ԹՈՒՐՔ ԱԶԳԱՅՆԱԿԱՆՆԵՐԸ ԿՈՉ Կ’ՈՒՂՂԵՆ ԱԳՆ-ԻՆ ԿԱՆԽԵԼՈՒ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ ԿՐԹԱԿԱՆ ՕՐԷՆՔԻ ԸՆԴՈՒՆՈՒՄԸ

Թրքական Aydınlık ազգայնական կայքի սիւնակագիր Ճէյհան Մումճուն կոչ ուղղած է Թուրքիոյ ԱԳՆ-ին՝ քայլեր ձեռնարկելու ԱՄՆ-ի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին օրինագիծի ընդունման դէմ։ Անոր խօսքին համաձայն, կրթական ծրագիրին մէջ 1915-ի Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան ընդգրկումը չափազանց վտանգաւոր քայլ է, եւ Թուրքիոյ ԱԳՆ-ը պէտք է անյապաղօրէն միջոցներ ձեռնարկէ այս օրէնքի ընդունումը կանխելու համար։ «ԱԳՆ-ը պէտք է արագ պատասխանէ: Որովհետեւ պարզ է, որ կրթական ծրագիրի համար տարատեսակ գիրքեր պիտի դրուին շրջանառութեան մէջ: Յետոյ այդ, այսպէս կոչուած, գիտական գիրքերը պիտի վաճառուին ԱՄՆ-ի Քոնկրէսի գրադարանին մէջ: Մրցանակներ պիտի ստանան, չէ՞ որ շրջանառութեան մէջ դրուած է: Կը կարծեմ՝ սա լուրջ պատրաստութիւն է: Պէտք է միջոցներ ձեռնարկուին անոր դէմ», գրած է Մումճուն: Յիշեցնենք, որ ԱՄՆ Քոնկրէսը ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ, իսկ ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտըն անցեալ տարի ապրիլքսանչորսեան ելոյթին արտասանած է «Հայոց Ցեղասպանութեան» եզրոյթը: