Իտալական «Քալչիօ Մերքաթ» լրատուականին համաձայն, Միլան քաղաքի հսկաներ Ինթեր Միլան եւ Ա. Սէ Միլան հետաքրքրուած են Ռոմայի եւ Հայաստանի ֆութպոլի հաւաքականի միջնապահ Հենրիկ Մխիթարեանի ծառայութիւններով:
Մխիթարեանի պայմանագրութիւնը Իտալիոյ մայրաքաղաքի ակումբին հետ մայիսին կ’աւարտի:
Ժոզէ Մորինիօ Ռոմայի գլխաւոր մարզիչի պարտականութիւնը ստանձնելէ ետք Մխիթարեանի ելոյթները կրճատուեցան Ռոմայի շապիկով: Բացառուած է, որ ան Յունուար ամսուան «Ձմեռնային» փոխանցումներուն ընթացքին հեռանայ Ռոմայէն: Ռուսական երեք խումբեր` Մոսկուայի Սպարտակը, ԲԿՄԱ-ն եւ Ս. Փեթերսպուրկի Զենիթը նոյնպէս կը հետապնդեն Մխիթարեանի ստորագրութիւնը: