Պատիւս արժանաւորաց՝ Պրն. Պերճ Գոգորեան Տարուան Անձնաւորութիւնը

Խթման տօնակատարութիւն Թէքէեան Տան մէջ

Քրիստոսի յարութեան տօնը մարդկութիւնը կը յուսադրէ, այս հանգրուանին վերապրելու եւ գարնանային պայծառ արեւով վերածաղկելու գաղափարին:

Այս առումով Խթման երեկոյին Թէքէեան Մշակ. Միութեան տունն զգեցած էր բոլորովին նոր երեւոյթ մը շնորհիւ Մեղրի Գույումճեանի արհեստավարժ աշխատանքով պատրաստած, օրուան տօնին պատշաճ առինքնող յարդարանքին:

Վարչութեան ժրաջան փոխ ատենապետուհին՝ Ցոլինէ Մուղալեան, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան եւ Թէքէեան Մշակ. Միութեան վարչութեան անունով բարի գալուստի ջերմ խօսքերով ողջունեց ներկաները եւ շնորհաւորեց բոլոր Յարութիւն անունը ունեցող հիւրերը:

Գեղեցիկ յարդարումով սեղաններու շուրջ բոլորը հաւաքուած ընտանիքներու ուրախ զրոյցներուն յաջորդեցին, Վիվիկին կողմէ պատրաստուած ճոխ աղանդերները, ապա համեղ աւանդական ձկնեղէնները:

Առանց յապաղումի Dj. Anto-ի խանդավառ նուագով եւ հայկական թէ օտար պարեղանակներով, երիտասարդներու պարերը ընթացք առին եւ պարահարթակը անընդհատ լեցուն մնաց մինչեւ գիշերուան ուշ ժամերը:

Դադար մը տալով խրախճանքին խօսք առաւ Վարչութեան հաւատաւոր անդամներէն պրն. Յարութիւն Գույումճեան:

«Սիրելի ներկաներ,

Յուսամ լաւ ժամանակ կանցնէք, միայն մի քանի վայրկեանի համար ձեր ուշադրութիւնը կը խնդրեմ, շատ կարեւոր յայտարարութեան մը համար.

Տարիներով սովորութիւն դարձած է Մոնթրէալի Թէքէեան Մշակ. Միութեան համար, ամէն տարի այս օրը Խթման գիշերուան տօնախմբութեան ատեն պարգեւատրել անձ մը զայն անուանելով «տարուան անձնաւորութիւնը» փոքր յուշատախտակ գնահատագիրով մը: Այս տարի բախտը կ’ունենանք երկու տարի բացակայութենէ ետք, կրկին շարունակելու մեր սովորոյթը.

– Ծանրակշիռ եւ հաստատ քայլերով, միշտ կը մտնէ Թէքէեան կրնամ ըսել ամէն օր, միշտ ծրար մը թեւին տակ.

– Ծայր աստիճան համեստ – մտահոգ եմ հիմա որ իր համեստութիւնը կը վիրաւորեմ.

– Եղած է պատանեկութենէն ազգային գործերու նուիրուած անձ, վարած է Թ. Մ. Միութեան ատենապետի պատասխանատու պաշտօնը.

– «ԱՊԱԳԱՅ» շաբաթաթերթի գլխաւոր սիւն.

– Տարիներէ ի վեր մեր տարեգիրքի պատրաստութիւնը մինակը ուսերուն վրայ առած է:

– Խորհրդատու բոլոր վարչութիւններու. յաջողելու քաղցր գաղտնիքը լման իւրացուցած, կ’ուղղէ ու կը նաւարկէ ձեռնարկները իրենց յաջողութեան հասցնելու:

«Տարուան անձնաւորութիւն» անուններու ցուցակը երկար էր այս տարի եւ արժանիքները շատ, – ըսաւ պրն. Գույումճեան,-  բայց ժողովը միաձայնութեամբ ընտրեց Վերոյիշեալ արժանիքներով օժտուած պրն. Պերճ Գոգորեանը»:

Ներկաներու յոտնկայս ծափահարութիւններով յանձնուեցաւ «գնահատագիր յուշատախտակ»ը, ծաղկեփունջով մը պատուեցաւ տիկին Մարի Գոգորեան:

Պրն. Գոգորեան, իւրայատուկ համակրելի ոճով, շնորհակալութիւն յայտնեց եւ քաջալերեց գործունեայ վարչութեան տարած լուրջ աշխատանքը:

Շարունակուեցաւ խրախճանքը, իսկական տօնախմբութեան մը վայելքը ըմբոշխնեցին ներկաները:

Բախտաւորներ ստացան արժէքաւոր նուէրներ, յատկացուած Վիգէն Խորասանճեանէն, Մայքըլ Ամբարձումեանէն եւ Ճոն Պոյաճեանէն, որուն արուեստի գործերը եւս ցուցադրուեցան:

Այս առիթով կը շնորհաւորենք ներհուն բանաստեղծ «Ապագայ» շաբաթաթերթի հարցազրոյցներու վարիչ, ընթերցողներու կողմէ իր գրութիւններով փնտռուած պրն. Պերճ Գոգորեանը:

Հայ ազգային եւ մշակութային կեանքը վառ պահող Ռ.Ա.Կուսակցութեան եւ Թէքէեան Մշակ. Միութեան վարչութիւններուն, կը մաղթենք յարատեւ կորով իրենց նուիրական առաքելութեան մէջ:

Վ. Պալեան