Իր փոթորկոտ պատմութեան ճանապարհին Հայաստան բազմիցս գտնուած է իր լինելութեան հարցականին առջեւ. ու պատահած է նաեւ որ ան ողջ դուրս չգայ ճակատագրական այդ վիճակներէն: Այդ պատճառաւ ալ կորսնցուցած ենք աշխարհակալութիւն, թագաւորութիւն, անկախութիւն եւ ինքնիշխանութիւն` մեղքը սահմանելով թշնամիներու վիզին: Պէտք չէ մոռնանք որ արտաքին թշնամին քիչ անգամ կրնայ ծունկի բերել մեզ եթէ մենք ու մեր երկիրը, մեր ժողովուրդը միասնական չըլլան:
Թումանեանի կողմէ մշակուած «Թմկաբերդի առումը» ամէնէն պատկերալի մէկ նմոյշն է այդ ներքին փլուզման: Իրենց հերթին մենք պէտք չէ՞ առաջին պատասխանատուները նկատենք Մեծն Տիգրանի որդին, Վեստ Սարգիսն ու Պետրոս Գետադարձ կաթողիկոսը, առաջին պարագային` կայսրութեան փլուզման եւ երկրորդ պարագային Անիի անկումին (1046):
Դեռ կրնանք շարունակել դրուագներ Կիլիկիոյ թագաւորութեան զոհուելուն` Մեմլուքեան արշաւանքին դիմաց (1375), ինչպէս նաեւ մեր առաջին անկախ հանրապետութեան կորուստին (1920):
Այնպէս կը թուի թէ պատմութեան այս նախընթացները բաւարար դաս չեն եղած մեր ժողովուրդին որ այսօր կը դժուարանայ գիտակցիլ թէ իր ընթացքով կրնայ վտանգել նաեւ իր երեսնամեայ վերջին անկախութիւնը: Այնքան փխրուն է այսօր Հայաստանի վիճակը:
Մէկ կողմէ անատակ եւ ամբարտաւան իշխանութիւն մը, միւս կողմէ աննպատակ ու չարանենգ ընդդիմութիւն մը իրենց խօլ ընթացքով կը սատարեն թշնամիին, որ արդէն մեր երկրի սահմանին վրայ է:
Ատրպէյճան 41 քառ. քիլոմեթր տարածք մը գրաւած է Հայաստանի ինքնիշխան սահմաններէն եւ անթաքոյց կը յայտարարէ իր նպատակը Սիւնիքը կիսելով իւրացնելու իր Զանգեզուրեան միջանցքը:
Ռուսաստանի փոխ-վարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուք, վերջերս Հայաստան այցելելով յայտնեց թէ Նոյեմբեր 9ի հրադադարի յայտարարութեան ծիրին մէջ գործող երեք փոխ-վարչապետներու աշխատանքով պիտի իրագործուի ճամբաներու ապաշրջափակումը, եւ բացուող ճամբաներուն եւ հաղորդակցութեան այլ միջոցներուն վերահսկողութիւնը պիտի ենթարկուի համապատասխան երկիրներու հակակշռին:
Կը նշանակէ որ այս որոշումին հաւասարապէս համաձայն է Ատրպէյճանի փոխ-վարչապետը, իր ռուս եւ հայ պաշտօնակիցներուն կողքին:
Միեւնոյն երաշխաւորութիւնը տուաւ նաեւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը, պաշտօնական հաղորդագրութեամբ մը մասնաւորելով Զանգեզուրի միջանցքին հայկական վերահսկողութիւնը:
Այս հաստատումներուն վրայ եկաւ աւելնալու նաեւ Մ. Նահանգներու պետական քարտուղարին` Անթոնի Պլինքընի երաշխաւորութիւնը որ Ատրպէյճան յանձնառու է խաղաղ բանակցութիւններով լուծելու իր խնդիրները դրացի Հայաստանի հետ:
Աշխարհի մեծերու հաւաստիացումներէն ետք հանդէս եկաւ Իրանը, յայտարարելով որ Թեհրանի համար «կարմիր գիծ» կը նկատուի սահմանային ոեւէ փոփոխութիւն հարաւային Կովկասի մէջ: Թեհրան նաեւ ցուցադրական կերպով իր զօրավարները գործուղեց Սիւնիք` ցոյց տալու համար որ ան պատրաստ է իր քաղաքական դիրքաւորումները պաշտպանել նաեւ ռազմական գետնի վրայ:
Այս բոլորով հանդերձ, Պոլսոյ մէջ կայացաւ Թրքալեզու Երկիրներու խորհրդաժողովը, ուր նախագահներ Էրտողան եւ Ալիեւ կրկին յայտարարեցին իրենց վճռակամութիւնը Զանգեզուրի միջանցքը բանալու:
Կը պարզուի, ուրեմն, որ մեծերու հաւաստիացումները խօսքի սահմանէն անդին չեն անցնիր. Թուրքիա եւ Ատրպէյճան մինչեւ այսօր իրագործեցին բոլոր այն նպատակները, զորս հրապարակաւ ծանուցած էին:
Այս բոլոր զարգացումներուն ետին տեղի ունեցան դէպքեր, որոնք աւելի վտանգալից կը դարձնեն կացութիւնը. առաջինը այն էր, որ Թեհրանի վճռակամ կեցուածքը մեղմելու կամ խափանելու համար Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը Մեվլուտ Չավուշօղլու Թեհրան այցելեց եւ արդէն յայտարարութիւն հրապարակուեցաւ որ երկու երկիրները յանգած են որոշ համաձայնութեան. մօտ օրէն կը սպասուի նախագահ Էրտողանի այցը Թեհրան` վերջնականացնելու համար այդ համաձայնութիւնները:
Իրան, որ կքելու մօտ էր Արեւմուտքի տնտեսական պատժամիջոցներու ներքեւ` յուսատու նոր հորիզոնի մը առջեւ գտաւ ինքզինք երբ նախագահ Պայտընի վարչակազմը զայն հրաւիրեց վերստին բանակցելու հիւլէական զէնքի շուրջ, որուն դիմաց պիտի մեղմացուին այդ պատժամիջոցները: Նախագահ Էրտողանի այցը առնչուած է այս զարգացումներուն հետ, թուլացող պատժամիջոցներէն օգտուելով տնտեսական պայմանագիրներ կնքելու Իրանի հետ:
Շահերու այս համադրումին մէջ զարմանալի պիտի չըլլայ Իրանի վճռական դիրքին մեղմացումը «միջանցքի» խնդրին մէջ:
Ի դէպ, պէտք է նշել որ Իրան եւ Ռուսաստան շահակիցներ ըլլալով հանդերձ Սուրիոյ մէջ, կը մնան մրցակիցներ Հարաւային Կովկասի մէջ, յատկապէս բացուելիք մայրուղիներու եւ ոյժանիւթի հարթակներուն վրայ:
Միւս տարօրինակ զարգացումը այն է որ Թրքալեզու Երկիրներու համաժողովին մասնակցող երկիրներէն ոմանք (Ղրղզիստան եւ Իւզպեքիստան) նաեւ անդամ են Ռուսիոյ գլխաւորած Հաւաքական Ապահովութեան Ուխտին եւ ուղղակի ռազմական դաշնակիցները կը նկատուին Հայաստանի: Այսուհանդերձ, Հայաստանի այս «դաշնակից»ներուն ներկայացուցիչները Պոլսոյ ժողովին պաշտօնապէս շնորհաւորած են Ատրպէյճանը՝ Նոյեմբեր 9ի տարեդարձին` «Հայաստանի դէմ անոր տարած յաղթանակին առիթով»:
Այս օրերուն Հաւաքական Ապահովութեան Ուխտին նախագահութիւնը կը վարէ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարը: Այդ Ուխտը իր տարեկան նիստերը կայացուց Երեւանի մէջ, ուր ոչ մէկ կողմ ակնարկութիւն ըրաւ Ատրպէյճանի կատարած արիւնալի ոտնձգութիւններուն մասին:
Տեսականօրէն Ռուսաստան երկու տարբեր պայմանագիրներու յանձնառու եղած է պաշտպանելու Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը. ա` Հաւաքական Պաշտպանութեան Ուխտով եւ բ` Կիւմրիի 102 ռազմախարիսխի համաձայնութեամբ:
Քրեմլին 44օրեայ պատերազմի օրերուն իր անգործութիւնը արդարացնել փորձեց յայտարարելով որ ինք յանձնառու է պաշտպանելու Հայաստանի տարածքը եւ ոչ` Արցախի: Ներկայիս, Մայիս 12էն ի վեր Ատրպէյճանի բանակը գրաւած է Սեւ լիճի շրջանը եւ կը շարունակէ սահմանային խախտումները, սակայն մեր անուանական դաշնակիցը տարածքներու այդ գրաւումները կը նկատէ «սահմանային վէճեր» եւ իբրեւ լուծում կ’առաջարկէ իր միջնորդութիւնը` այդ խնդիրները լուծելու:
Ռուսաստանի այս դասալքութեան ի տես, զարմանալի չէ որ Երեւանի իշխանութեանց շատ մը կողմնակիցներ կ’առաջարկեն այլընտրանքային միջոցներ` փրկելու համար կացութիւնը:
44օրեայ պատերազմով հայկական կողմը կորսնցուց Արցախի տարածքին 75 տոկոսը եւ այսօր վտանգի տակ է կորսնցնելու իր մայր հողին տարածքները, սակայն, Ռուսաստան այդ պատերազմով շահեցաւ իրաւունքը` Ատրպէյճանի հողին վրայ վերադարձնելու իր ռազմական ոյժը` խաղաղապահութեան պատրուակով: Կը պարզուի որ այդ խաղաղապահութիւնը Մոսկուայի համար ինքնանպատակ է, աւելի քան հայ բնակչութիւնը պաշտպանելու առաքելութիւնը:
Որքան ալ զայրացուցիչ ըլլայ Մոսկուայի այս կեցուածքը հայկական կողմին համար, ռուսերը իրենց հաշիւներուն մէջ արդարացուցած կը նկատեն զայն, որովհետեւ չեն կրնար Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի նկատմամբ վճռական դիրք բանեցնել, որովհետեւ, Անգարայի խորհուրդով Ալիեւ տակաւին չէ ստորագրած ռուսական խաղաղապահ ոյժերուն կեցութեան լիազօրութիւնը իր հողին վրայ եւ օրինաւորապէս իրաւունքն ունի դուրս հրաւիրելու այդ խաղաղապահ զօրքերը իր հողամասէն:
Նախագահ Ալիեւ կը փորձէ փաստեր իրականացնել Հայաստանի հողին վրայ, ռազմական բախումներ սարքելով եւ հողային գրաւումներ կատարելով: Ան կը յայտարարէ որ Հայաստան պարտուած ու ջախջախուած երկիր մըն է. պէտք է անդրադառնայ այդ իրականութեան եւ այդ հարթակէն բանակցի մեզի հետ եւ կնքէ ստորնացուցիչ խաղաղութեան պայմանագիր մը: Այս վերաբերումը գործի վերածելով մաքսային անցակէտեր հաստատեց Գորիս-Կապան 21 քլմ. Ճամբուն վրայ: Հայաստան փութաց այլնտրանքային ճամբայ մը բանալ. – յաջորդ սադրանքը փակելն էր ճակատէն – Կապան ճանապարհին` շրջանի համայնքներուն համար 10 վայրկեանի ճամբորդութիւնը վերածելով երեք ժամուան տառապալից ուղեւորութեան մը: Մինչ այդ կը շարունակուին սահմանային զինեալ բախումները: Նոյեմբեր 16ի բախումին հայկական կողմը մեծ զոհերով հանդերձ ցուցաբերեց ազդու հակադարձութիւն մը` կանխելով աւելի լուրջ մագլցումներ:
Ի՞նչ կը հետապնդէ Ատրպէյճան այսպիսի վտանգաւոր արարքներով: Ճիշդ է թէ 44օրեայ պատերազմով Հայաստան ունեցաւ ճակատագրական եւ ծանր կորուստներ, սակայն, Ատրպէյճանն ալ, իր կարգին, չյաջողեցաւ իրականացնել իր նպատակները: Ան կը մերժէր հանդուրժել հայկական ոյժերու ներկայութիւնը իր սահմաններէն ներս. այսօր հարկադրուած է երկու օտար ոյժերու ներկայութիւնը ընդունելու` Արցախի պաշտպանութեան բանակին` Ստեփանակերտի մէջ եւ ռուս խաղաղապահներուն: Միւս կողմէ ոչ մէկ ատրպէյճանցի քաղաքացի յաջողած է բնակութիւն հաստատել «ազատագրուած» Շուշիի մէջ: Այս բոլորը ատրպէյճանցի զանգուածներուն մօտ սրած են հակառուսական տրամադրութիւնները:
Կովկասի տարածքի չափերով` դէպքերը կը զարգանան ընդդէմ Ատրպէյճանի շահերուն. Թուրքիա, Արեւմուտքի հետ յարաբերութեանց սրումով եւ տնտեսական տագնապի հեռանկարով ի վիճակի չէ երկրորդ պատերազմ մը հրահրելու Ատրպէյճանի միջոցաւ, մանաւանդ որ, ուրիշ շահառու կողմեր հանդէս եկած են Կովկասի մէջ` Իրանէն մինչեւ Հնդկաստան եւ Եւրոպական Միութիւն:
Թուրքիա-Ատրպէյճան զոյգի քաղաքականութիւնը կը հակադրուի Մինսքի խումբի համանախագահներու քաղաքականութեան: Առաջինը կը յաւակնի լուծած ըլլալ Արցախի իրավիճակի խնդիրը ոյժի գործածութեամբ, մինչ Մինսքի խումբը կը պնդէ թէ բանակցութեանց օրակարգի յաջորդ օրակարգը Արցախի ինքնորոշման խնդրին լուծումն է: Եւ Մինսքի խումբը սկսած է վերջապէս շարժիլ:
Ահա այս հեռանկարներուն դիմաց է որ Ատրպէյճան կը փորձէր աճապարանօք մնայուն կացութիւններ սառեցնել:
Հայաստան երկու հիմնական ընելիքներ ունի այս զարգացումներուն դիմաց. առաջինը` ներքին. պէտք է նկատի ունենալ որ ճակատագրական պատերազմի մը դիմաց կը գտնուի երկիրը եւ կազմել ազգային փրկութեան կառավարութիւն մը` համախմբելով բոլոր ոյժերը, անխտիր: Երկրորդը` այլընտրանքային դաշնակիցներ գտնելն է, քանի մեր ռազմագիտական դաշնակիցը կը զլանայ անհրաժեշտ քաղաքականութեամբ ու զէնքերով պաշտպանելու Հայաստանը, փոխարէնը խոստանալով խնդիրը լուծել սահմանազատումով ու սահմանագծումով, իր միջնորդութեամբ, կացութիւնը պահելով իր մականին տակ:
Այլապէս դժուար չէ կռահել թէ լինելութեան այս խաչմերուկը ո՛ւր կրնայ առաջնորդել Հայաստանը:
«ՊԱՅՔԱՐ» շաբաթաթերթ