Հարցումը ճիշդ տեղին է, երբ կը զգանք թէ մեր երկիրը եւ ժողովուրդը կը դիմաւորեն, կարծէք, վախճանական հանգրուան մը: Տարազը օրացոյցային ժամանակի մասին չէ, այլ պատմական ծանր դէպքերով բեռնաւորուած ժամանակաշրջանի մը մասին:
Ժամանակի իմաստով` տարին կը վերջանայ աղէտալի զարգացումներու շարանով մը եւ կը սկսի օրացոյցային տարի մը` դարձեալ անորոշութեան մշուշներով: Միայն ազգային մտահոգութիւններէ հեռու ապրող հայ անհատներն են որոնք կրնան հոգեկան խաղաղութեան մէջ դիմաւորել նոր տարին:
Ճիշդ է թէ մեր պատմութիւնը խճճուած է բարդ կացութիւններով եւ հիւսուած է արիւնով, սակայն, այսօրուան անորոշութիւններն ու տատանումներն ալ նուազ մտահոգիչ չեն:
Երեսուն տարիներ առաջ կարծեցինք տիրացած ըլլալ անկախ հայրենիքի մը. սակայն, երեսուն տարի վերջ տակաւին կը տուայտինք պետականութիւն կերտելու փորձութիւններով ու փորձանքներով:
Որքա՜ն աղէտ կար որ չպատահեցաւ այս անկախ կարծուած հայրենիքի գլխուն – երկրաշարժ, պատերազմ, կայսրութեան փլուզում, Ապրիլեան քառօրեայ եւ վերջապէս 44օրեայ պատերազմ: Այս բոլորը` երեք տասնամեակի խիտ ժամանակամիջոցի մը ընթացքին:
Ինչպէ՞ս կարելի է մեղադրել հիներն ու նորերը որ չկրցան կերտել բնականոն պետականութիւն, երբ քաոսն էր իրենց ժառանգած իրականութիւնը:
Վերականգնիլ չկարենալու այս տագնապը մեր ազգին հասցուած պատուհասին հետեւանքն է: Ոչ միայն կորսնցուցինք ազգին երկու երրորդ զանգուածն ու պատմական հայրենիքի հողը այլ` կորսնցուցինք ապագան: Սպաննեցին նաեւ դեռ չծնածն ալ, ինչպէս կը բնութագրէր Շահնուր:
Թուրքին պատճառած պատուհասը միայն այդ արեան հեղումը չէր, այլ` հարուածը անգամ մըն ալ պետութիւն չկարենալ կերտելու: Այսօր մեր երկրին տագնապին տուայտանքը կը պայմանաւորուի մեր ազգին պարտադրուած ժառանգութեամբ, «փոշի ազգ» ըլլալու ճակատագիրով:
Ամանորի սեմին մեր հայրենիքին եւ մեր ժողովուրդին դիմաց կը պարզուի մեր դարաւոր թշնամիին դիմաց նստելու հարկադրանքը, պատմութենէն ողորմութիւն հայցելու նման իրավիճակ մը: Ո՞վ պիտի խօսի թուրքին հետ որ խնայէ մեր ազգին, մեր հայրենիքին մեր ապագային: Ֆրանսայի նախագահական թեկնածու Էրիք Զամմուրի բնորոշումով մեր հայրենիքը իսլամական ովկիանոսի մը մէջ խեղդուած քրիստոնէական կղզի մըն է: Իսկ Ֆրանսայի այժմու նախագահն ալ Էմմանուէլ Մաքրոն միեւնոյն հոգածութեամբ կը յայտարարէ թէ «Ֆրանսա անպաշտպան պիտի չթողու Հայաստանը»: Ի պատասխան այս հոգածութեան՝ մեր ժողովուրդը պիտի դիմադարձէ Ֆրանսային. «Այդ հոգածութիւնը պէտք է ցուցաբերած ըլլայիք երբ դաւադրաբար Կիլիկիան յանձնեցիք քեմալականներուն` գայլերու բերանը թողելով մեր ժողովուրդ»:
Իսկապէս ալ, երբ կը դիտենք Հայաստանի շուրջ` մեր հայրենիքը բարեկամներ չունի, փաստօրէն ան դատապարտուած է այդ ովկիանոսի ալեկոծումներու քմայքին:
Երբ սելճուքեան հորթաները Միջին Ասիայէն կը խուժէին դէպի Արեւմուտք՝ մեր հայրենիքը այդ հոսանքի ճամբուն վրան էր: Եկան եւ 11րդ դարուն կոխկրտեցին եւ անցան Անիի վրայով, ի վերջոյ հասնելու եւ կործանելու համար Կոստանդնուպոլիսը: Մեր երեք դարու Կիլիկիան թագաւորութիւնն ալ կեր դարձաւ մեմլուքներուն:
Այսօրուան հոսանքը Փոքր Ասիայէն սկսելով կը վերադառնայ դէպի Միջին Ասիա, նախագահ Էրտողանի թուրանական կայսրութեան կերպարանքով եւ մեր հայրենիքը դարձեալ կը գտնուի այդ հակահոսանքին ճամբուն վրայ` գուցէ ճակատագրի միեւնոյն հեռանկարով:
Մեր փոքրիկ երկրին գլխուն պարտադրուած է անորոշութիւնը: Թուրքիա եւ Ատրպէյճան բզկտեցին Արցախը եւ այսօր ալ իրենց ախորժակները սրած են մասնատելու Հայաստանի հողատարածքը, որովհետեւ, Հայաստանը եւ յատկապէս Սիւնիքը արգելակներ են թուրանի ճամբուն վրայ: Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ բանակցութեան առիթը նոյնքան փորձանաւոր է որքան պատերազմը: Արդէն պատերազմի շարունակական սպառնալիքը պատճառ հանդիսացած է մէկ միլիոնէ աւելի Հայաստանի քաղաքացիներու արտագաղթին: Եւ այս շարժումը ի՞նչ է եթէ ոչ ցեղասպանութեան շարունակութիւնը:
Բազում սպառնալիքներէ յետոյ երբ Թուրքիա կը յօժարի բանակցութեան նստելու Հայաստանի հետ, սահմանները բանալու հեռանկարով` ատիկա անպայման նախագահ Էրտողանի բարեսրտութեան հետեւանքով չէ:
Թուրքիա փորձեց ծաւալիլ` իր ռազմական ոյժին ապաւինելով. այդ ռազմական ոյժը արդարացուած էր Էրտողանի իրագործած տնտեսական յաջողութիւններով: Սակայն, այսօր սկսած է Թուրքիոյ տնտեսութիւնը կաղալ ու մասնագէտներ դիտել կու տան թէ այդ երկրին ծաւալապաշտական նկրտումները յանգած են անելի:
Նախ Էրտողանի անկախ քաղաքականութիւնը զայրացուցած էր իր ռազմական դաշնակիցները եւ յատկապէս Ամերիկան:
Կ’ըսուի թէ նախագահ Պայտըն անցեալ Օգոստոսին, Հռոմի մէջ, յորդորած է նախագահ Էրտողանը` բարելաւելու իր յարաբերութիւնները Հայաստանի հետ: Այդ կապակցութեամբ Ամերիկան նոյնպէս խոստացած է սատարել Թուրքիոյ փլուզուող տնտեսութեան:
Ամերիկեան այս նախաձեռնութիւնը, բնականօրէն դրական պատեհութիւն մը կու տայ Հայաստանին շրջափակումէ ձերբազատուելու: Սակայն, նոյն ատեն հնարաւորութիւնը կու տայ Թուրքիոյ իր տնտեսութիւնը բարելաւելու: Հետեւաբար հայ-թուրքական բանակցութեանց բարօր ելքը նոյնքան նշանակալից է Թուրքիոյ համար, որքան Հայաստանին: Ուրեմն առանց նախապայմաններու բանակցութեանց սեղանին նստիլը իմաստ մը չունի: Ընդհակառակն, այսօր է պայմաններ դնելու ժամանակը:
Պէտք է տեսնել նաեւ այս պատկերին հակառակ երեսը. Թուրքիա Հայաստանի հետ բանակցելով պիտի օգտուի ամերիկեան օժանդակութենէն եւ բարելաւէ իր տնտեսութիւնը. այդ պարագային` ի՞նչ երաշխիքներ կան որ տնտեսապէս վերականգնուած Թուրքիա մը պիտի չվերադառնայ իր ռազմատենչ նախկին դիրքերուն, մանաւանդ որ նախագահ Էրտողանի ցանկութիւնը միայն Թուրքիան հզօրացնել չէ այսօր այլ 2023ին Թուրքիոյ հանրապետութեան հարիւրամեակին վերականգնած ըլլալ իր թուրանական կայսրութիւնը: Բոլոր տուեալները ցոյց կու տան որ Էրտողան քաղաքական ու պետական մարդ ըլլալու հասկնալի ցանկութիւններէն անդին` կը սնուցանէ Մեսիայի մը յաւակնութիւնները: Իրմով կ’ուզէ յարուցանել Սուլթան Սուլէյմանն ու Աթաթիւրքը եւ անձնաւորել այդ երկուքին փառքը:
Եւ այդ փառասիրութիւններու ճամբուն վրայ է մեր հայրենիքը, Հայաստանը: Այնտեղ է նաեւ բզկտուած Արցախը` աւելի եւս բզկտուելու վախով ու հեռանկարով:
Տխուր խոհեր ու մեկնաբանութիւններ են այս բոլորը Ամանորի սեմին, սակայն աւելի լաւ է Նոր Տարին դիմաւորել իրապաշտ հաշուարկումներով քան անիրատես ցանկութիւններով:
Բարին ընդ մեզ:
«ՊԱՅՔԱՐ» շաբաթաթերթ