնութիւն մը. Սփիւռքը կը քայքայուի, հին կառոյցները աւելի կը խարխլին, սակայն կարծէք գոհունակութիւն մը կը տիրէ այդ անկումին դիմաց, մանաւանդ երբ մաշող կազմակերպութեանց փոխարէն նորեր չեն յառաջանար:

Աւելի զարմանալին այն է որ Հայաստանէն արտագաղթող զանգուածը արժէքներու եւ տաղանդներու բազմութիւն մը կը ղրկէ արտասահման. այդ արժէքները քիչ անգամ կը համալրուին գոյութիւն ունեցող կառոյցներու մէջ եւ աւելի քիչ անգամ կը կազմակերպուին սփիւռքեան հին օճախներուն օրինակով:

Այդ բոլորին վրայ պէտք է աւելցնել նաեւ եկեղեցին վարկաբեկելու հեղինակաւոր արժէքներ նուաստացնելու հիւանդութիւն մը, որ կը սատարէ Սփիւռքի անկումին:

Հայաստանի վիրաւոր վիճակը պատճառ պէտք չէ հանդիսանայ յոռետեսութեան եւ դասալքումին: Այլ, ընդհակառակն, պէտք է դառնայ խթան մը կազմակերպուելու, նաեւ վերարժեւորելու համար Սփիւռքը եւ ուժական կեցուածքով սատարելու Հայաստանին: Հայաստանի անկումները միշտ աւարտած են վերելքներով:

Սակայն, վերելքները չեն յառաջանար առանց ծրագրումի, կամքի ու տեսիլքի:

 

«ՊԱՅՔԱՐ» շաբաթաթերթ