Միջինք: Որքան յուսադրիչ է որ, երբեմնի մեր աւանդութիւնները, ընթացք կը գտնեն, արմատէն խլուած մեր գաղութներու հայկական հաստատութիւններէն ներս:
Բուն Բարեկենդանէն մինչեւ Ս. Զատիկ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ եկեղեցին արեւագալներով, հսկումն է դէպի երկինք բարձրացող շարականներով, Ս. Յարութեան մօտալուտ տօնը կ’աւետէ.
Թէքէեան Մշակ. Միութիւնը երկար տարիներու իր մշակութային բազմատեսակ միջոցառումներէն անկախ, ընկերային ձեռնարկներու կարգին ճանաչում գտած է հանրութեան , քառասնօրեայ պահքի միջինքի ձեռնարկով:
Ուրբաթ երեկոներու աշխուժ գործունէութիւնը կը շարունակուի, շնորհիւ ձեռներէց վարչութեան աշխատանքին: Սակայն 25 Մարտի Ուրբաթ երեկոն տարբեր երեւոյթ ստացած էր: Սրահը առինքնող եւ հիւրընկալներ: Առաջին հերթին զգալի էր սեղաններու ճաշակաւոր յարդարումը իսկ միջինքի երկար սեղանը լեցուած էր բազմատեսակ համեղ ճաշերով:
Հակառակ տակաւին յամեցող որոշ պայմաններուն Թէքէեանի աշխուժ տիկինները ջանք չէին խնայած իրենց լաւագոյնը պատրաստելով ներկայացնելու:
Յարգելով ներկայ պայմանները, մեծ թիւով ներկաները կանոնաւոր շարքով իրենց ճաշերը առին, ապա հիւրասիրուեցան սուրճով, անուշեղէններով եւ պտուղներով:
Դալար մնան ձեռքերը, մեր ազնիւ տիկիններուն որոնք իրենց դրական օժանդակութիւնը կը բերեն Թէքէեան Մշակ. Միութեան ազգային եւ մշակութային առաքելութեան:
Միջինքի այս գեղեցիկ երեկոն շարունակուեցաւ բարեկամական ջերմ մթնոլորտի մէջ, մինչեւ գիշերուան ուշ ժամերը:
Մեծապէս գնահատելի են բոլոր մասնակիցները մասնաւորաբար այս ձեռնարկը գլխաւորող Տիկին Անի Թորիկեանը, որ տարիներու փորձառութեամբ կազմակերպչական կարողութեամբ եւ ճաշակով. իր յաջող լրումին հասցուց միջինքի երեկոն:
Վարձքը կատար բոլորին.
Բարով հասնինք Ս. Զատիկին:
Վ. Պալեան